Ուքրանիոյ եկեղեցին անկախ

Յու­նաց Տիեզե­րական Պատրիարք Բար­թո­ղոմէոսի ձե­ռամբ Ուքրա­նիոյ եկե­ղեցին ու­նե­ցաւ իր ան­կախ պատ­րիար­քա­կան աթո­ռը։ Նիւ­թը վեր­ջերս մի­ջազ­գա­յին կռո­ւախնձոր մը դար­ձած էր Ռու­սիոյ դաշ­նութեան եւ Ուքրա­նիոյ մի­ջեւ։ Ար­դա­րեւ Ուքրա­նիոյ Ուղղա­փառ եկե­ղեցին կամք յայտնած էր հրա­ժարե­լու հա­մար Ռու­սաց Ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ գե­րիշ­խա­նու­թե­նէն։ Պոլ­սոյ Յու­նաց Տիեզե­րական Պատ­րիար­քա­րանի մէջ եպիս­կո­պոսաց ժո­ղովը եր­կա­րատեւ քննար­կումնե­րէ ետք ար­դար գտաւ ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ պա­հան­ջը եւ 6 Յու­նո­ւարին Պոլ­սոյ մէջ կա­տարո­ւած արա­րողու­թիւնով մը ան­կա­խու­թեան հռչա­կագի­րը (Թո­մոս) յանձնո­ւեցաւ Ուքրա­նիոյ առաջ­նորդ Էփի­ֆանիին։

Այս առ­թիւ Պո­լիս ժա­մանած էր Ուքրա­նիոյ նա­խագահ Փետ­րօ Փո­րոշեն­քօ, որ այս զար­գա­ցու­մը հա­մազօր հա­մարեց Ուքրա­նիոյ 1991 թո­­ւակա­­նին Խորհրդա­­յին միու­­թեան կազ­­մէն դուրս գա­­լով ան­­կա­­­խաց­­ման հետ։

Նշենք, որ այս զար­­գա­­­ցումնե­­րը բնա­­կան հե­­տեւանքն են Ռու­­սիոյ դաշ­­նութեան եւ Ուքրա­­նիոյ միջեւ շա­­րու­­նա­­­կուող քա­­ղաքա­­կան տա­­րակար­­ծութիւննե­­րուն։ 2014-ին Մոս­­կո­­­ւա գրա­­ւած էր Խրի­­մը, որ­­մէ ետք եր­­կու եր­­կիրնե­­րու յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­րը մտած էին ալ աւե­լի ծանր տա­րակար­ծութեան մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