ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
Մեզ «Ակօս»ականներուս համար թատրոն երթալու խիստ անյարմար օր մըն է Չորեքշաբթին։ Այդ օր լծուած կ՚ըլլանք թերթը տպարան հասցնելու վերջին աշխատութիւններուն։ Բայց ի՞նչ կրնանք ընել, երբ այդ օրուայ, այդ ներկայացումին համար յատուկ հրաւէր ստացած ենք սիրելի բարեկամուհիէ մը՝ մեծ երգիչ Ահմետ Քայայի այրի՝ Կիւլթէն Քայայէն։
Լուրջ յուզումով լցուած ենք։ Ճամբայ ելանք 16 Նոյեմբեր 2000 թուականին աքսորեալի պայմաններուն մէջ Փարիզ մահացած Ահմետ Քայայի մասին երաժշտական բեմադրութեան մը հետեւելու համար։ Նախապէս շատ ալ պատկերացում չունինք, թէ մեզ ինչ կը սպասէ։ Լսած ենք միայն, թէ բեմադրութիւնը նիւթ կ՚առնէ այս մեծանուն երգիչի կեանքէն դրուակներ։ Նաեւ լսած ենք, որ հանրածանօթ «Քարտէշ Թիւրքիւլեր» երաժշտական խումբն ալ Քայայի երգերէն կատարումներ պիտի ունենայ։ Ընդամէնը այսքան միայն։ Առաջին անգամ է, որ կ՚երթանք Մասլաքի «Եունիք Հոլ» կոչուած դահլիճը։ Կը հետեւինք բացատրութիւններուն։ Մեթրոփոլիթանով պիտի երթանք Այազաղա կանգառը։ Հոնկէ թաքսիով պիտի հասնինք համերգասրահ։ Կը հետեւինք տրուած բացատրութեան։ Վարորդին համար ծանօթ է մեր գացած վայրը, կը հարցնէ. «Համերգ կա՞յ»։ Դրական պատասխանելէ վերջ կը նկատենք թէ յաւելեալ բացատրութեան կարիք ունի։ Կ՚ըսենք՝ Ահմետ Քայայի յիշատակին ձօնուած թատերական ներկայացում մըն է։ Այս անգամ վարորդը վրայ կը բերէ. «Սխալ մի հասկնաք կ՚ուզեմ գիտնալ, թէ ժամը քանիին կ՚աւարտի, որպէսզի ելքին ալ այդ տեղերը գտնուիմ»։ Այս ըսելէ վերջ կը շարունակէ. «Մեղք եղաւ խեղճ մարդուն։ Այս օր ըլլար, դարձեալ բազմահազար ժողովուրդ կ՚երթար իր համերգին»։
«Միշտ վերջէն», այսպէս կոչուած է թատերական ներկայացումը։ Հետաքրքրական կառոյց մը ունի թատրերգութիւնը, թէեւ դէպքը կ՚անցնի Ահմետ Քայայի աքսորավայրի՝ Փարիզի մէջ, բայց մենք պատմութիւնը կը լսենք քովնտի դէմքի մը, Քայայի մանկութեան ընկեր Սալիհի յիշածներով։ Սալիհ եւս աքսորեալ մըն է, որ պարտադրուած է իր ընտանիքը, զաւակները ետին թողելով Փարիզ հաստատուելու։ Իրականութեան մէջ ողբերգական պատմութիւն մը ունի Սալիհ։ Կը տառապի հացադուլ ընողներու մօտ տեսնուած «քորսաքոֆ» հիւանդութենէն։ Հիւանդութեան պատճառաւ կորսնցուցած է յիշողութիւնը։ Զինք խնամողի յատուկ ջանքերով զաւակները եկած են իր մօտ, բայց ան լուրջ խնդիրներ ունի նաեւ իր հարազատ զաւակներուն հետ։ Չէ՛ որ անցեալին թէկուզ ակամայ լքած է զիրենք եւ եկած հաստատուած այս օտար երկիրը։
Կ՚արժէ խոստովանիլ, որ մեծ վարպետութեամբ հիւսուած թատրերգութիւն մը կայ մեր դիմաց։ Իսկ «Քարտէշ Թիւրքիւլեր»ի երաժշտութիւնը բոլորովին ուրիշ հարազատութիւն մը տուած է այս բեմադրութեան։ «Քարտէշ Թիւրքիւլեր» խաղի տեւողութեամբ 15 երգեր կը ներկայացնէ, որոնց շնորհիւ հանդիսատեսը անգամ մը եւս կը վերապրի Ահմետ Քայայի մահուան պատճառ դարձող ծանր հալածանքի հոգեբանութիւնը։ Արդարեւ Ահմետ Քայա Թուրքիոյ մէջ հասարակական հալածանքի մը, լինչի մը դատապարտուած էր եւ այդ պայմաններու տակ հարկադրաբար հեռացած էր իր երկրէն։ Խաղը բեմադրած է Մեթին Կէօքսել։ Իսկ թատրերգութեան հեղինակներն են Ֆունտա Ալփ, Տիտեմ Քափլան եւ Ճիւնէյթ Եալազ։ Եալազ՝ միաժամանակ ստանձնած է գլխաւոր դերակատարի ծանր պարտականութիւնը։ Բեմին վրայ իրեն ընկերակցած են Էլիթ Անտաչ Չամ, Ահմետ Մելիհ Եըլմազ, Սայիմ Կիւվելօղլու, Ֆերյա Սոյսալ եւ Պանու Աչըքտենիզ։ Ահմետ Քայայի այրին՝ Կիւլթեն Քայա, որպէս խորհրդատու կարեւոր դեր ունէր, այս ներկայացման մէջ։ Պայման է կրկին անգամ ընդգծել Ահմետ Քայայի կեանքէն դրուակ մը ցոլացնող այս խաղին մէջ «Քարտէշ Թիւրքիւլեր» խումբի ունեցած նշանակութիւնը։ Անոնք 15 երգերով վերյիշման հրաշալի միջավայր մը ստեղծեցին, քանի որ հանդիսատեսը համարեա բոլոր երգերուն կը ձայնակցէր շատ մեղմ ոճով եւ երեւոյթը ալ աւելի տպաւորիչ կը դառնար բոլորին համար։ Ահմետ Քայա հազիւ 43 տարեկան էր, երբ մեզմէ հրաժեշտ կ՚առնէր։ Այդ կորուստը այս երկրի մէջ խիղճ ունեցող բոլորին համար դժուար տանելի բեռ մը դարձած է, կամ ալ դժուար սպիանալիք բաց վէրք մը։ «Միշտ վերէն» մեզի կ՚առաջնորդէ այդ ծանր կորուստին հետ անգամ մը եւս առերեսուելու։
Յ.Գ.-Բեմադրութիւնը պիտի
կրկնուի 31 Յունուար,
12-13-26-27 Փետրուար թուականներուն դարձեալ Մասլաքի
«Եունիք Հոլ» դահլիճին մէջ եւ
տոմսակները կարել է ապահովել «Պիլեթիքս» ընկերութեան միջոցաւ։