Քանդուած յիշողութիւնը վերակերտելու փորձեր

Երբ քաղաքի մը բնակ­չու­թիւ­­նը ըն­­­դա­­­­­­­մէնը մէկ սե­­­րունդի տե­­­ւողու­­­թեան մէջ տաս­­­նա­­­­­­­պատիկ կը բազ­­­մա­­­­­­­նայ, ինքնա­­­բերա­­­բար կը ծա­­­գի յի­­­շողու­­­թեան խնդիր մը։ Այ­­­լեւս տո­­­ւեալ քա­­­ղաքի փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րը, հրա­­­պարակ­­­նե­­­­­­­րը կամ թա­­­ղամա­­­սերը այն աս­­­տի­­­­­­­ճան կեր­­­պա­­­­­­­րանա­­­փոխո­­­ւած են, որ մարդ կը դժո­­­ւարա­­­նայ իր ապ­­­րած քա­­­ղաքը ճանչնա­­­լու։ Իս­­­թանպուլ այս տե­­­սակի քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու շար­­­քէն է, հե­­­տեւա­­­բար այժմ թափ ստա­­­ցած է քա­­­ղաքի յի­­­շողու­­­թեան վե­­­րակեր­­­տումը։ Վեր­­­ջերս ճիշդ ալ այդ սահ­­­մա­­­­­­­նու­­­մին հա­­­մապա­­­տաս­­­խան գիրք մը հրա­­­տարա­­­կուե­­­ցաւ Ասե­­­նա Կիւ­­­նա­­­­­­­լի եւ Մու­­­րատ Չե­­­լիք­­­քա­­­­­­­նի հա­­­մատեղ աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւնով։ Այս առ­­­թիւ «Ակօս»ի աշ­­­խա­­­­­­­տակից Իշ­­­խան Էր­­­տինչ հար­­­ցազրոյց մը ու­­­նե­­­­­­­ցաւ գիր­­­քի հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րուն հետ, որ­­­մէ ու­­­շագրաւ հա­­­տուած­­­նե­­­­­­­րը թարգմա­­­նաբար կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նենք հա­­­յերէն էջե­­­րու ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րուն։

Նախ Ասե­­­նա Կիւ­­­նալ կու տայ հե­­­տաքրքրա­­­կան բա­­­ցատ­­­րութիւններ նման աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թեան մը ծնունդ տո­­­ւող գոր­­­ծընթա­­­ցի մա­­­սին։ Ան կը պատ­­­մէ թէ այս աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թեան ներշնչու­­­մը գո­­­յացած է հա­­­մահե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րու ամե­­­րիկեան աշ­­­խա­­­­­­­տանո­­­ցի մը մաս­­­նակցու­­­թեան մի­­­ջոցին։

«Գո­­­լոմ­­­պիա հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի մէջ մեր մաս­­­նակցած ծրագ­­­րի շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րով այ­­­ցե­­­­­­­լեցինք Հար­­­լեմ թա­­­ղամա­­­սը։ Թա­­­ղը ու­­­նէր իր ու­­­րոյն պատ­­­մութիւ­­­նը։ Բազ­­­մա­­­­­­­թիւ քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչներ տո­­­ւած այդ թա­­­ղին մէջ իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր ան­­­կիւնա­­­դարձ իր կար­­­գին դէպ­­­քի մը, պա­­­տահա­­­րի մը առանձնա­­­յատ­­­կութիւ­­­նը կը յու­­­շէր։ Այդ ժա­­­մանակ ար­­­դէն մտադ­­­րե­­­­­­­ցինք նման մեր­­­ձե­­­­­­­ցու­­­մով Պո­­­լիսը ու­­­սումնա­­­սիրե­­­լու մա­­­սին։ Սա­­­կայն ապ­­­րե­­­­­­­ցանք կարգ մը ձա­­­խողու­­­թիւններ, որոնք ու­­­շա­­­­­­­ցու­­­ցին գիր­­­քին պատ­­­րաստու­­­թիւնը։ Օրի­­­նակի հա­­­մար Օս­­­ման Քա­­­ւալա­­­յի ձեր­­­բա­­­­­­­կալու­­­թե­­­­­­­նէն ետք «Անա­­­տոլու Քիւլթիւր»է ներս իմ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի ժա­­­մերը ար­­­տա­­­­­­­կար­­­գօ­­­­­­­րէն եր­­­կա­­­­­­­րեցան։ Այդ ըն­­­թացքին Մու­­­րատ Չե­­­լիք­­­քան ալ բան­­­տարկո­­­ւեցաւ»։

