ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
«Ակօս» թերթը հիմնուեցաւ, հայ ժողովուրդի ձայնը Թուրքիոյ հասարակութեան լսելի դարձնելու համար։ Լծուեցաւ իր առաքելութեան հայ ժողովուրդի դէմ յարատեւ ատելութեան դիմադրելու նպատակաւ։ Անշուշտ, որ այդ առաքելութեան ձեռնարկող միտքը քաջաբար կը գիտակցէր, թէ ինչպիսի հրէշ սարքի մը դէմ կ՚ընդվզի։ Սկսելով հիմնադիր գաղափարախօսութենէ մինչեւ ամենախոր ծալքերը, բանակը, խորհրդարանը, ակադեմիան, դիւանագիտութիւնը, գրականութիւնը ամբողջ երկիր մը կը փորձէին սուտի ու կեղծիքի միջոցաւ երկիր մը յառաջ տանիլ։ Հրանդ Տինքի հիմնած «Ակօս»ը ահա այդ կեղծիքի մեքենայի ատամներուն մխրճուած պողպատեայ ձող մըն էր։ Ձողը ճիշդ է, որ ճզմուեցաւ այդ ատամնաշարի դարձուածքին մէջ, բայց յաջողեցաւ նաեւ լրջօրէն վնասել կեղծիքի մեքենան։ Թէեւ ան այժմ կը շարունակէ պտըտիլ, բայց արձակած ձայները անհանդուրժելի են բոլորին համար։ Թուրքիոյ պետականութեան կեղծիքին եւ ուրացումին ձայնագրուած ձայնապնակէն լսուածը միայն տհաճ աղմուկ է այլեւս։
Մարդիկ կան, որոնք կեանքի եկած են պահանջել հարկին ամենակարեւոր պարտականութիւնը ստանձնելու համար։ Հրէշ Գողիաթ, որուն ամէն քայլափոխին երկիրը կը թնդար, անզօր մնաց իր դէմ յայտնուող պատանի Դաւիթի դիմաց։ Մինչեւ ատամները զինուած Գողիաթի դիմաց Դաւիթ ունէր միայն ու միայն թաշկինակին փաթաթուած քար մը։ Եւ անշուշտ մէկ աւելին՝ անվախ կտրիչի կամքը։ Այդքանը բաւարար էր, որ տապալէր սարսափազդու հրէշին։ Գողիաթը տապալելը Դաւիթի ցանկութիւնը չէր, այլ հարկադրութիւնը։ Ինչ հետաքրքրական է, որ այդ նոյն բնագաւառի երեխէք այսօր ալ ունին նման կամքը, զիրենք շրջապատող բանակներու դիմաց սովորական քարով մը դիմադրելու համար։ Մենք կրնանք յաւելել այս օրինակները յիշելով ատըյամանցի մի պարզ որբ՝ Միսաք Մանուշեանը, որ նոյն վճռակամութեամբ դիմադրած էր իր ժամանակի Գողիաթին, Աշխարհակալ գերտէրութեան Գերմանիոյ դիմաց։ Պատմութիւնը երբ որ կարիքը զգայ, կը ծնի Ժան Տարքեր կամ Սասունցի Դաւիթներ, որոնք պատրաստ են իրենց վիճակածը ի կատար բերելու։
Հրանդ Տինք 19 Յունուար 2007-ին, վախկոտ լակոտի մը կրակոցով մահացաւ։ Այդ պահէն ետք իր կեանքի բոլոր հանգրուանները յատուկ նշանակութիւն ունեցան։ Մինչեւ այդ միայն ընտանեկան շրջանակին մէջ իմաստ եւ նշանակութիւն ունեցող բազմաթիւ լուսանկարներ դուրս եկան իրենց սնտուկներէն եւ իբրեւ վկայութիւն արժանացան մի առ մի քննարկման։ Անոնց մէջ կար մէկը, որ թերեւս մինչեւ այդ օր ոչ մէկ նշանակութիւն պիտի ունենար, քանի որ նոյնիսկ ընտանիքի անդամները իսկ մոռցած ըլլային այդ լուսանկարին մէջ յայտնուող դէմքերը։ Հաւանաբար որբանոցի տարիներէն մնացած նկար մըն էր այդ, ուր Հրանդ իր թեւերը լայն բացած էր իրմէ փոքր տարիքով երկու պատանիներու վրայ։ Նկար մը, որ ինքնին ապացոյցն է Հրանդ Տինքի կազմուածքին։ Կան մարդիկ որոնք իրենց թեւերը լայն բանալով անպաշտպանին վրայ կը վտանգեն նաեւ իրենց սեփական կեանքը։ Բայց այդ մէկը բնազդային է։ Կապ չունի որեւէ սպառնալիքի հետ։
Թուրքիոյ պետական միտքը իր ուսերուն ճնշող պատմութեան ծանր մեղքին դիմաց ճարահատօրէն իւրացուցած է հայատեացութիւնը։ Այդ ծանր մեղքի, այդ անընդունելի ոճրագործութեան պատասխանատուութենէ խուսափելու համար ստիպուած էր զոհը մեղաւոր հռչակելու։ Ստիպուած էր ատելութիւն սերմանելու հայու հանդէպ, որպէսզի իր սերունդներուն դիմաց արդարացնէր իր գործած ոճիրը։
«Ակօս»ի հրատարակութիւնով Հրանդ Տինք անմեղ ժողովուրդի մը վրայ կը պարզէր իր պահպանիչ լայն թեւերը։ Ուրացումի դէմ միջոց մը ըլլալով ծրագրած էր իր հրատարակած թերթը։ Այսքանը իսկ մահացու մեղք էր Թուրքիոյ իշխանութիւններու համար։ Արդարեւ Թուրքիոյ տարածքին մինչեւ դար մը առաջ իր գոյութիւնը պահած հայ ժողովուրդի մասին ամէն գիտելիք, ամէն տեղեկութիւն վտանգաւոր էր երկրի վարչակարգի հաշւոյն։ «Ակօս»ի հրատարակութենէն ետք ամենամեծ ուշադրութեան կ՚արժանանային այն համառօտ տեղեկութիւնները, որոնք կը վկայէին այս երկրի մէջ հայերու անցեալին։ Չէ՛ որ պետութիւնը յաջողած էր կերտել այնպիսի ընկալում մը, որու համաձայն երկրի բնակչութիւնը պիտի կարծէր, թէ հայը ո՛չ թէ այս երկրի բնիկ տեղացի ժողովուրդն է, այլ ձեւով մը հոս հասած չես գիտեր ինչ ծագումով օտար տարր մը։ Ահա Հրանդի «Ակօս»ը եկած էր այդ կեղծիքը փուլ տալու։ Մահկանացու ծանր մեղք մը, որ ուղղուած է երկրի գոյութեան։ Չէին կրնար հանդուրժել եւ արդէն չեն հանդուրժած։ Մնաց, որ դեռ կար աւելին։ Հրանդ Տինք իր հրատարակութիւններով կը պարզէր այս երկրի համար ազգային հերոս ներկայացուած Սապիհա Կէօքչենի իրաւ ինքնութիւնը։ Արդարեւ շատեր «Ակօս»ի միջոցաւ իմացան, թէ Թուրքիոյ ազգային հերոսը ուրիշ մէկը չէ այլ հայազգի որբ մը՝ Հաթուն Սեպիլճեան։ Հանրապետութիւնը չէր կրնար հանդուրժել այս բոլորին եւ հետեւաբար դիմեց ինքնապաշտպանման աւանդական եղանակներու։ Պատմութեան այդ հատուածը հետզհետէ ծանօթ է բոլորին։ Նախ Ազգային անվտանգաութեան ծառայութեան երկու գործիչներ զգուշացուցին Հրանդ Տինքը, Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ։ Ապա վրայ հասաւ ազգայնական «Գորշ Գայլ»երու