Հայաստան բաւական աշխոյժ շաբաթ մը անցուցած կ՚երեւի, քանի որ յստակացաւ Նախարարաց խորհուրդը եւ վարչապետ Փաշինեան ալ թափ տուաւ օտարերկրեայ իր շփումներուն։ Ինչպէս նախապէս ալ նշած ենք Հայաստանի կառավարութիւնը անցեալի 17 նախարարութիւններու փոխարէն այժմ ունի 12 նախարարութիւններ։ Հինգ նախարարութիւններու ստանձնած ծառայութիւնները բաժնուեցան առկայ 12 նախարարութիւններուն։ Թէեւ այս գործընթացքը որոշ մտահոգութիւններ պատճառեց մանաւանդ Սփիւռքի նախարարութեան վերացումով։ Սփիւռքի մէջ շատեր այս նոր նախարարութիւնը կը դիտէին, իբրեւ իրենց խնդիրներու լուծման համար գործող ծառայութիւն մը։ Սակայն անցեալին Սփիւռքի նախարարութիւնը օրակարգի եկաւ գայթակղութեան պնդումներով, որու հետեւանքով նժարի վրայ դրուեցաւ անոր նպաստն ու վնասը։
Բացի երկրէ ներս այս վերիվայրումներուն վարչապետը մեկնեցաւ նաեւ Տաւոս, ուր կը գումարուէր Համաշխարհային տնտեսական ֆորումը։
Ան այս առթիւ զուիցերիաբնակ հայ գործատէրերու կարգադրութեամբ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն գործակատար շրջանակներուն հետ։ Այս հանդիպման ընթացքին Փաշինեան զուիցերիացի գործի մարդկանց առաջարկեց Հայաստան ներդրումներ ընել եւ այսպէսով օգտուիլ երկրի ընդձեռած շահերէն։ «Եկէք շահեցէք ու շահեցուցէք» ըսաւ վարչապետը։
Փաշինեան այս հանդիպումներու աւարտին յայտնեց, թէ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ եղած են եւ մանրամասնութիւններ պարզեց իր ունեցած շփումներու մասին։ Յատկապէս արդիւնաւէտ էր Փաշինեանի հայ գործակատար, հանրածանօթ «Ֆրանք Միւլլեր» ժամացոյցներու ընկերութեան սեփականատէր Վարդան Սըրմաքեշի հետ ունեցած հանդիպումը։ Վարչապետը յայտնեց, թէ հողագործութեան կողքին մշակած են նաեւ տարբեր բնոյթի միատեղ ձեռնարկներու հնարաւորութիւնները։
Նիւթ եղած է նաեւ «Հին Երեւան» նախագիծը, որ իր մէջ կ՚ընդգրկէ նաեւ մշակութային ժառանգի յատկութիւն ունեցող պատմական շինութիւններու պահպանումը։
Տաւոսի 49-րդ համաշխարհային տնտեսական ֆորումը անակնկալ հետեւանք մը եւս ունեցաւ, քանի որ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ անակնկալ հանդիպում մը ունեցան իրար հետ, ուր տեղի ունեցաւ կարծիքի փոխանակումներ Ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման շրջագծով։ Մօտաւորապէս 1,5 ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Փաշինեան յայտնեց թէ նախապէս չծրագրուած հանդիպում տեղի ունեցած է երկու ղեկավարներու միջեւ։ Փաշինեան եւ Ալիեւ վերջին վեց ամիսներու ընթացքին երրորդ անգամ է, որ կը մէկտեղուին եւ կը քննարկեն տարածաշրջանի յատուկ խնդիրները։ Առաջին հանդիպումը կայացած էր 2018-ի Սեպտեմբերին Թաճիքիստանի մայրաքաղաք Տուշամպէյի մէջ եւ ապա անոնք կրկին հանդիպեցան այս անգամ նիւթ ունենալով սահմանային տարածքներու վրայ լարուածութեան վերջ տալու խնդիրը։ Իսկ երրորդ հանդիպումը կը վերաբերէր ռազմագերիներու փոխանակման խնդրին։ Յայտարարութեան աւարտին նշուած է, թէ այս հանդիպումներէն նոր ու յստակ որոշումներ չեն գոյացած։