Էրտալ Տողանի կեանքը վտանգուած

Մալաթիայի «Զիրվէ» հրատարակչատան անձնակազմի սպանութեան դատի իրաւապաշտպան Էրտալ Տողան վերջերս ահազանգ հնչեցուց կարգ մը անծանօթներու իր մասին լրաքաղութիւն կատարելուն համար։ Այս զարգացումէն ետք զրուցեցինք փաստաբան Էրտալ Տողանի հետ։

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

 

Վերջերս յայտարարած էք ձե­­զի ուղղեալ սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րը եւ ձեր մա­­սին կա­­տարո­­ւած հար­­ցաքննու­­թիւննե­­րը։ Ե՞րբ սկսաւ այդ տե­­սակի զար­­գա­­­ցումնե­­րը ձեր շուրջ։

Առա­­ջին ան­­գամ 2011-ին ին­­ծի դէմ սպառ­­նա­­­լիք մը հնչած էր։ ԺԻ­­ԹԵՄ կո­­չուած գաղտնի կազ­­մա­­­կեր­­պութե­­նէն մէ­­կը խոս­­տո­­­վանանքներ ըրած եւ ըսած էր, որ կարգ մը ան­­ձեր, թէ Հրանդ Տին­­քի սպա­­նու­­թեան դա­­տավա­­րու­­թեան եւ թէ «Զիր­­վէ» հրա­­տարակ­­չա­­­տան ոճի­­րին փաս­­տա­­­բանու­­թիւնը ստանձնե­­լուս հա­­մար զիս պի­­տի պատ­­ժեն։ Այս խոս­­տո­­­վանան­­քը փո­­խան­­ցո­­­ւեցաւ Իս­­թանպու­­լի դա­­տախա­­զու­­թեան եւ Իս­­թանպու­­լի անվտան­­գութեան տնօ­­րէնու­­թեան։ Նման սպառ­­նա­­­լիք մըն ալ հնչած էր «Զիր­­վէ» հրա­­տարակ­­չա­­­տան դա­­տական նիս­­տի ըն­­թացքին մե­­ղադ­­րեալ­­նե­­­րէն մէ­­կուն բեր­­նէն։ Այդ մե­­ղադ­­րեալը նիս­­տի ըն­­թացքին յայ­­տա­­­րարեց, որ եր­­բեք պի­­տի չմոռ­­նայ իմ դէմ­­քը եւ ան­­պայման հա­­շիւ պի­­տի տես­­նէ ին­­ծի հետ։ Այս եւ նման սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րէն տե­­ղեակ պա­­հած եմ, թէ նման նիւ­­թե­­­րով աշ­­խա­­­տող մի­­ջազ­­գա­­­յին կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը եւ թէ Եւ­­րո­­­միու­­թեան Թուրքիոյ ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւնը եւ թէ Թուրքիոյ Ներ­­քին ու Ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թիւննե­­րը։ Իմ այս դի­­մումնե­­րէն ետք թիկ­­նա­­­պահ տրա­­մադ­­րե­­­լու նա­­խաձեռ­­նութիւններ կա­­տարո­­ւեցան։ Այդ շրջա­­նէն ի վեր Իս­­թանպու­­լի կու­­սա­­­կալու­­թեան մէջ ամէն տա­­րի ժո­­ղով գու­­մա­­­րող խոր­­հուրդը իրեն հա­­սած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րու հի­­ման վրայ կը որո­­շէ թիկ­­նա­­­պահ տրա­­մադ­­րե­­­լու գոր­­ծընթա­­ցի շա­­րու­­նա­­­կուե­­լուն։

 

Մին­­չեւ այս վեր­­ջին զար­­գա­­­ցումնե­­րը ձեր պա­­հան­­ջով թիկ­­նա­­­պահ կը տրա­­մադ­­րո­­­ւէր։ Այ­­սինքն յա­­տուկ օրե­­րու հա­­մար նա­­խապէս կրնա­­յիք պա­­հանջ ներ­­կա­­­յաց­­նել։ Վեր­­ջին զար­­գա­­­ցումնե­­րէ ետք այս գոր­­ծընթա­­ցին մէջ փո­­փոխու­­թիւններ կա­­տարո­­ւա՞ծ են։

Ճիշդ է, Պահ­­պանման բաժ­­նի տնօ­­րէնու­­թիւնը կը պա­­հան­­ջէ իր կող­­մէ պատ­­րաստո­­ւած հար­­ցա­­­թեր­­թիկ մը լրաց­­նե­­­լու թիկ­­նա­­­պահու­­թիւն պա­­հան­­ջել։ Եր­­բեմն շտապ պայ­­մաննե­­րու մէջ կա­­րելի է հե­­ռախօ­­սով ալ պա­­հանջ ներ­­կա­­­յաց­­նել։ Հի­­մա պէտք է, որ ին­­ծի թիկ­­նա­­­պահ տրա­­մադ­­րե­­­լու կար­­գը փո­­խուի, որով­­հե­­­տեւ ես ման­­րա­­­մաս­­նօ­­­րէն իրենց տե­­ղեկա­­ցու­­ցած եմ ին­­ծի ուղղո­­ւած սպառ­­նա­­­լիքը։ Պէտք է, որ շտապ կեր­­պով կաս­­կա­­­ծեալ­­նե­­­րը հար­­ցաքննեն եւ ին­­ծի ալ ար­­դիւնքէն տե­­ղեակ պա­­հեն։

 

Իսկ դուք ինչպէ՞ս կը մեկ­­նա­­­բանէք այս վեր­­ջին սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րը։ Ըստ ձեզ անոնք առնչո­­ւած են ձեր հե­­տապնդած դա­­տերուն հետ։