Այս պա­­­հուն Մու­­­րատ Չե­­­լիք­­­քան վրայ կը բե­­­րէ, թէ նա­­­խապէս ծրագ­­­րած էին գիր­­­քի աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւնը ու­­­թը ամիս­­­նե­­­­­­­րու ըն­­­թացքին աւար­­­տե­­­­­­­լու մա­­­սին, բայց ապա այդ ժա­­­մանա­­­կը եր­­­կա­­­­­­­րեցաւ եւ հա­­­զիւ հի­­­մա կա­­­րելի եղաւ գիր­­­քը հրա­­­տարա­­­կել։

Իրա­­­կանու­­­թեան մէջ այսքան ըն­­­դարձակ քա­­­ղաք մը եթէ նկա­­­տի ու­­­նիք ստի­­­պուած էք ձեր ու­­­սումնա­­­սիրե­­­լու տա­­­րածքն ալ որոշ սահ­­­մա­­­­­­­նու­­­մի մէջ պա­­­հել։ Այսպէս անոնք նիւթ առած են քա­­­ղաքի Թաք­­­սի­­­­­­­մի հրա­­­պարա­­­կէն մին­­­չեւ Ղա­­­լաթիա եր­­­կա­­­­­­­րող հա­­­տուա­­­ծը եւ ու­­­սումնա­­­սիրած են այդ հա­­­տուա­­­ծի մէջ մնա­­­ցած պատ­­­մա­­­­­­­կան շէն­­­քե­­­­­­­րու ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնը։

Անոնք նախ դի­­­մած են ար­­­խի­­­­­­­ւային աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին, որու հե­­­տեւան­­­քով յայտնա­­­բերած են բազ­­­մա­­­­­­­թիւ տո­­­ւեալ­­­ներ։ Իրենց զար­­­մանք պատ­­­ճա­­­­­­­ռելու աս­­­տի­­­­­­­ճան ճոխ տո­­­ւեալ­­­ներ յայտնա­­­բերո­­­ւած են բա­­­ցի շէն­­­քե­­­­­­­րու պատ­­­մութե­­­նէն նաեւ այդ շէն­­­քե­­­­­­­րու եր­­­բեմնի բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րու բե­­­րու­­­մով եւս։ «Բազ­­­մա­­­­­­­թիւ յի­­­շատակ­­­ներ եւ վկա­­­յու­­­թիւններ սկսան թռչիլ մեր գլխուն վե­­­րեւ» կը պատ­­­մեն հա­­­մահե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րը։

Նոր ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րու դրու­­­թիւննե­­­րը կը պար­­­գե­­­­­­­ւեն նաեւ նոր հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւններ։ Այսպէս Չե­­­լիք­­­քան եւ Կիւ­­­նալ պատ­­­րաստած են նաեւ հա­­­մացան­­­ցա­­­­­­­յին ու­­­ղե­­­­­­­ցոյց մը, որու հե­­­տեւե­­­լով կա­­­րելի է շատ աւե­­­լի շօ­­­շափե­­­լի տե­­­ղեկու­­­թիւննե­­­րու հաս­­­նիլ։

