Աւանդազրոյցներ Քրիստոսի մասին

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Անգամ մը Քրիստոս դաշտով անցնե­­լիս կ՚ըլ­­լայ, երեք մար­­դու կը հան­­դի­­­պի։ Առա­­ջին մար­­դու հա­­մար նա քա­­րերը հօտ կը դարձնէ, երկրոր­­դի հա­­մար՝ դաշ­­տը խա­­ղողի այ­­գու կը վե­­րածէ, իսկ եր­­րորդին բա­­րի ու գե­­ղեցիկ կին մը կու տայ։

Որոշ ժա­­մանակ անց Քրիս­­տոս կը մտա­­ծէ փոր­­ձել այդ մարդկանց։ Քրիս­­տոս այ­­ցի կ՚եր­­թայ նրանց։ Առա­­ջին մար­­դը շատ ան­­հիւրըն­­կալ կը գտնո­­ւի, եւ Քրիս­­տոս անոր պատ­­ժե­­­լու հա­­մար իր հո­­տի հետ քար կը դարձնէ։

Երկրոր­­դը նոյնպէս հիւ­­րընկալ չգտնո­­ւեցաւ Քրիս­­տո­­­սի հան­­դէպ, եւ Քրիս­­տոս այդ մար­­դուն ալ կը պատ­­ժէ՝ խա­­ղողի այ­­գին ան­­տա­­­ռի վե­­րածե­­լով, մար­­դուն ալ՝ ար­­ջի։

Եր­­րորդ մար­­դը, չնա­­յած իր աղ­­քատ ու ծանր պայ­­մաննե­­րու, կնոջ հետ մեծ սի­­րով կ՚ըն­­դունեն Քրիս­­տո­­­սին եւ կը պա­­հեն կը պա­­տուեն անոր, ին­­չի հա­­մար Քրիս­­տոս յա­­րու­­թիւն կու տայ տան­­տի­­­րոջ մե­­ռած որ­­դուն, իսկ մոր­­թո­­­ւած եզան ոս­­կորնե­­րէն եզա­­նը կը կեն­­դա­­­նաց­­նէ, իսկ այն ջու­­րը, որ­­մէ լո­­ւացել էին իր ձեռ­­քերն ու ոտ­­քե­­­րը, ոս­­կի կը դարձնէ։

***

Օր մը Յի­­սուս ծե­­րու­­նու կեր­­պա­­­րանք կ՚ըն­­դունի եւ աղ­­քատ մար­­դու մը տա­­նը հիւր ըլ­­լալ կ՚ու­­զէ։ Սա­­կայն խստա­­սիրտ մար­­դը կը մեր­­ժէ ծե­­րու­­նուն։ Մինչդեռ նրա կի­­նը ամուսնուց ծա­­ծուկ մսու­­րում տեղ կու տայ Քրիս­­տո­­­սին, քիչ մըն ալ հաց ու ջուր կու տայ։

Կէս­­գի­­­շերն անց տան­­տէ­­­րը խիստ փո­­րացաւ կ՚ու­­նե­­­նայ եւ շատ կը տա­­ռապի։ Կի­­նը օգ­­նութիւն կը խնդրէ ծե­­րու­­նուց։ Քրիս­­տոս ալ կ՚ըսէ թէ՝ «գնա՛, ազ­­նիւ կին, ամու­­սինդ առողջ է»։

Կի­­նը կ՚եր­­թայ կը տես­­նէ որ իր ամու­­սինն իս­­կա­­­պէս առող­­ջա­­­ցել է, կ՚իջ­­նէ որ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնէ, բայց ծե­­րու­­նին ան­­հե­­­տացել էր։ Մարդ ու կին այդ ժամ կը հասկնան որ իրենց հիւ­­րը Քրիս­­տոս եղած էր։

***

Քրիս­­տո­­­սը աղ­­քա­­­տի կեր­­պա­­­րանք կ՚ըն­­դունի եւ կ՚եր­­թայ տուն մը հիւ­­րընկա­­լու­­թիւն խնդրե­­լու։ Տան­­տի­­­կինը կը մեր­­ժէ, բայց տան­­տէ­­­րը կ՚ըսէ որ ներս առ­­նեն։ Մսու­­րը ան­­կո­­­ղինը կը ձգեն, ու­­տե­­­լու հա­­մար խոռ պնա­­կով մը թթու թան, գա­­րու հաց ու փոք­­րիկ գդալ մը կու տան։ Քրիս­­տո­­­սը կ՚ու­­տէ, կը պառ­­կի։

Կէս­­գի­­­շերին տան հար­­սը ծանր խոց­­տուկի մը կը բռնո­­ւի։ Ճա­­րահատ կը դի­­մեն աղ­­քատ մար­­դուն, որ իրա­­կանում Քրիս­­տոսն էր։

Քրիս­­տոս այս աղօթ­­քը կ՚ըսէ եւ խոց­­տուկը կը դադ­­րի.

Քրիս­­տոս տէրս հուր էր,

Օթե­­ւան­­քը մսուր էր,

Խոռ պնա­­կիկ,

Կու­­ճու գդա­­լիկ,

Թունյի կտիկ,

Տուր (այ­­սինչին) բժշկու­­թիւն։

***

Քրիս­­տոս աղ­­քա­­­տիկ գիւ­­ղով անցնե­­լիս կ՚ըլ­­լայ։ Գիւ­­ղա­­­ցինե­­րէն մի­­նը նրան իր տուն կը հրա­­ւիրէ։ Մի պռատ խան (ցո­­րեն չա­­փելու կոտ­­րո­­­ւած աման) կը դնէ՝ վրան նստե­­լու հա­­մար, թթու թան կու տայ եւ պո­­չիկ (պո­­չը կոտ­­րո­­­ւած) գդալ։ Քրիս­­տոս կ՚ըն­­դունի այդ սրտանց հիւ­­րա­­­սիրու­­թիւնը։

Գի­­շերը տան­­տի­­­րոջ երե­­խան փո­­րացաւ կ՚ու­­նե­­­նայ եւ շատ կը տան­­ջո­­­ւի։ Քրիս­­տոս սա տես­­նե­­­լով այս աղօթ­­քը կ՚ըսէ եւ կ՚անե­­րեւու­­թա­­­նայ, իսկ տղան կ՚ապա­­քինո­­ւի.

Ին­­քը սուրբ,

Տե­­ղը մսուրք,

Թթու թան,

Պո­­չիկ գդալ,

Պռատ խան.

Ով սուրբ Աս­­տո­­­ւածա­­ծին,

Դու կտրես սրա սանճուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