ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԴՈՒՌ Բ.

Սիրոյ նախաբանը

Անցեալ շաբաթ ձեզի պատմեր էի, թէ ինչպէ՛ս աշակերտական փոքրիկ խումբով, վաղ առաւօտեան զով ժամերուն Անի պանդոկէն ելեր էինք դուրս՝ լուսանկարելու համար Երեւանի գեղաքանդակ դռները։ Աբովեան, Մաշտոց, Արամ եւ Սայաթ-Նովա պողոտաներուն կազմած քառակուսիին մէջ երբ ամէն անգամ Լարինը կամ Փաթիլը լուսանկարեր էին դուռ մը, լայն բացուեր էր նաեւ «դուռ» միավանկի պատմութիւնը։ Յարգելի ընթերցող, ներեցէ՛ք, եթէ այդ յօդուածը ձեզի կարծել տուաւ, թէ հայոց «դուռ»ը բացուած է միայն բարութիւններու առջեւ։ Դժբախտաբար, մեր հիւրասէր բառէն ներս սպրդած են նաեւ չարամտութիւններ եւ ողբերգութիւններ։ Հետեւեալը, «դուռ» բառի թէ՚ դառն, եւ թէ՝ քաղցր ոդիսականն է՝ հայ քնարերգակներու եւ երգահաններու կողմէ աւանդուած...։

Աբովեանի վրայ երեխաները լուսանկարեցին սովետական շրջանի բազմաբնակարանի մը դրան բարաւորը։ Այդ հարթաքանդակի վրայ պատկերուած էին հաստաբազուկ բանուորներ։ Հիմա քայլերը կ՚ուղղենք դէպի Սայաթ-Նովայի խաչմերուկը։ Կը մտնենք Ս. Կաթողիկէ մատուռ-եկեղեցւոյ բակը։ Կը նստինք սօսիներու շուքին տակ ու կը դիտենք այդ գեղեցկուհին։ Համեստ եւ պարզունակ է անոր դուռը։ Կը բացուի արեւածագին ու կը փակուի մայրամուտին։ Աշակերտները չեն լուսանկարեր։ Ամէն մէկը իր մտածումներու մէջ կ՚ամփոփուի։ Նոյնը ըրած էր, կը մտաբերեմ, Վահան Տէրեանը։ Դառնացած բանաստեղծը իր խոհերուն մէջ «դուռ» բառով նկարագրած էր անյոյս սէրը. «Խենթ հեկեկանքով դռներն եմ թակում...», «Քո փակ դռները անվերջ ու անվերջ...»։ Համօ Սահեանը բախտաւոր էր- ան միշտ բաց կը գտնէր իր մօր դուռը. «...Ես կը գամ, դուռդ կը բանաս, կ՚ընդունես մոլորուած որդուդ»։ Իսկ պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին, որ չափի եւ կշռոյթի մարդ էր, կը սարսափէր դուռ-դրացիներէն. «Մեռնիլ անգամ չկա՜յ անժամ անհաշիւ- վերջը- խորհէ՛- դուռ դրացի ի՞նչ կ՚ըսեն…»։

- Երեխաներ, հայերէնը երկու հատ շատ պատկերալից դարձուածք ունի «դուռ»ով շինուած- «անդուռ ջաղաց» եւ «բաց դուռ բերան»։ Անպէտք, չարախօս եւ զազրախօս մարդոց համար կը գործածուին անոնք, ինչպէս Թումանեանի քառեակ մը կը հաստատէ.

Օ՜, ցած խօսքերով անդուռն բերանի

Մի՛ յիշէք, մի՛, այն սուրբ անունը,

Դուք, որ չգիտէք փառքն Հայաստանի,

Որ չէք ճանաչում նրա զօրութիւնը...

Պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի դռնէն յաճախ ո՞վ կը մտնէր։ Կիկօ՛ն, անշուշտ. «Դուռը բացի որ Կիկօն էր – հրամմէ ըսի – նստեցանք...»։ Ապա նոյն դուռը դարձաւ բաժանումի սահմանագիծ. «Գնաց - դրան մէկ կողմն ես - դրան միւս կողմն ինք-»։ «Սուրբ Մեսրոպ» քերթուածին մէջ, կը հաւատա՞ք, հեղինա՛կը, Սիամանթօն «դուռ» դարձաւ. «Ես՝ սահմանափակ պատուհան եւ փակեալ դուռ»։ Իսկ երբ ան ուզեց Վռամշապուհ, Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց եռեակը փառաբանել՝ կրկին յարմար գտաւ «դուռ» բառը. «Արարատեան արշալոյսին, դպրութեանց դուռը մեզ բացին…»։ Սիամանթօն հեղինակն էր նաեւ «հոգեկան կեանքին դուռներ», «մահուան դուռներ», «փրկութեան դուռներ» եւ «դուռը բախտին» արտայայտութիւններու։ Նոյն բառով ալ նկարագրեց հայ սովամահը, որ ծանօթին եւ անծանօթին դուռը կը զարնէր. «Ուրուականներու պէս կը դեգերին... թշնամիին եւ բարեկամին եւ բարեպաշտին դուռները բախելէն յուսակտուր…»։ Հարստահարութիւններու, աւար եւ թալանի օրերը նկարագրեց նաեւ Յովհաննէս Գրիգորեանը։ «Հայ ժողովուրդի պատմութեան համառօտ ձեռնարկ՝ անհրաժեշտ հետեւութիւններով» քերթուածը դասագիրքի մը յստակութեամբ կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս օտար տիրակալներ կը կեղեքէին հայ ժողովուրդը։ Այդ աղիողորմ եւ սրտաճմլիկ բանաստեղծութեան մէջ յիշուած է նաեւ հայուն դուռը՝ յափշտակուած եւ դատարկուած վանքերու, պալատներու եւ ապարանքներու վերջին մասունքը.

