ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յիշելու եւ մոռնալու մասին խորհուրդներ

23,5 Ապրիլ», այսպէս կո­չուե­ցաւ «Ակօս»ի հին խմբագրա­տու­նը, որ մօտ ապա­գային կը պատ­րաստո­ւի դռնե­րը բա­նալու, իբ­րեւ Հրանդ Տին­քի անո­ւան յի­շողու­թեան վայր։ Հրանդ Տինք հիմ­նարկի նա­խաձեռ­նութիւնն է յի­շողու­թեան վայ­րը։ Վա­րիչ­նե­րը խու­սա­փեցան թան­գա­րան բա­ռը օգ­տա­գոր­ծե­լէ։ Չէ՛ որ թան­գա­րանը իր մէջ վեր­ջա­կէտ մը կը յու­շէ։ Ան­ցած, վեր­ջա­ցած, աւար­տին հա­սած բա­նի մը վեր­յի­շումն է թան­գա­րանը։ Մինչդեռ յի­շողու­թեան վայ­րը աշ­խա­տանոց մը պի­տի դառ­նայ։ Հե­տազօ­տու­թիւննե­րու, ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու, կար­ծի­քի փո­խանա­կումնե­րու վառ կեդ­րո­նի մը մա­սին է խօս­քը։ Գո­նէ հե­ռան­կա­րը այդպէս է եւ փոր­ձով գի­տենք, թէ Հրանդ Տինք հիմ­նարկը ընդհան­րա­պէս կը յա­ջողի իր հե­ռան­կարնե­րը իրա­կանու­թեան վե­րածե­լու։

Սա­կայն այս ան­գամ ու­րիշ բան մըն է, որ մեր ու­շադրու­թիւնը կը գրա­ւէ։ «Ակօս»ի նախ­կին խմբագ­րա­տան եւ այդ խմբագ­րա­տան մէջ ալ խմբագ­րա­պետի՝ Հրան­դին սե­նեակի պա­տերը զար­դա­րող նկար­նե­րէն մէ­կուն կը կառ­չի մեր հա­յեաց­քը։

Կա­պու­տա­չեայ կար­ճա­հասակ հսկա­յի մը նկարն է ան։ Եր­ջանկա­յիշա­տակ Կո­լոտ Պատ­րիարք Բա­ղիշե­ցիի դի­ման­կա­րին կը հան­դի­պի մեր հա­յեաց­քը։ Ահա­ւասիկ յի­շողու­թեան վայ­րը նախ­քան իր դռնե­րը բա­նալ, տե­ղի կու տայ ինչ-ինչ յի­շողու­թիւննե­րու։ Կը յի­շեմ այդ նկա­րի «Ակօս» գա­լու ոդի­սակա­նը։ «Ան մեր պատ­մութեան շատ կա­րեւոր դէմ­քե­րէն է, բայց իր նկա­րը ոչ մէկ տեղ կայ։ Ես ալ որո­շեցի բազ­մացնել Կո­լոտ Պատ­րիար­քի նկա­րը եւ բաժ­նել մեր հաս­տա­տու­թիւննե­րուն»։ Այսպէս ըսած էր այժմ ինք ալ յի­շատակ դար­ձած Կրոն­դէս Ար­բաղ։ Կա­տարած էր իր խոս­տումը եւ տաս­նեակ­նե­րով բազ­մացնե­լով Կո­լոտ Պատ­րիար­քի մե­ծադիր մէկ դի­ման­կա­րը՝ շրջա­նակած ու բաժ­նած էր զա­նազան հաս­տա­տու­թիւննե­րուն։ Անոնց կար­գին մէկ օրի­նակ ալ վի­ճակած էր «Ակօս»ի խմբագ­րա­պետի սե­նեակին։

Եւ ո՞վ էր Կրոն­դէս Ար­բաղ։ Քուրթու­լուշ թա­ղի մէջ փա­կանա­գործ, բա­նալի­ներ սար­քող վար­պետ մը։ Բա­ռին բուն իմաս­տով ժո­ղովրդա­կան փի­լիսո­փայ մը։ Ինքնուս էր։ Իր ջան­քե­րով պայ­ծա­ռացու­ցած էր միտ­քը, աշ­խարհա­հայեաց­քը։ Ու­նէր յատ­կութիւն մը եւս։ Պայ­քա­րի մարդ էր։ Կամ աւե­լի տա­րածուն բա­ռով՝ գոր­ծիչ մը։ Գոր­ծիչ՝ որ ինք կը հնա­րէր գոր­ծը եւս։ Նոյ­նիսկ չէր խու­սա­փէր եր­բեմն իր սե­փական գլու­խը փոր­ձանքնե­րու մատ­նե­լէ։ Մեր երկրին մէջ ինչ մեծ յի­մարու­թիւն, երբ շա­տեր ու շա­տեր կեան­քի մէջ միայն մէկ նպա­տակ կը հե­տապնդեն՝ որն է անձնա­կան շա­հը եւ սե­փական մոր­թի փրկու­թիւնը։ Չեմ գի­տեր, որ­քա­նով կրնանք առար­կել՞ այդ ալ իր կար­գին կեան­քի փի­լիսո­փայու­թիւնն է թե­րեւս։ Բայց մէկ բան, որ յստակ է անոնց ետե­ւէն յի­շելու ար­ժա­նի ոչինչ կը մնայ, իսկ ան­դին ինչպէս կ՚ըսէ արա­ծը. «Բա­րիք ըրէ ջուրը գցէ, նոյնիսկ տխմարը չիմանայ ձուկը կ՚իմանայ»։

pakrates@yahoo.com