ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՇԷԿ Հայրենասիրութեան գոյնը

Հայրենասիրութեան գոյնը

- Եթէ Նո­­րավան­­քի կիր­­ճը նուրբ մատ մըն է, անոր վա­­նական հա­­մալիրն է զայն ամ­­բողջաց­­նող մա­­տանին, իսկ կեդ­­րո­­­նական այս եկե­­ղեցին, որ Սուրբ Աս­­տուածա­­ծին կը կո­­չուի, այս մա­­տանին զար­­դա­­­րող ադա­­ման­­դը- մար­­դա­­­կերտ հրաշք։

- Ի՛նչ գե­­ղեցիկ նմա­­նու­­թիւն է, պա­­րոն։

- Շնոր­­հա­­­կալ եմ, Շանթ, բայց անի­­կա պա­­րոնիդ չի պատ­­կա­­­նիր։ Անոր ծնունդ տո­­ւած պատ­­կե­­­րալից միտ­­քը 10-րդ դա­­րուն Սիւ­­նի­­­քի Սո­­փիա իշ­­խա­­­նու­­հին ար­­տա­­­յայ­­տեր է իր շի­­նած Գնդե­­վան­­քը նկա­­րագ­­րե­­­լու հա­­մար։ (*)

Նո­­րավան­­քի մոխ­­րա­­­գոյն երկնքի տակ, պա­­տանի­­ները կը շա­­րու­­նա­­­կեն ունկնդրել ճար­­տա­­­րապետ Սի­­րանե­­սի, քան­­դա­­­կագործ Մո­­միկի եւ Օր­­պե­­­լեան «առիւ­­ծօ­­­րէն խրոխտ» իշ­­խաննե­­րու պատ­­մութիւննե­­րը։ Ապա, հմա­­յուն կը դի­­տեն Հայր Աս­­տուծոյ զար­­դա­­­քան­­դակ շի­­կահեր եւ շի­­կամօ­­րուս պատ­­կե­­­րը ու անոր ձախ ափին մէջ կը տես­­նեն Ադա­­մի անշնչա­­ցած գլու­­խը։

Կը վեր­­ջա­­­նայ մանր դա­­սախօ­­սու­­թիւնը ու փո­­շիացած տու­­ֆի վրայ նստած աշա­­կերտնե­­րը ճամ­­բորդա­­կան ծո­­ցատետ­­րե­­­րուն մէջ կը գծագ­­րեն իրենց վեր­­ջին տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը։ Իսկ երբ անձրե­­ւի անակնկալ կա­­թիլ­­ներ կը սկսին իջ­­նել, անոնք արագ քայ­­լե­­­րով կ՚ուղղո­­ւին դէ­­պի վան­­քա­­­պատ­­կան ճա­­շարա­­նը։ Երե­­խանե­­րը միաբե­­րան կ՚աղօ­­թեն. Ճա­­շակես­­ցուք խա­­ղաղու­­թեամբ... Ճա­­շարա­­նը ու­­նի երեք պատ, չոր­­րորդը, որ կը դի­­տէ խո­­յացող շի­­կակար­­միր ժայ­­ռա­­­պատե­­րը, ծայ­­րէ ծայր ապա­­կի է։ Ճաշ մա­­տու­­ցողնե­­րը լայն կը բա­­նան անոր փեղ­­կե­­­րը, ...զկե­­րակուրս, որ պատ­­րաստեալ է... Այդ խորհրդա­­ւոր պա­­հուն մէկ այլ հրաշք կը շո­­յէ մեր աչ­­քե­­­րը- կիր­­ճի հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րը։ Ցից վի­­մաժայ­­ռե­­­րու վրայ սա­­հող ամ­­պե­­­րը կը ստեղ­­ծեն լոյ­­սի եւ ստո­­ւերի խա­­ղեր։ Ապ­­շած կը դի­­տենք ...մեզ ի Տեառ­­նէ։ Օրհնեալ է Տէր ի պար­­գեւս իւր... Ու, մտքի մէջ կը յա­­ծի այդ պատ­­կե­­­րը շրջա­­նակող բա­­ռը- շէկ։ ...Ամէն։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող­­ներ, թող մեր սփիւռքա­­հայ աշա­­կերտնե­­րը վա­­յելեն հայ­­րե­­­նի սե­­ղանը, ձեռ­­քէ ձեռք անցնեն լա­­ւաշի, լո­­բիի, քա­­մած մա­­ծու­­նի պնակ­­նե­­­րը ու թող խան­­դա­­­վառո­­ւին այն հա­­մեր­­գի մա­­սին, որ երե­­կոյեան տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նայ Երե­­ւանի Շառլ Ազ­­նա­­­ւուր հրա­­պարա­­կի վրայ, մենք առանձնա­­նանք «շէկ» բա­­ռի ջեր­­մացնող պատ­­մութեան հետ։

