«Ակօս»ի նախորդ թիւով անդրադարձած էինք պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ Թուրք պատժական օրէնքի 301-րդ յօդուածը բռնաբարելու մեղադրանքով հարցաքննութիւն կատարուելու նիւթին։ Այդ լրատուութեան մէջ «տխրահռչակ» կոչած էինք այդ յօդուածը։ Այս անգամ Կարօ Փայլան ինք է, որ հաշիւ կը պահանջէ Արդարութեան նախարարէն իր դէմ այդ յօդուածով դատուելու արտօնութիւն տալուն պատճառաւ։
Փայլան իր ուղղած հարցումնագրին մէջ, նախ ընդգծած է թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է այդ յօդուածի բերմամբ դատապարտուիլը։ Նշած է, թէ Հրանդի ուղղեալ բոլոր ատելութեան պատգամներու ետին շահագործուած է այդ յօդուածով սահմանուած պատժի առկայութիւնը։ Յիշած է թէ լոկ այս երեւոյթով Եւրոմիութեան պատշաճելու գործընթացին մէջ յօդուածը վերատեսութեան մատնուած եւ այդ յօդուածով դատ բանալու համար պայման դրուած է Արդարադատութեան նախարարի թոյլտուութիւնը։ Այսպէսով նախարարութիւնը պիտի կրնար «զտիչ» գործօն մը դառնալ, այս տեսակի դատերը եւ անոնց հետեւանքները կանխելու համար։
Կարօ Փայլան Արդարադատութեան նախարարին ուղղած է եօթը հարցումներ, որոնք կը վերաբերին այդ յօդուածի շրջանակով 2008 թուականէն այս կողմ յարուցուած հարցաքննութեան թոյլտուութիւններու, արգելքներու, այդ շրջագծով շարունակուող դատերու կամ արձակուած վճիռներու մասին։
Փայլան նաեւ հարցուցած է, թէ այդ շրջանակով ԵՄԻԱ-ի մէջ Թուրքիոյ դէմ յարուցուած մեղադրանքները քանի՞ են եւ մինչեւ օրս անոնց համար ի՞նչ հատուցում կատարուած է։