Մու­­­րատ Չե­­­լիք­­­քան կ՚աւելցնէ կա­­­րեւոր ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւններ։ Կը բնու­­­թագրէ ժա­­­մանա­­­կի յատ­­­կութիւ­­­նը եւս։ «Յու­­­շարձան­­­նե­­­­­­­րու եւ թան­­­գա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու առու­­­մով Ի. դա­­­րու երկրորդ կէ­­­սը կը զու­­­գա­­­­­­­դիպի ազ­­­գի գա­­­ղափա­­­րախօ­­­սու­­­թեան վե­­­րակազ­­­մութեան շրջա­­­նին։ Յատ­­­կա­­­­­­­պէս Բ. հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին պա­­­տերազ­­­մէն ետք վայ­­­րե­­­­­­­րը յա­­­ւելեալ իմաստ կը ստա­­­նան տու­­­ժածնե­­­րու պատ­­­մութիւննե­­­րով։ Այս երե­­­ւոյ­­­թին կա­­­րելի է հան­­­դի­­­­­­­պիլ մեծ վե­­­րիվայ­­­րումներ ապ­­­րած բո­­­լոր եր­­­կիրնե­­­րու մէջ։ Եր­­­կիրներ՝ ուր ան­­­ցում կա­­­տարուած է բռնա­­­կալու­­­թե­­­­­­­նէն դէ­­­պի ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թիւն։ Նմա­­­նապէս պա­­­տերազ­­­մի թո­­­հու­­­բո­­­­­­­հէն դէ­­­պի հա­­­մեմա­­­տաբար խա­­­ղաղ ժա­­­մանակ­­­ներ։ Այդ օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը կը տես­­­նենք Չի­­­լիի, Ար­­­կենդի­­­նայի կամ Ռու­­­սաստա­­­նի մէջ։ եր­­­բեմնի տան­­­ջանքի կեդ­­­րոննե­­­րը կամ ող­­­ջա­­­­­­­կիզ­­­ման ճամ­­­բարնե­­­րը, բան­­­տե­­­­­­­րը այս նոր շրջան­­­նե­­­­­­­րուն բո­­­լորո­­­վին տար­­­բեր նշա­­­նակու­­­թիւն եւ իմաստ կրնան ստա­­­նալ։ Թուրքիա եւս այս առու­­­մով հա­­­րուստ պատ­­­մութիւն մը ու­­­նի, բայց որով­­­հե­­­­­­­տեւ զա­­­նազան նիւ­­­թե­­­­­­­րու մէջ ան­­­ցեալին հետ իրա­­­ւացի առե­­­րեսում մը չէ կա­­­տարո­­­ւած կը դժո­­­ւարա­­­նայ նաեւ, այդ յի­­­շողու­­­թեան վայ­­­րե­­­­­­­րու պաշ­­­տօ­­­­­­­նապէս յայ­­­տա­­­­­­­րարո­­­ւելու գոր­­­ծին մէջ ։ Օրի­­­նակի հա­­­մար Կա­­­լաթա­­­սարա­­­յի հրա­­­պարա­­­կին վրայ Շա­­­բաթօ­­­րեայ Մայ­­­րե­­­­­­­րու ցոյ­­­ցե­­­­­­­րը շատ վառ վկա­­­յու­­­թիւններ են եւ ներ­­­կա­­­­­­­յիս դեռ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի բռնու­­­թեան դէմ պայ­­­քա­­­­­­­րը»։

