Իւրաքանչիւր տարեմուտ իր մէջ հաշուեյարդար մը կը ներկայացնէ անցնող ժամանակը գնահատելու առումով։ Պոլսահայ համայնքային սահմանումի մէջ այդ հաշուեյարդարը տեղի կ՚ունենայ Պատրիարքարանի երդիկին տակ Սուրբ Ծնունդի շնորհաւորութեան պահուն։ Չէ՛, որ հոն հաւաքուած կ՚ըլլան համայնքը ներկայացնող հաստատութիւններու վարիչները։ Յիշենք թէ անցեալ տարի սոյն ժողովը տեղի ունեցած էր բաւական փոթորկոտ մթնոլորտի մէջ եւ, այն բարձր յոյսով, թէ շուտով պիտի կայանայ պատրիարքական ընտրութիւնը։ Այդ օր դահլիճին մէջ շնորհաւորութիւնները ընդունողն էր Տեղապահ Գարեգին Պէքճեան սրբազանը։ Որքան որ տիրէր որոշ լաւատեսութիւն կողքին խօսակցութիւններուն առանցքը կը կազմէր Իսթանպուլի կուսակալութեան ճշդուած Նախաձեռնարկ մարմնի նկատմամբ դժգոհութիւններու մասին ասէկօսէները։ Ապա վրայ հասած էր կուսակալութեան Պէքճեան սրբազանի տեղապահ ընտրութիւնը մերժող որոշմնագիրը։ Այդ որոշմնագիրէն ետք սրբազանը հեռացած էր քաղաքէս, անորոշութեան մատնելով պատրիարքական ընտրութեան հաւանականութիւնը։ Այսօր 6 Յունուարին դարձեալ նոյնն էր օրակարգի նիւթը։ Այս անգամ կը տիրէր համեմատաբար աւելի խաղաղ մթնոլորտ, բայց հրատապ խնդիրը մնացած էր անլուծելի։ Այս առթիւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ Արք. Մաշալեան հետաքրքրական նմանութիւնով մը փորձեց բացատրել կացութիւնը։
«Եթէ ինքնաշարժով յառաջանալու պահուն կը տեսնէք, որ երթեւեկութիւնը կանգ առած է ճամբու շարունակութեան, կը սպասէք ճամբուն վերստին բացուելուն։ Ուրեմն մենք ալ պէտք էր պատրիարքական եւ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները իրականացնելու համար սպասէինք համբերութեամբ»։
Խոստովանինք որ այս նմանութիւնը այնքան ալ համոզիչ չթուաւ մեզի, քանի որ կրնանք հետաքրքրուիլ, թէ երթեւեկութիւնը ինչու կանգնած է։ Գոնէ մտահոգուիլ, թէ ի՞նչ պատահած է ճամբու տեւողութեան, որուն հետեւանքով դատապարտուած ենք սպասելու։ Մարդ գոնէ կը փորձէ իմանալ, թէ դեռ որքան պէտք է սպասենք։ Բայց սրբազանի թելադրածը, այդ բոլորէն դուրս է։ Ան խորհուրդ կու տայ համբերել եւ համբերել միայն։ Ինչո՞ւ համար համբերել կամ դեռ որքան համբերելու նման հարցումները կը մնան անպատասխան։ Կարծես ամէն ինչ այդքան ալ պարզ չէ։ Քանի որ Արամ արք. իր ելոյթի ընթացքին կը շեշտէր, թէ ոմանք դիտումնաւոր կերպով կը խոչընդոտեն ընտրութեան գործընթացքը։ Այսքանով գոհացաւ սրբազանը։ Խուսափեցաւ աւելի յստակ խօսելէ։ Ովքե՞ր էին, այդ ո՞ր ուժերն էին որոնք կ՚ուզէին ընտրութեան գործընթացը խոչընդոտել։ Միւս կողէ 2018-ի վերջին օրերուն Խորհրդակցական մարմնի ժողովի ընթացքին օրակարգի եկած էր այս տարուայ 6 Յունուարին յաջորդող թուականներուն Անգարա այցելութիւն մը տալ եւ ընտրութիւնները իրականացնելու համար որոշ շփումներ ունենալ պատկան մարմիններու հետ։ Այս անգամ սակայն այդ մասին ո՛չ մէկ ակնարկութիւն։ Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել ընտրութիւնները իրականացնելու համար։
Կարճ խօսքով Գումգաբուի մէջ կը տիրէր սպասելու տրամադրութիւն։ Նախապէս ալ բազում անգամներ գրած ենք, որ ժողովուրդը այլեւս այդ սպասումին հանդուրժելու կարողութիւն չունի։ Այս առթիւ կ՚արժէ յիշել «Ակօս»ի նախկին աշխատակից Թալին Սուճիեանի ուսումնասիրութիւնը, ուր ան բաւական հանգամանօրէն կը խօսէր 1940-ականներու նման ճգնաժամի մասին։
Միւս կողմէ եւս ուշագրաւ զարգացում մը կը դիտուի պետական շրջանակներէ ներս, ուր այս անգամ Անգարան է, որ շփումներ կը հաստատէ հայ եկեղեցւոյ կարգ մը եպիսկոպոսներուն հետ, իրենց առաջարկելով պատրիարք առաջադրուիլ Թուրքիոյ համար։ Այս երեւոյթը ալ աւելի տարօրինակ կը դարձնէ կացութիւնը։ Այն, որ պետութիւնը անարգական որոճով «իբրեւ թէ տեղապահ» կոչած էր եկեղեցական աւանդոյթներու համաձայն ընտրուած Գարեգին արքեպիսկոպոսը, այս անգամ ինք կը դրժէ իր իսկ ներկայացուցած պատճառաբանութիւնը եւ կը փորձէ իրեն հաճելի թուացող մը ճշդել եւ այդպէս երթալ ընտրութեան։
Ըստ երեւոյթի պետութիւնը կամ կառավարութիւնը, նոյնիսկ աւելի կտրուկ ըսենք նախագահ Էրտողան իրեն հաճելի թուացող թեկնածու մը եթէ գտնէ իսկոյն պիտի դիմէ պատրիարքական ընտրութեան։ Ահա բազմահազար տարիներու անցեալ ունեցող հայ ժողովուրդի դէմ առ դէմ գտնուած անբարոյ ընթացքը։ Մաղթենք այս տարի այլեւս կարելի ըլլայ այս դժբախտ երեւոյթէն դուրս գալ եւ ի վերջոյ կարենալ ընտրել այս համայնքի առաջնորդը։
«ԱԿՕՍ»