սպառնական բնոյթով բողոքի երթը դէպի «Ակօս»ի խմբագրատուն։ Շուտով դատ բացուեցաւ Հրանդ Տինքի դէմ, իբրեւ թէ թրքութիւնը նախատելու մեղադրանքով։ Մինչդեռ Հրանդ իբրեւ համայնավար չէր կրնար որեւէ ազգութիւն նախատել։ Ան խնդիր ունէր ո՛չ թէ մարդկանց ազգային պատկանելութեան հետ, այլ այդ պատկանելութիւնով մարմնաւորուած հակամարդկային ամէն տեսակ գաղափարախօսութեան հետ։
Ի վերջոյ լրագրողութիւն կոչուած արուեստը Հրանդին համար Գողիաթի ճակտին շպրտուած քար մըն էր միայն։ Բայց ան խիստ հաւատարիմ մնաց այդ ասպարէզին թելադրած բոլոր սկզբունքներուն։ Լրագրողութիւնը երբեք անարդարութիւն արտադրող գործիք մը չեղաւ իրեն համար։ Որպէս քաղաքական բարոյականութիւն կը խուսափէր ոեւէ մէկուն անարգելէ, բայց բացարձակապէս չէր արտօնէր, որ որեւէ մէկն ալ անարգէ իր ազգը, իր ազգին սրբութիւնները։ Ստիպուած չէր, բայց անվարան մասնակցեցաւ զինք հրաւիրող բոլոր հեռուստահաղորդումներու։ Վեր պահեց իր ժողովուրդի արժանապատուութիւնը։ Ինք ալ խուսափեցաւ որեւէ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը վիրաւորելէ։ Սակայն այս բոլորը Թուրքիոյ քաղաքական մտքին համար մահացու յանցագործութիւններ էին։
Հրանդ Տինքի սպանութիւնը բոլոր այս գործօններու բերմամբ կարելի չէ իր հունէն դուրս բերել եւ այլ կերպ ներկայացնել։
Ինչպէս որ Սեբաստիոյ մէջ ալեւիներու ուղղուած զանգուածային սպանութեան ոտնահետքերը կը նշմարենք Մարաշի կոտորածին մէջ, ինչպէս որ Տէրսիմի ցեղասպանութեան ոտնահետքերը կը տեսնենք 1915-ի ցեղասպանութեան մէջ, մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Թահիր Էլչիի սպանութիւնն ալ կարելի չէ անջատել Հրանդ Տինքի ոճիրէն, կամ այս վերջինն ալ կարելի չէ մեկուսացնել Սապահատտին Ալիի, Գրիգոր Զոհրապի սպանութենէն։
Ոճրագործութեան այս անիծեալ աւանդոյթը արժանի կերպով պարզաբանելու համար ստիպուած ենք դերձանի կծիկը ի սկզբանէ քակելու։ Այդ ընելու ժամանակ մեր դիմաց պիտի ներկայանայ երբեմնի Ներքին գործոց նախարար Մեհմետ Աղարի «պատը կը փլի» վախով ձեռք չտուած աղիւսը։ Մի ուրիշ լրագրողի, Ուղուր Մումճուի մահէն ետք Աղար ըսած էր թէ կը տեսնէ պատին վրայ այս չարագործութեան տեղի տուող աղիւսը, բայց չի կրնար դպչիլ՝ քանի որ այդ աղիւսը տեղէն շարժելով ամբողջ պատը պիտի փլի։ Մենք հիմա վճռակամ կ՚աղաղակենք՝ «Քաշեցէք այդ աղիւսը, որպէսզի փլի սա սխալ կառուցուած մարդասպան պատը»։ Վերջապէս այդ պատի փլուզումը ո՛չ թէ մեր, այլ չարագործներու համար կենսական նշանակութիւն ունի եւ եթէ փլի անոր տակը մնացողը մենք պիտի չըլլանք անկասկած։