«Ծնուել եմ 1869 թուին Փոքր Ասիոյ Կուտինա քաղաքում։ Անունս են կոչել Սողոմոն»։ Կոմիտաս Վարդապետի ինքնակենսագրութեան մէջ այս համեստ բառերով նկարագրած դէպքը Պարոյր Սեւակի բացատրութեամբ կը վերածուի բոլորովին ուրիշ հանգամանքին։ Ան նախ կը նկարագրէ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծնունդը եւ ապա խօսքը կը բերէ «Լորուց շատ հեռու Անատոլուի խաւար խորքերուն» ծնած մի ուրիշ մանուկի, որ է մեծն Կոմիտաս։
Արդարեւ այս տարի Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան կրկնակ յոբելեանն է, որ բնականաբար պիտի նշուի աշխարհասփիւռ հայութեան կողմէ զանազան միջոցառումներով։ Այս պահուն մենք ուրախութեամբ կ՚անդրադառնանք, թէ այդ պանծալի յիշատակումներու առաջինը տեղի պիտի ունենայ 26 Յունուար շաբաթ, ժամը 20.00-ին Յունաստան Աթէնքի Քոտալի քոնսերվաթորիայի մէջ։ Այս առթիւ յատուկ հրաւէր ստացած է Քարին Քիւչիւքօղլու, որ կը պատրաստուի Կոմիտասեան երգերէ բաղկացող երգացանկով մը հանդէս գալ Աթէնքի մէջ։ Քարին Քիւչիւքօղլու Արամեան վարժարանի մէջ երաժշտութեան ուսուցիչ է եւ քաջաբար կը տիրապետէ մեծ երգահանի յուզական ներգնաշխարհին։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ կարելի է կանխատեսել, թէ խիստ շահեկան համերգ մը պիտի վայելեն բոլոր անոնք, որոնք առիթը պիտի ունենան այս բացառիկ միջոցառման ներկայ գտնուելու։
Մեր քաղած նախնական տեղեկութիւններով արժանաւոր ուսուցչուհին պիտի ներկայացնէ, թէ Կոմիտասեան երաժշտութենէն բազմաթիւ նմուշներ եւ թէ մի ուրիշ մեծ վարպետ Խաչատուր Աւետիսեանի երգացանկէն ընտրուած կտորներ։
Երգչուհի Քարին Քիւչիւքօղլուին դաշնամուրով պիտի ընկերակցի Յունաստանէն Քրիստինէ Թոքաթլըեան։ Այժմէն յաջողութիւն կը մաղթենք այս խիստ կարեւոր եւ պատուաբեր համերգին համար։