Իշ­­­խան Էր­­­տինչ հարց կ՚ուղղէ վե­­­րանո­­­րոգ­­­ման աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րու պատ­­­մա­­­­­­­կան յի­­­շողու­­­թեան վրայ ու­­­նե­­­­­­­ցած ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թեան մա­­­սին։ Այս ան­­­գամ Ասե­­­նա Կիւ­­­նալ կը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ նշե­­­լով, թէ յա­­­րաբե­­­րական է այդ ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւնը։ Կարգ մը վայ­­­րեր բո­­­լորո­­­վին տար­­­բեր բնոյթ կրնան ու­­­նե­­­­­­­նալ, իսկ ու­­­րիշներ ալ ամ­­­բողջո­­­վին տար­­­բեր։ Հե­­­տեւեալ կե­­­րպով կը բա­­­ցատ­­­րէ այդ տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւնը. «Երբ գիր­­­քի մէջ կը խօ­­­սինք «Էմեք» կի­­­նօ- թատ­­­րո­­­­­­­նի մա­­­սին հոն միայն շար­­­ժանկա­­­րի սրա­­­հի մը պահ­­­պանման պայ­­­քա­­­­­­­րը չէ, այլ քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րու դէմ գոր­­­ծադրո­­­ւած խտրա­­­կանու­­­թիւննե­­­րուն ալ հետ­­­քերն են որ կը յայտնո­­­ւին քու դի­­­մաց։ Այդ կա­­­լուա­­­ծը Ու­­­նե­­­­­­­ւորու­­­թեան տուրքի մի­­­ջոցաւ յափշտա­­­կուած է իր քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ սե­­­փակա­­­նատէ­­­րերու ձեռ­­­քէն։ Այ­­­սինքն այս տե­­­սակի հնու­­­թիւն դար­­­ձած շէն­­­քե­­­­­­­րու ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնը մեզ կ՚առաջ­­­նորդէ խաւ առ խաւ նոր յայտնա­­­բերումնե­­­րու։ Այսպէս «Նար­­­մա­­­­­­­նլը Խան»ը, «Էմեք» կի­­­նօ- թատ­­­րո­­­­­­­նը «Աթա­­­թուրք»ի մշա­­­կոյ­­­թի կեդ­­­րո­­­­­­­նը, պէտք է ան­­­ջա­­­­­­­տօրէն ու­­­սումնա­­­սիրել։ Այստեղ կը տես­­­նենք, թէ այդ վայ­­­րե­­­­­­­րէն օգ­­­տո­­­­­­­ւող մար­­­դիկ, երբ նիւ­­­թը կը վե­­­րաբե­­­րի տո­­­ւեալ վայ­­­րե­­­­­­­րու վե­­­րանո­­­րոգ­­­ման կամ վե­­­րաշի­­­նու­­­թեան ոչ մէկ ձայն կ՚ու­­­նե­­­­­­­նան։ Խնդի­­­րը նաեւ ու­­­նի քա­­­ղաքա­­­կան ծալ­­­քեր։ Օրի­­­նակի հա­­­մար հա­­­սարա­­­կական յի­­­շողու­­­թեան առու­­­մով որե­­­ւէ նշա­­­նակու­­­թիւն չու­­­նե­­­­­­­ցող զօ­­­րանո­­­ցը Թաք­­­սի­­­­­­­մի այ­­­գիի մէջ վե­­­րակեր­­­տել, անոր փո­­­խարէն շատ վառ յի­­­շողու­­­թիւններ պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կող «Էմեք» կի­­­նօ- թատ­­­րո­­­­­­­նը անխնայ կեր­­­պով ոչնչաց­­­նե­­­­­­­լը, ան­­­շուշտ որ ետին ու­­­նի քա­­­ղաքա­­­կան շատ կա­­­րեւոր նշա­­­նակու­­­թիւններ։ Թաք­­­սի­­­­­­­մի հրա­­­պարա­­­կը զա­­­նազան ազ­­­դակնե­­­րով շատ կա­­­րեւոր յի­­­շատակ­­­ման վայր մըն է, բայց իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը ու­­­րախ պի­­­տի ըլ­­­լայ այդ յի­­­շողու­­­թիւնը մո­­­ռացու­­­թեան տա­­­լով»։

Գիր­­­քին մէջ նշո­­­ւած է նաեւ «Սե­­­պատ» շէն­­­քը, որուն դրան առ­­­ջեւ սպան­­­նո­­­­­­­ւած էր «Ակօս»ի հիմ­­­նա­­­­­­­դիր Հրանդ Տինք։ Այդ շէն­­­քը այժմ ի՞նչ կը նշա­­­նակէ Թուրքիոյ մէջ։ Մար­­­դիկ ի՞նչ պէտք է յի­­­շեն «Սե­­­պատ» շէն­­­քը տես­­­նե­­­­­­­լով։ Իշ­­­խան Էր­­­տի­­­­­­­չի այս հար­­­ցումին Մու­­­րատ Չե­­­լիք­­­քան կը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ յի­­­շողու­­­թեան վայ­­­րի վե­­­րաբե­­­րեալ իր ակնկա­­­լու­­­թիւննե­­­րը եւ յոյ­­­սե­­­­­­­րը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նե­­­­­­­լով։ «Կը յու­­­սամ թէ Թուրքիոյ մէջ «յի­­­շողու­­­թեան վայր» հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թեան լաւ օրի­­­նակ մը պի­­­տի գո­­­յանայ։ այս յոյ­­­սը ու­­­նիմ, որով­­­հե­­­­­­­տեւ տե­­­ղեակ եմ տա­­­րուած տքնա­­­ջան ու բծախնդիր աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թեան։ Տա­­­սը տա­­­րի անց Հրանդ Տին­­­քի անու­­­նը աւե­­­լի նո­­­ւազ ծա­­­նօթ պի­­­տի ըլ­­­լայ նոր սե­­­րունդի երի­­­տասարդնե­­­րուն հա­­­մար։ Բայց այս վայ­­­րը լա­­­ւագոյնս պի­­­տի կրնայ ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նել անոր միտ­­­քե­­­­­­­րը, ըրած­­­նե­­­­­­­րը եւ ար­­­ժէ­­­­­­­քը այս երկրի բո­­­լոր բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րուն հաշ­­­ւոյն»։

