Սուրիոյ ներքին պատերազմը վերջերս խճուճուած է երկրի հիւսիսային հատուածին մէջ յատկապէս Թուրքիա- Սուրիա սահմանագծի վրայ։ Միացեալ նահանգներու տարածքէն հեռանալու մասին յայտարարութենէն ետք Թուրքիոյ իշխանութիւնները տատամսումի մատնուեցան հարեւան երկրի սահմանին ուղղեալ զինուորական գործողութեան խնդրին մէջ։ Այս վերջին զարգացումներու մասին զրուցեցինք հալէպահայ լրագրող Վահագն Քէշիշեանին հետ։
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
Արդեօք Սուրիոյ ճգնաժամը խճուճուած է Մինպիչի շուրջ։
Վահագն Քէշիշեան- Կասկած չկայ որ Մինպիչ այսօր Սուրիոյ ճգնաժամի կարեւորագոյն ճակատներէն մէկը կը կազմէ։ Մինպիչի ռազմավարական նշանակութիւնը կու գայ երկու քրտաբնակ տարածքներու արանքին գտնուելով։ Ան Մինպիչ, Ճերապլուս, Պապ տարածքներու կարեւոր մէկ հատուածն է։ Ուրիշ բացատրութիւնով մըն ալ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ իշխանութեան ուժերու կամ անոնց ենթակայ ընդդիմադիրներու առկայութիւնը արգելք կ՚ըլլայ հիւսիսային Սուրիոյ նրբանցքին ամբողջացման։ Մինչդեռ ամերիկացիներ միշտ ցանկացան այդ նրբանցքի ամբողջացումը։
Կ՚արժէ հասկնալ, որ հիւսիսային Սուրիոյ այս հանգամանքը ինչպէս ձեւաւորուեցաւ։ Էսատի իշխանութիւնը ճգնաժամի առաջին տարիներուն քաջալերեց հիւսիսային Սուրիոյ համեմատաբար աւելի անկախ երեւոյթ մը ունենալը։ Այսպէսով պիտի կրնար հակակշռէր Թուրքիան։ Ռուսիա եւ Ամերիկա եւս համաձայնեցան այս ռազմավարութեան շուրջ, քանի որ ՏԱԻՇ-ը զսպելու միակ միջոցը քիւրտերն էին։ Աւելի ուշ Միացեալ նահանգներ ընդլայնեց այդ տարածքը եւ ծաւալեց դէպի ամբողջ Իրաք- Սուրիա սահմանագիծը։ Այսպէսով Իրանէն Իրաք եւ ապա Սուրիա հասնող բոլոր ճամբաները իր հակակշռին տակ պահեց։Այս հանգրուանին Ռուսիա եւ Էսատ համակարծիք չեղան այս ընդլայնման։
Թուրքիա շատ լաւ գիտէ, որ Աֆրինի գրաւումը երկարատեւ պիտի չըլլայ։ Քիւրտեր վերջ ի վերջոյ դարձեալ իրենց հակակշռին տակ պիտի առնեն Աֆրինը։ Թուրքիա այժմ կ՚աշխատի հիւսիսային Սուրիոյ դէպի արեւմուտք ծաւալումին արգելք ըլլալ։ Անոր համար ալ կ՚ուզէ երկու քրտաբնակ տարածքներու միջեւ գրաւեալ գօտի մը ստեղծել։ Այս ծրագիրը ձեռնտու է նաեւ Ռուսիոյ եւ Էսատի հաշւոյն ալ։ Իսկ Ամերիկա նման ծրագիրի մը համակերպելու փոխարէն հիւսիսային Սուրիան ամրացնող երաշխիքներ կը պահանջէ։
ԱՄՆ-էն վերջերս եկող պատգամները քիւրտերը պաշտպանելու ուղղեալ են յաճախ կը կրկնուի «Սուրիայէն ետ դառնալը կրնայ երկար տեւել» արտայայտութիւնը։ Ըստ երեւոյթի ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը փորձե՞ն Թրամբը համոզել այս ռազմավարութեան համար, եւ ինչո՞ւ։
