ԱՄՆ-ի Ռաքքայի խայտառակութիւնը

ԱՄՆ-ի գլխա­­ւորած զի­­նեալ ու­­ժե­­­րը որո­­շած են ծրագ­­րեալ կեր­­պով լքել Սու­­րիոյ տա­­րած­­քը։ Այս մա­­սին յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը հան­­դէս եկաւ Ներ­­ման մի­­ջազ­­գա­­­յին կազ­­մա­­­կեր­­պութեան (ՆՄԿ) Մի­­ջին արե­­ւել­­քի հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու վա­­րիչ Լին Մա­­լուֆ։

«ԱՄՆ Սու­­րիան լքե­­լու պա­­հուն իսկ կը խու­­սա­­­փի Ռաք­­քա­­­յի եւ այլ վայ­­րե­­­րու մէջ բազ­­մա­­­հարիւր խա­­ղաղ բնա­­կիչ­­նե­­­րու մա­­հուան պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թե­­­նէն։ Ծայր աս­­տի­­­ճան մտա­­հոգիչ երե­­ւոյթ մըն է այս։ Կ՚ան­­տե­­­սէ իր գլխա­­ւորած զի­­նեալ ու­­ժե­­­րու ռմբա­­կոծու­­մով տե­­ղի ու­­նե­­­ցած աւե­­րը։ Բա­­ցի տե­­ղի տո­­ւած մարդկա­­յին կո­­րուստնե­­րը, պատ­­ճա­­­ռած բլու­­զումը վե­­րակեր­­տե­­­լու կամ հա­­տու­­ցե­­­լու դոյզն իսկ նպա­­տակ չու­­նե­­­նալով, աղ կը լցնէ վե­­րապ­­րողնե­­րու վէր­­քե­­­րուն վրայ։

ՆՄԿ բա­­խումնե­­րու վեր­­ջա­­­նալէն ետք բա­­զում ան­­գամներ Ռաք­­քա այ­­ցե­­­լեց։ Տեղ­­ւոյն վրայ տե­­սակ­­ցե­­­ցաւ վե­­րապ­­րողնե­­րուն հետ։ Իսկ այ­­լա­­­խոհա­­կան ու­­ժե­­­րը շփման իսկ չեն ան­­ցած իրենց կեան­­քը վե­­րակեր­­տե­­­լու աշ­­խա­­­տող այդ մարդկանց հետ։ Այ­­լա­­­խոհ­­նե­­­րու Ռաք­­քա յար­­ձա­­­կու­­մը թափ ստա­­ցաւ հա­­րեւան երկրի՝ Իրա­­քի Մու­­սուլ քա­­ղաքի զի­­նեալ գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րուն դա­­դարե­­լէն ետք։ Պէտք էր այ­­լա­­­խոհ­­նե­­­րը դաս քա­­ղէին Մու­­սուլի մէջ իրենց պատ­­ճա­­­ռած կոր­­ծա­­­նու­­մէն ու ան­­պատժե­­լիու­­թե­­­նէն։ Եթէ այդ դա­­սը քա­­ղած ըլ­­լա­­­յին, կա­­րելի էր Ռաք­­քա­­­յի սար­­սա­­­փելի աղէ­­տը կան­­խել։ Առ­­կայ լայ­­նա­­­ծաւալ փլա­­տակը մարդկա­­յին խայ­­տա­­­ռակու­­թիւն մըն է, որ կը հա­­կասէ ԱՄՆ-ի քա­­րոզած սկզբունքնե­­րուն եւս» ըսած է Լին Մա­­լուֆ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