«Իսկ յետոյ դռները տարան՝

ծխնիներից տեղահան անելով»։

- Աշակերտներ, «ծխնիներից տեղահան» եղած այդ դռներէն մէկն է Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի երկփեղկեայ դուռը։

- Պարոն, Պատմութեան թանգարանի մէջ մեր տեսա՛ծը, հապա՞։

- Հրաշքով փրկուած մէկ այլ գլուխ-գործոց է ան՝ Մշոյ Սուրբ Առաքելոց վանքի դուռը։ Անոր քոյրը, Սուրբ Կարապետի դուռը՝ Մշոյ դաշտի բարեպաշտ ժողովուրդի եւ ուխտաւորներու առջեւ 703 տարի բացուած այդ հիւրասէր գեղեցկուհին, այժմ սեփական փակ հաւաքածոյի մը մէջ փակուած է։ Անզուգական փայտափորագրութիւն... Ունի ծաղկազարդ հիւսուածքներ, երկու հրեշտակ, թռչուններ, կենդանիներ, առաքեալները, աւետարանիչները, եօթը սուրբերը, Յիսուսի մկրտութեան տեսարանը, Սուրբ Պետրոսը՝ բանալին ձեռքին եւ Սուրբ Պօղոսը՝ սուրով։

- Պարոն, այդ դուռը աչքիս առջեւ կը տեսնեմ, կ՚ըսէ Փաթիլը։ Ան այսօր մեր լուսանկարած բոլոր դռներու բարեմասնութիւններուն հաւաքումն է։

- Իրաւունք ունիս։ Ըստ արուեստաբանի մը, ան միջնադարեան հայկական կիրառական արուեստի ամենագեղեցիկ նմոյշն է։ Բայց յիշէ՛, Յովհաննէս Գրիգորեանը, որ «ծխնիներից հանուած դուռ» տխրատեսիլ պատկերը ստեղծեր էր, իր պատմութիւնը վերջացուց յոյսով...

- Չէ՞ որ, մենք կը հաւատանք, թէ եթէ դուռ մը գոցուի, Աստուած մեր առջեւ նորերը կը բանայ...

- Այո, այդպէս, եւ բանաստեղծը շարունակեց. «…Եղել են նաեւ ուրիշ օրեր՝ բաց են եղել դռները երկնքի, մանանայ է իջել թանձր ու խիտ, քաղցր մեղրի նման»։ Այդ օրերուն, օրիորդիկ, բառը դարձեր է նաեւ ուրախ երգ ու բացուեր են սրտերը.

Եարիմօ, եարիմօ,

Մեր դուռ, ձեր դուռ եանայ-եանայ,

Եարիմօ, եարիմօ,

Պաչիկ մը տուր, չեմ դիմանայ։

«Դուռ» բառը, համեստ եւ ծառայասէր միավանկ, դարձաւ նաեւ գիրքի անուն ու բացաւ մեր լեզուի դռները... «Դուռն քերականութեան», 1727, «Դուռն քերականութեան հայկազնեան լեզուի», 1833, «Դուռն քերականութեան ի պէտս աշակերտաց Մարդասիրական ճեմարանին», 1842... Իսկ, այսօր հպարտացէ՛ք, թէ հայը բացած է հայրենի գեղեցկագոյն պարտէզի շղթայուած դուռը։ Այդ հերոսամարտն ալ անշուշտ պիտի ունենար իր քնարական հատորը. «Դուռն Արցախայ», բանաստեղծութիւններու ժողովածու մը՝ լոյս տեսած 1990 թուականին։

Ս. Կաթողիկէի դռնէն կը մտնէ մայր մը իր աղջկանով, դուրս կ՚ելլէ սեւազգեստ մամիկ մը... Աշակերտները կը շարունակեն մերժել այդ դուռը լուսանկարել, զիս պարտադրելով համացանցէն արտատպել անոր լուսանկարը։

- Պարոն, կը շշնջայ Փաթիլը, գիտէ՞ք, թէ ի՛նչ նկատեցի- փայտեայ այս պարզունակ դուռը ելեւմուտի ծառայող միջոց չէ միայն, այլ յոյս է, ջերմեռանդ աղօթքի եւ ապագայի նախաբան։

Նախաճաշի ժամն է։ Պէտք է վերադառնալ պանդոկ ու միանալ միւս աշակերտներուն։ Լաւագոյն վերջաբանը, կ՚որոշեմ, «Պինկէօլ» երգն է, ուր դառնութիւնները կ՚ամոքուին ու սէրը կրկին կը թակէ մեր դուռը.

«Երբ բաց եղան գարնան կանաչ դռները

Քնար դառան աղբիւրները Պինկէօլի...»։