Մօտաւորապէս 14 ամիսէ ի վեր առանց օրինական մեղադրանքի Սիլիվրիի արգելանոցին մէջ բանտարկուած Օսման Քաւալա բանտէն ղրկած ողջոյնի խօսքով մը մասնակցեցաւ յիշատակման հանրահաւաքին։
Սիլիվրիի արգելանոցին մէջ բանտարկուած ըլլալուս պատճառաւ այս տարի ալ չեմ կրցած մասնակցիլ Հրանդի յիշատակման հանրահաւաքին։ Թէեւ սիրտով ձեզի հետ եմ, բայց 19 Յունուարին սիրելի Ռաքէլ Տինքը Հրանդի ընտանիքը չտեսնել, Հրանդին ընկերներով, Հրանդը եղբայր համարած ձեզմով միասին չըլլալը մեծ ցաւ է ինծի համար։
Երբ հեռու եմ շատ աւելի մեծ յուզումով կը զգամ, թէ որքան կարեւոր է Հրանդը ճիշդ ալ իր նահատակուած կէտին վրայ յիշատակել։ 19 Յունուարին Հրանդի լուսապայծառ դէմքը դիտելով կը տեսնենք մեր երկրի սպաննուած պատուաւոր դէմքերը։
Հրանդին ձայնը կը ջերմացնէր մեզ եւ մենք այդ ձայնին հետ միասին կը յիշենք մեր երկրի բոլոր անարդարութիւնները եւ կոտորածները։ Արդարութիւն կը պահանջենք բոլոր տուժածներուն, անոնց որդիներուն եւ թոռներուն անունով։ Կ՚ուզենք, որ արդարութեան գործադրուած երկրի մը հպարտ քաղաքացիները ըլլանք։ 12 տարի առաջ ճիշդ այս կէտին վրայ տեսանք, թէ մարդիկ որքան դիւրին զէնք կրնան բարձրացնել իրենց եղբայրներուն վրայ։
Հրանդին մահով տեսանք, թէ կեանք կոչուածը մեզի պարգեւուած կարճատեւ ու սրբազան շնորհք մըն է միայն։ Հրանդի սպանութիւնով կը հարկադրուինք երախայի մը ոճրագործի վերածուելուն արգելք ըլլալու միջոցներու մասին մտածելու։ Հրանդի սպանութիւնով ալ աւելի ծանր կը զգանք հաւասարութեան, ազատութեան եւ եղբայրութեան համար պայքարելու պատասխանատուութիւնը։
19 Յունուարին անարդարութեան դիմադրելու համար է, որ կը մէկտեղուինք։
19 Յունուարին պատուաւոր կեանքի մը համար կը հաւաքուինք։ Այս բոլորին համար Հրանդին հետ պիտի ըլլանք, Հրանդէն ուժ պիտի առնենք։