Ոչ եւս է Այշէն Կրուտա

Թրքա­կան շար­ժանկա­րի սի­րուած արո­ւես­տա­գիտու­հի Այ­շէն Կրու­տա ոչ եւս է։ Կրու­տա ար­դէն մի­ջոցէ մը ի վեր կը դար­մա­նուէր հի­ւան­դա­նոցի մէջ եւ մերթ ընդ մերթ լու­րեր կը շրջէին իր մա­հուան մա­սին։ Սա­կայն այս ան­գամ իր դար­մա­նուած հի­ւան­դա­նոցէն պաշ­տօ­նապէս յայ­տա­րարո­ւեցաւ մա­հուան լու­րը։ Կրու­տա բա­ցի շար­ժանկա­րի մէջ իր մարմնա­ւորած կեր­պարնե­րէն հե­ռուստա­ցոյ­ցի սե­րիալ­նե­րու մէջ եւս ստանձնած էր եր­գի­ծական դե­րեր եւ այդպէ­սով հա­մակ­րանքը կը վա­յելէր հան­դի­սատե­սերու շատ լայն զան­գո­ւածի մը։

Այ­շէն Կրու­տա ծնած էր 1944-ին Իս­թանպուլ, Եշիլ­գիւղի մէջ։ Հայ­րը կ՚աշ­խա­տակ­ցէր եր­կա­թու­ղիի ըն­կե­րու­թեան մէջ։ Կրու­տա­յի եր­գի­ծան­քի նկատ­մամբ հա­կումնե­րը յայտնո­ւեցան դեռ պա­տանու­թեան տա­րինե­րուն, երբ ան տան մէջ կը կապ­կէր իրենց հա­րեւան­նե­րու նիստ ու կա­ցը։ Ապա կի­սատ թո­ղուց ու­սումը եւ ուղղո­ւեցաւ դէ­պի թա­տերա­կան աշ­խարհ Բազ­մա­թիւ դե­րեր ստանձնեց զա­նազան յա­տուկ թատ­րոննե­րէ ներս։ Ամուսնա­ցած էր ինքն ալ թա­տերա­կան աշ­խարհէն Եըլ­մազ Կրու­տա­յի հետ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