Միացեալ նահանգներ առաջին օրէն սկսեալ Սուրիոյ ճգնաժամին միջամուխ եղաւ Իսրայէլի անվտանգութիւնը ապահովելու հեռանկարով։ Անշուշտ կար նաեւ Սաուտի Արապիոյ գործօնը։ Շատ բան փոխուած է խնդրի առաջին օրերէն այս կողմ։ Ամերիկա իր վարած քաղաքականութեան շնորհիւ շատ աւելի ամուր հիմքեր ունեցաւ այս երկրի մէջ։ Այսօր բոլորը համաձայն են, թէ արձանագրուած զարգացումները միանշանակ կերպով թողել ու հեռանալը այնքան ալ իրաւացի չէ։ Թրամբի յայտարարութիւնները պէտք է ընկալել ո՛չ թէ «իսկոյն կ՚երթանք», այլ «եթէ ուզենք կրնանք երթալ, բայց անոր փոխարէն ի՞նչ պիտի տաք» ձեւով։ Արդարեւ վերջին քանի մը օրերու յայտարարութիւններն ալ այս վարկածը կ՚ապացուցեն։ Ամերիկայի Արեւելեան Միջերկրականի ռազմավարութիւնը ամբողջովին կապուած է Իրաք Սուրիա սահմանագծին եւ այդ հատուածին մէջ շատ կարեւոր է քիւրտերու դերակատարութիւնը։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ Ամերիկա չի կրնար դիւրաւ անտեսել քրտական խաղաքարտը։
Իսկ Ռուսիոյ դաշնութիւնը ի՞նչ հեռանկար ունի Սուրիոյ յատկապէս ալ քիւրտերու ապագային վերաբերեալ։
Ներկայ դրութեան մէջ Ռուսաստան իր ցանկութիւններուն տիրացած կ՚երեւի։ Ան Միջերկրականի վրայ, թէ ցամաքային եւ թէ ծովային բազաներ հաստատելով ամրացուցած է իր գոյութիւնը։ Միւս կողմէ յաջողած է Թուրքիան ամերիկան եւ սաուտական խմբակէն հեռացնելով դէպի իրեն մօտեցնել։ Գալով քիւրտերուն Ռուսաստան կարեւոր առարկութիւն մը չունի այս վերջիններուն ապահոված ձեռքբերումներուն դէմ։ Հաւանաբար Ռուսաստան Թուրքիոյ դէմ կը նախընտրէ լծակները իր ձեռքին ունենալ։ Աւանդաբար քիւրտերը աւելի պիտի մերձենան Ռուսաստանին, քան թէ Ամերիկային։ Այսօր Ռուսաստանի համար ալ ձեռնտու է քիւրտերուն որոշ ձեռքբերումներ ապահոված հիւսիսային հատուած մը։ Վերջապէս տարածաշրջանը սաուտիներու հսկողութեան տակ ՏԱԻՇ-ին թողելու վարկածէն շատ աւելի նպաստաւոր է ինքնավար Քիւրտիստանի մը առկայութիւնը։
Իսկ այս բոլորի մէջ ի՞նչ է Իրանի քաղաքականութիւնը։
Սուրիոյ ճգնաժամի ամենակարեւոր գործօններէն մէկն ալ Սաուտի Արապիոյ Իրանի հաւանական ընդլայնման դէմ կանխամիջոցներու դիմելն է։ Ճգնաժամի սկզբման օրերուն Լիբանանի մէջ Իրանի բարեկամ կառավարութիւն մը Իրաքի մէջ Իրանի հետ բանակցութիւններ վարող Միացեալ Նահանգներ մը կար։ Սուրիոյ մէջ աշխատանքի կը լուծուէին Իրանական գործարաններ։ Թեհրանէն ճամբայ ելլող բեռնատար ինքնաշարժները ամենայն հեշտութեամբ կ՚անցնէին Պաղտատէն ու կը հասնէին Հումուսի ճամբով Պէյրութ։ Այսօր ութը տարի անց թէեւ բեռնատարներ չեն երթեւեկէր, բայց Իրանի ազդեցութիւնը չէ նուազած, ընդ հակառակը Սաուտի Արապիա, ուր որ է հասած է Էսատէն ներողութիւն խնդրելու եւ զայն արաբական միութեան հրաւիրելու հանգրուանին։
Սուրիոյ մասնահատման դէմ եկողներուն գլխաւորներէն է Իրան։ Ան ալ կը պահանջէ, որ պահպանուի երկրի տարածքային ամբողջութիւնը։ Իրան գիտէ, թէ կեդրոնախոյս ամէն գործօն նաեւ հեռացած պիտի ըլլայ իր ազդեցութեան դաշտէն։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ Իրան եւս վերապահութեամբ կը հետեւի Հիւսիսային Սուրիոյ զարգացումներուն, իսկ Թուրքիա որովհետեւ իր բոլոր ռազմավարութիւնը կառուցած է հակաքրտական քաղաքականութեան մը վրայ չունի ռազմավարական տեղաշարժեր ընելու կարողութիւն։ Մինչդեռ Սուրիոյ պատերազմի բնորոշիչը ճիշդ ալ այդ նեղ տարածքներու վրայ գործադրուած ռազմավարութիւններն են։