ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ
Հայաստանի խորհրդարանը 9 Դեկտեմբերի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք 14 Յունուարին գումարեց իր անդրանիկ նիստը։ 10 Յունուարին կայացած էր նորընտիր երեսփոխաններու երդման արարողութիւնը։ Ապա խորհրդարանը վարչապետի թեկնածու ըլլալով ներկայացուց Նիկոլ Փաշինեանը եւ նախագահ Սարգսեան իսկոյն ստորագրեց Փաշինեանի վարչապետութիւնը վաւերացնող գրութիւնը։ Հայաստանի սահմանադրութեան համաձայն նախագահը խորհրդարանի մէջ մեծամասնութիւնը ապահոված խմբակցութեան պետը վարչապետ ըլլալով նշանակելու լիազօրութիւն ունի։
Նոր խորհրդարանի մէջ բացի Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ քայլը» դաշինքէն «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնները եւս աթոռներ շահած են։
14 Յունուարի նիստին խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ «Իմ քայլը» կուսակցութեան թեկնածու Արարատ Միրզոեան։ Միրզոյեան 132 պատգամաւորներ, 131-ի ձայներով ընտրուեցաւ այդ պաշտօնին։ Մէկ ձայն անվաւեր համարուած էր։
Նոյն օր Լենա Նազարեան, Ալեն Սիմոնեան եւ Վահէ Էնֆիյաճեան փոխ նախագահներ ընտրուեցան։ Արարատ Միրզոեան ընտրութենէն ետք շնորհակալութեան ելոյթ ունեցաւ իր հանդէպ ցուցաբերուած վստահութեան համար։ Ան նշեց, թէ կը գիտակցի այս նոր պարտականութեան մէջ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած վստահութեան թելադրած պատասխանատուութեան։
Հայաստանի խորհրդարանի այս առաջին նիստը նախագահեց Ամենատարեց անդամ ազգութեամբ քիւրտ Քինեաս Հասանով։
Ուշագրաւ է նաեւ նոր խորհրդարանի կառոյցը։ 132 պատգամաւորներու 32-ը կիներ են, որոնք համեմատաբար կը կազմեն Խորհրդարանի ամբողջութեան 25 տոկոսը։ Կիներու բաժանումը կուսակցութիւններու համաձայն հետեւեալ կերպով ձեւաւորուած է։ «Իմ քայլ»ի դաշինքի 88 պատգամաւորներէն 23-ը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան 26 պատգամաւորներէն, 5-ը եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան 18 պատգամաւորներէն 4-ը կիներ են։ Ուրիշ յատկանշական տուեալ մը, այն է թէ 131 պատգամաւորներէն 101-ը առաջին անգամ մուտք կը գործեն խորհրդարան։ Խորհրդարանի կրտսերագոյն անդամն է 25-ամեայ Սոնա Նազարեան։ Իսկ երիցագոյնը 74-ամեայ Քինեաս Հասանով։
Ընտրուած պատգամաւորներէն 33-ը նախապէս կ՚աշխատակցէին նախագահի կամ վարչապետի անձնակազմի շարքերուն կամ մաս կը կազմէին տարբեր նախարարութիւններու, կուսակալութիւններու կամ քաղաքապետարաններու։
Նոր խորհրդարանի մէջ կան նաեւ Հայկ Գէորգեան, Սիսակ Գաբրիէլեան, Թագուհի Թովմասեանի նման լրագրողներ եւ ինը իրաւագէտներ։