Իսկ գա­­­լով այս աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թեան ըն­­­թացքին ո՞ր վայ­­­րե­­­­­­­րու, ի՞նչ նշա­­­նակու­­­թիւն ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նե­­­­­­­լու մա­­­սին հար­­­ցումին հա­­­մանա­­­խագահ­­­նե­­­­­­­րը տար­­­բեր օրի­­­նակ­­­ներ կը նշեն։ Ասե­­­նա Կի­­­ւնալի հա­­­մար ամե­­­նաիմաս­­­տա­­­­­­­լիցն է «Սալթ Կա­­­լաթա»ն, որն է եր­­­բեմնի Օս­­­մա­­­­­­­նեան դրա­­­մատու­­­նը, կամ պատ­­­մութեան մէջ աւե­­­լի շեշ­­­տո­­­­­­­ւած անո­­­ւանու­­­մով «Պանք Օթո­­­ման»ը։ «Այդ պա­­­հուն մե­­­զի հետ էին հա­­­յաս­­­տանցի մաս­­­նա­­­­­­­կից­­­ներ, որոնք նշե­­­ցին այդ շէն­­­քի պատ­­­մա­­­­­­­կան կա­­­րեւո­­­րու­­­թիւնը։ Մա­­­նաւանդ անոնցմէ մէ­­­կը եր­­­գեց «Պանք Օթո­­­ման»ի գրաւ­­­ման նիւ­­­թով յօ­­­րինո­­­ւած եր­­­գը։ Ին­­­ծի հա­­­մար բո­­­լորո­­­վին նոր յայտնու­­­թիւն մըն էր եւ շատ տպա­­­ւորո­­­ւած էի»։

Իսկ Մու­­­րատ Չե­­­լիք­­­քան աւե­­­լի տպա­­­ւորո­­­ւած է Սա­­­նասա­­­րեան Խա­­­նի շրջա­­­գայու­­­թե­­­­­­­նէն։ «Ահա­­­ւասիկ այդ խա­­­նի պատ­­­մութիւ­­­նը շերտ առ շերտ տար­­­բեր նշա­­­նակու­­­թիւններ կը պար­­­զէ մեր դի­­­մաց։ Շէն­­­քի պատ­­­մութիւ­­­նը կը հաս­­­նի մին­­­չեւ 1915։ Ի՞նչ եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րով գրա­­­ւուած է, ի՞նչ մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րով սե­­­փակա­­­նու­­­թիւնը փո­­­խան­­­ցուած է պե­­­տու­­­թեան, ինչպէ՞ս վե­­­րածո­­­ւած է ոս­­­տի­­­­­­­կանա­­­կան տան­­­ջանքնե­­­րու գոր­­­ծադրո­­­ւած տխրահռչակ վայ­­­րի մը, այս բո­­­լորը պատ­­­մութեան մէջ պատ­­­մութեան բնոյթ կը կրէին եւ խիստ տպա­­­ւորիչ»։

Գիր­­­քի հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան աջակ­­­ցութիւն բե­­­րած է Հեն­­­րիհ Պէօլլ միու­­­թիւնը։ Մօտ օրէն կ՚ակնկա­­­լուի թէ գիր­­­քը վա­­­ճառ­­­քի կը դրո­­­ւի գրա­խանութնե­րու մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