Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համալիրին մէջ գործող Հրանդ Տինք վարժարանին համար այս կիրակի կը կայանայ սիրոյ սեղան։
Վարժարանի բարերարներ Թալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլը խմբագրատուն այցելելով փոխանցեցին զանազան տեղեկութիւններ, թէ վարժարանի եւ թէ մօտակայ մատաղօրհնութեան առթիւ։ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կայանալիք Ս. Պատարագին եւ ապա սարքուած սիրոյ սեղանին պիտի նախագահէ Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը պիտի մատուցէ Տէր Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Գողթան երգչախումբի կողմէ Յովսէփ Գույումճեանի խմբավարութեամբ։
Թալար եւ Արթօ Հորոզօղլու բացատրութիւններ տուին նաեւ դպրոցի ներկայ վիճակին մասին։ Այժմ դպրոցը ունի 130 աշակերտներ, որոնց ուսում կը ջամբեն 22 ուսուցիչներ։ Դպրոցը անցեալ տարի ունէր 150 աշակերտներ, որոնցմէ մէկ մասը իրենց ընտանիքներով միասին վերադարձած են Հայաստան։ Նշենք որ Հրանդ Տինք վարժարանի մէջ կը կիրարկուի Հայաստանի հանրապետութեան ուսման ծրագիրը եւ աշակերտներ աւարտելով Հրանդ Տինք վարժարանի դասաւանդութիւնը յատուկ քննութեան կ՚ենթարկուին Հայաստանի մէջ եւ ապա կը ստանան Հայաստանի համալսարաններու մէջ ուսումը շարունակելու իրաւունքը։
Խիստ կարեւոր է հայաստանցիներու դպրոցի գոյութիւնը, քանի որ երկրի իշխանութիւնները չեն արտօներ թէ Թուրքիոյ քաղաքացի չեղողներ յաճախեն պոլսահայ վարժարաններուն։ Այս մասին վերջին տարիներուն արձանագրուեցաւ համեմատաբար աւելի բարեացակամ համակարգ, ըստ որու Թուրքիոյ քաղաքացի չեղող հայեր ալ պիտի կրնան յաճախել քաղաքիս հայկական վարժարաններուն, բայց պիտի զրկուին օրինական վկայագիրէ։ Պետութիւնը ինչպէս որ կը մերժէ գաղթականութեան համակարգը եւ այլ երկիրներէ եկածները կ՚ընդունի իբրեւ հիւր նոյնը կը գործադրէ նաեւ վարժարաններու պարագային եւ անոնց կը շնորհէ միայն ու միայն «հիւր ուսանող»ի համակարգ։ Մինչդեռ Հրանդ Տինք վարժարանի մէջ գործադրուած ուսման ծրագիրը ամբողջութեամբ կը պատշաճի Հայաստանի դպրոցներու համակարգին եւ այսպէսով ալ առիթ կ՚ընծայէ այդ նոյն աշակերտներուն իրենց ուսումը Հայաստանի մէջ շարունակելու համար։