ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մօտ է գարունը շուտով կը բացուի Կ

Կարճ է։ անսովոր կեր­պով կարճ է Փետ­րո­ւար ամի­սը։ Բայց ի՞նչ կը նշա­նակէ ամ­սի մը օրե­րուն սո­վորա­կան միւս օրե­րէն եր­կու կամ երեք օր աւե­լի նո­ւազ ըլ­լա­լը։ Այո, դար­ձեալ կրկին շեշ­տենք, կարճ է ան, բայց կար­ճութեան հետ ան­հա­մեմա­տելի կեր­պով վա­նելի։ Կ՚ու­զենք որ շու­տով աւար­տի։ Բայց ընդ հա­կառակ ան կը դի­մադ­րէ։ Չեր­թար դիւ­րաւ։ Ահա­ւասիկ խա­բանք մը, ըն­դա­մէնը եր­կու կամ երեք օրո­ւայ նո­ւազու­թիւնով հան­դերձ գի­տենք որ ան եր­թա­լէն ետք պի­տի թե­ւակո­խէ գա­րու­նը։ Գա­րու­նը՝ որուն կա­պած ենք մեր յոյ­սե­րը։ Կար­ծա­ծ ենք թէ. «Մօտ է գա­րու­նը շու­տով կը բա­ցուի»։ Ո՛չ մի­նակ մենք, այլ մեր զօ­րավա­րը իսկ յոյ­սը կա­պեր է գար­նան։ Կ՚եր­գէ ըսե­լով. «Անդրա­նիկը քաջ, իւր ըն­կերնե­րով կ՚ու­զէ պա­տերազմ կը սպա­սէ գար­նան…»։ Բայց ի՞նչ ընես, որ «Գա­րուն ա, Ձիւն ա արել…» ու ապա Պա­րոյր Սե­ւակ պի­տի եր­գէր. «Գա­րուն էր չե­կած ամառ, փուլ եկաւ երկնա­կամար, ձիւն մա­ղեց մեր բաց գլխին Գա­րուն ա, ձիւն ա առել…»։

Ամէն տա­րի կար­ծես անի­ծեալ աւան­դոյթ մը ըլ­լայ այս հո­գեբա­նու­թեամբ կը դի­մաւո­րենք Յու­նո­ւար ամի­սը։ Յու­նո­ւար՝ որ մեր յի­շողու­թեան մէջ դրոշ­մո­ւեցաւ իր 19-րդ օրով։ Ձմրան այս մռայլ օրե­րու մար­դասպա­նու­թիւնը պա­տահա­կանու­թե­նէ աւե­լի խոր նշա­նակու­թիւն մը ու­նե­նալու է։ Ու­րիշ տե­սակ ին­չո՞վ բա­ցատ­րել այդ թախ­ծոտ հո­գեբա­նու­թիւնը, որ մար­դիկ կը մղէ անձնաս­պա­նու­թեան։ Մատ­նո­ւած ճնշումնե­րը ինչ որ ըլ­լար թե­րեւս Հա­սան Քա­չան պի­տի հրա­ժարէր Վոս­փո­րի կա­մուրջի վրայ ինքնա­շար­ժը կանգնեց­նե­լէ ետք ինքզինք դէ­պի պաղ ջու­րե­րու գիր­կը նե­տելէ։ Եթէ յաղ­թա­հարած ըլ­լար 6 Յու­նո­ւարի ծան­րութիւ­նը եւ ինչ գիտ­նամ հա­սած ըլ­լար Ապ­րի­լեան կամ մա­յիսեան վե­րակեն­դա­նացող բնու­թիւնը շնչե­լու, հրա­ժարէր նաեւ կեան­քէն հրա­ժարե­լու խոր­հուրդէն։ Օրա­ցոյցնե­րու էջե­րը լե­ցուն են այս օրե­րուն մա­հացած­նե­րու յի­շատա­կու­մով։ Ոմանց մա­հուան պատ­ճա­ռը ստո­րին մա­հափորձ մըն է, ոմանց նող­կա­լի ոճիր մը, ոմանց հո­գեմաշ ճնշումնե­րու դի­մադ­րե­լու կամ­քի նո­ւազում եւ ոմանց հա­մար ալ պար­զա­պէս սրտնե­ղու­թիւն, յոգ­նա­ծու­թիւն, դադ­րա­ծու­թիւն, կեան­քի լոյ­սի շի­ջում։ Կռիւն է՝ միայն կռիւն է սա անի­ծեալ եղա­նակին դի­մադ­րե­լու գաղտնի­քը։ Չէ որ կրո­ւողը ժա­մանակ ալ չու­նի, ո՛չ կեան­քէն հրա­ժարե­լու, ո՛չ ինքզինք լսե­լու։ Պի­տի շա­րու­նա­կենք կրո­ւի եր­թը, հաս­նե­լու հա­մար հե­ռուն արե­ւավառ հե­ռու­նե­րուն կռո­ւող­նե­րու հոյ­լին։ Ոչ մի կանգ, ո՛չ մի դա­դար։ Մեզ կան­չում է հին ու­ղերձը։ Կան­չում է ու յոր­դո­րում։ Պայ­քա՜ր, պայ­քա՜ր։

pakrates@yahoo.com