Այժմէն յայտնի դարձած է, թէ սոյն տարուայ Մարտ ամիսը պոլսահայութեան համար մշակութային գետնի վրայ պիտի ըլլայ բաւականին բեղուն։ Թերթիս նախորդ թիւով անդրադարձած էինք թէ Աւետիկեան բառարանի նախաձեռնութեամբ հանրածանօթ կատակերգակ Վահէ Պերպերեան քաղաքս պիտի այցելէ ։ 6-7 Մարտի այդ ներկայացումներէն ետք այս անգամ Տատեան վարժարանի յոբելեանի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ Մաժակ Թոշիկեանի վերջին յօրինումին՝ «Սասունցիներու պար» ի ներկայացումը 26 Մարտ երեքշաբթի, Պաքըրգիւղ Լէյլա Կենճէրի անուան օփերայի դահլիճին մէջ։
Ինչպէս պիտի յիշեն «Ակօս»ի ընթերցողները Գէորգ Էմինի այնքան ժողովրդականացած «Սասունցիներու պար»ը բանաստեղծութեան վրայ կատարուած այդ յօրինումը իր առաջին ներկայացումը ունեցած էր Երեւանի մէջ եւ այժմ Թոշիկեան կը պատրաստուի այս խիստ պատուաբեր ներկայացումը կրկնել Պոլսոյ հանդիսատեսին համար։
Մաժակ Թոշիկեանի դէպի երաժշտական բնաշխարհ վերադարձը հայ երգին պարգեւեց կոթողային գործեր, նախ Հրանդ Տինքի ձօնուած օրաթորիայի եւ ապա «Սասուցիներու պար» պալէի միջոցաւ։ Երկու գործերն ալ կը պահանջէին երաժշտական բարձր գիտելիք եւ ճաշակ, որոնցմով օժտուած է Թոշիկեանը։ Երկուքն ալ կը պահանջէին նաեւ երաժշտական վիթխարի աշխատութիւն, որ եւս ի կատար եկաւ շնորհիւ Հայաստանի երաժշտական լուրջ կուտակումին։ Առաջին անգամ չէ որ սփիւռքի արուեստագէտը կ՚օգտուի այդ կուտակումէն եւ հայրենի երկրի վրայ կը գտնէ այն գործընկերները որոնց հետ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել նման բնոյթով կոթողային գործերու բեմադրութիւնը։ Մնաց որ Մաժակ Թոշիկեան հարուստ է նաեւ իր Պոլսոյ միջավայրով, քանի որ ան այս քաղաքին մէջ եւս ունի իրեն հետ համագործակցելու տրամադիր բազմաթիւ գործընկերներ։ Այս բոլորը առանցին բարեբախտութիւններ են ցանկացած երաժշտի համար։
Հիմա մատնուած ենք անհամբերութեան հոգեբանութեան, ըմբոշխնելու համար Մարտ ամսու այս խիստ շահեկան մշակութային միջոցառումները։