Ամե­­նայն յստա­­կու­­թեամբ կրնամ ըսել, որ այս սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րուն ետին կայ իմ որ­­պէս փաս­­տա­­­բան ըրած աշ­­խա­­­տու­­թիւններս։ 20 տա­­րի է, որ կը զբա­­ղիմ իրա­­ւապաշտպա­­նու­­թեամբ եւ իմ ստանձնած բո­­լոր դա­­տական խնդիր­­նե­­­րը առնչո­­ւած են մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու նիւ­­թով։ Կրնամ ըսել, որ շատ ան­­գամ հե­­ղինա­­կը ան­­յայտ ոճիր­­նե­­­րու հետ առնչո­­ւած է իմ աշ­­խա­­­տու­­թիւնը։ Քա­­նի կը փոր­­ձես գաղտնի մնա­­ցած անուննե­­րը հրա­­պարա­­կել ինքնա­­բերա­­բար ինքդ ալ դի­­րախ կը դառ­­նաս այդ յան­­ցա­­­գործ խումբե­­րու դի­­մաց։ Վեր­­ջա­­­պէս այս հա­­մակար­­գի մէջ փաս­­տա­­­բանը պաշտպա­­նող ոչ աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն մը գո­­յու­­թիւն ու­­նի, ոչ ալ իրա­­ւաբա­­նական հա­­մակարգ մը։ Նաեւ կը բա­­ցակա­­յի այս բո­­լորէն հա­­սարա­­կու­­թիւնը իրա­­զէկ դարձնե­­լու կա­­րող մա­­մուլ մը։ Միւս կող­­մէ եր­­կի­­­րը մատ­­նո­­­ւած է տնտե­­սական եւ քա­­ղաքա­­կան ճգնա­­ժամի մը։ Մօտ ապա­­գային պի­­տի ապ­­րինք ընտրու­­թեան շրջան մը, որ դար­­ձեալ կեն­­սա­­­կան նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի։ Ներ­­կայ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը քննող որե­­ւէ կա­­ռոյց գո­­յու­­թիւն չու­­նի։ Այս բո­­լորէն զատ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը որ­­դեգրած են լա­­րուա­­ծու­­թե­­­նէն օգուտ քա­­ղելու ռազ­­մա­­­վարու­­թիւն մը։ Ան­­ցեալ շրջան­­նե­­­րու հետ հա­­մեմա­­տած շատ աւե­­լի զգա­­լի է ցե­­ղապաշ­­տութիւ­­նը եւ խտռա­­կանու­­թիւնը։ Մա­­հուան սպառ­­նա­­­լիք­­ներ տե­­ղաց­­նողնե­­րը ան­­պատժե­­լիու­­թե­­­նէն կ՚օգ­­տո­­­ւին։ Իմ պայ­­մաննե­­րուս մէջ գտնո­­ւող բազ­­մա­­­թիւ փաս­­տա­­­բան­­ներ ար­­դէն կամ բան­­տարկո­­ւած են, կամ ալ իրենց կեան­­քը լրջօ­­րէն վտան­­գո­­­ւած։ Այս երե­­ւոյ­­թին մաս կը կազ­­մեն նաեւ ակա­­դեմիական­­ներ, լրագ­­րողներ, բժիշկներ, ընտրո­­ւած քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչներ։ Ար­­դա­­­րեւ իմ այս յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րէն քա­­նի մը օր անց յայտնի դար­­ձաւ, որ Ժո­­ղովուրդնե­­րու ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան կու­­սակցու­­թե­­­նէն պատ­­գա­­­մաւոր­­ներ եւս են­­թարկո­­ւած են սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րու։ Յու­­սամ, թէ վերջ ի վեր­­ջոյ այս բո­­լորը կը մնան քիչ մը չա­­փազան­­ցո­­­ւած մտա­­հոգու­­թեան երե­­ւոյթներ։

Այս վեր­­ջին զար­­գա­­­ցումնե­­րէն ետք Անվտան­­գութեան բաժ­­նի ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը ձե­­զի հետ կապ հաս­­տա­­­տեցի՞ն։

Դժբախ­­տա­­­բար այդպէս շփում մը չե­­ղաւ։ Ոչ ոք այս մա­­սին փնտռեց զիս։ Ընդ հա­­կառա­­կը ես եմ, որ կրկին ու կրկին զի­­րենք զգու­­շա­­­ցու­­ցի հա­­ւանա­­կան զար­­գա­­­ցումնե­­րուն հա­­մար։ Մի­­նակ մէկ օրո­­ւայ հա­­մար թիկ­­նա­­­պահի ծա­­ռայու­­թիւն ապա­­հովե­­ցին եւ ապա որով­­հե­­­տեւ Ամա­­նորեայ ար­­տա­­­կարգ մի­­ջոց­­նե­­­րու ձեռ­­նարկո­­ւած էր իրենք ալ բա­­ւակա­­նին անձնա­­կազմ չու­­նէին իրենց մօտ։ Այս պայ­­մաննե­­րու տակ ես ալ ար­­դէն ձանձրա­­ցած եմ յա­­րատեւ կեր­­պով պաշտպա­­նու­­թիւն պա­­հան­­ջե­­­լու դիր­­քին մատ­­նո­­­ւելէ։ Բայց արդպէս ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ բո­­լոր ման­­րա­­­մաս­­նութիւնները նե­­րառող դի­­մումնա­­գիր մը պի­­տի պատ­­րաստեմ ուղղո­­ւած Ապա­­հովու­­թեան տնօ­­րէնութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