«Շէկ» բա­­ռի ստու­­գա­­­բանու­­թիւնը կը մնայ անյստակ։ Ուստի, երբ կը բա­­ցակա­­յի անոր ար­­մա­­­տը կամ ծա­­գու­­մը, կ՚առա­­ջար­­կեմ մտքի հե­­ռաւոր թռիչք մը կա­­տարել ու ան­­յի­­­շելի ժա­­մանակ­­նե­­­րու մէջ որո­­նել առա­­ջին «շէկ» հա­­յը։ Վա­­հագն աս­­տո­­­ւածն էր անի­­կա, որ ու­­նէր «հուր հեր», մօ­­րուքն էր «բոց» եւ «աչ­­կունքն էին արե­­գակունք»։ Թէեւ անոր ծնունդին նո­­ւիրո­­ւած վի­­պեր­­գի մե­­զի հա­­սած պա­­տառի­­կին մէջ կը բա­­ցակա­­յի «շէկ» բա­­ռը, սա­­կայն, կաս­­կած չու­­նինք, թէ Մով­­սէս Խո­­րենա­­ցին զայն օգ­­տա­­­գոր­­ծած պի­­տի ըլ­­լար եր­­կի ամ­­բողջու­­թեան մէջ։ Հա­­յոց քեր­­թո­­­ղահօր մէկ այլ վի­­պասա­­նու­­թեան մէջ, ահա, կը գտնենք «շէկ»ի հնա­­գոյն գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը. «Հե­­ծաւ արի ար­­քայն Ար­­տա­­­շէս ի սեաւն գե­­ղեցիկ, եւ հա­­նեալ զոս­­կեօղ շի­­կափոկ պա­­րանն...»։ Ար­­տա­­­շէսի եւ Սա­­թենի­­կի պատ­­մութիւնն է անի­­կա, ուր հա­­յոց ար­­քան «շի­­կափոկ» պա­­րանով կը որ­­սայ ալան­­նե­­­րու օրիոր­­դը։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող­­ներ, աշ­­խարհի բնակ­­չութեան մէկ-եր­­կու տո­­կոսն է շէկ։ Բնա­­ծինը նկա­­տի ու­­նինք։ Ձեր ակնկա­­լածէն նո­­ւազ, չէ՞։ Նոյնպէս «շէկ» բա­­ռը եղաւ ակնկա­­լուա­­ծէն նո­­ւազ պտղա­­բեր։ Հա­­զիւ քսան բառ «շէկ»ով սկսող եւ քսան բառ՝ «շէկ»ով վեր­­ջա­­­ցող։ Հնա­­գոյննե­­րէն մէկն է «ատ­­րա­­­շէկ» ըն­­տիր ածա­­կանը։ Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լին մե­­զի տո­­ւեր է «ատ­­րա­­­շէկ բոց» ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը։ Սա­­կայն, հա­­յու­­թիւնը եւ հա­­յոց մայ­­րե­­­նին մին­­չեւ 1909 թո­­ւակա­­նը պէտք էր, որ սպա­­սէին, որ­­պէսզի Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նի գրի­­չը տար անոր ամե­­նէն ող­­բա­­­գին գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը. «Ո՜վ ատ­­րա­­­շէկ եր­­կա­­­թով կու­­րա­­­ցուած հայ­­րե­­­նիք»։ Նոյն տղան, որուն տո­­ղերուն մէջ «աստղե­­րը շէկ կ՚ար­­ծարծէին», մե­­զի պար­­գե­­­ւեց «շի­­կագոյն ցո­­րեան», «շէկ հաս­­կեր», «շէկ Ոգի», «հրա­­շէկ կայ­­ծակ» եւ «հրա­­շէկ շան­­թեր» ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը։ Մեր լե­­զուին գոյն տո­­ւին նաեւ արե­­ւաշէկ եւ բո­­ցաշէկ ածա­­կան­­նե­­­րը։ Սիաման­­թօն անոր մէջ տե­­սաւ «Շէկ կտոր մը եր­­կաթ», իսկ Պա­­րոյր Սե­­ւակը՝ «շէկ բուրվառ», «շէկ անա­­պատ» եւ «շէկ աք­­սոր»... Ըմ­­բոստ բա­­նաս­­տեղծնե­­րու քով ու­­նե­­­ցանք նաեւ շիկ­­նոտ, շէկ­­լիկ եւ շի­­կերես քնա­­րեր­­գակներ, ինչպէս՝ Մի­­սաք Մե­­ծարեն­­ցը։ Ժա­­մանա­­կակից­­նե­­­րէն մէ­­կը կը նկա­­րագ­­րէ. «Նոր հար­­սի մը պէս շիկ­­նոտ»։ «Սի­­րերգ»ի մէջ տղան շշնջաց. «Երբ կը մեկ­­նիմ ես քու քո­­վեդ, կ՚ըլ­­լամ շիկ­­նոտ ու թըռվռուն»։ Այս վառվռուն բա­­ռը, ըստ երե­­ւոյ­­թին, կը փոր­­ձէր հա­­յու հե­­ռաւոր ան­­ցեալի կերպրան­­քը յի­­շեց­­նել հե­­տեւեալ բա­­ռերով- շի­­կամազ, շի­­կամորթ, շի­­կամօ­­րուս, շի­­կավարս, շի­­կահեր… Իսկ, առա­­ւել ըն­­տիր է «շի­­կակար­­միր» ածա­­կանը։ Լե­­ւոն Շան­­թը զայն մէկ ան­­գամ տե­­սեր է գամ շի­­նող­­նե­­­րու ար­­հեստա­­նոցի մը մէջ. «...մուրճե­­րը կը բարձրաց­­նեն ու կ՚իջեց­­նեն, ...յա­­ջոր­­դա­­­բար կը հա­­րուա­­ծեն շի­­կակար­­միր եր­­կա­­­թը սա­­լին վրայ»։

«Շէկ» միավան­­կը հա­­յոց պատ­­մութեան ամե­­նակար­­միր օրե­­րուն իր ու­­սե­­­րուն վրայ շալ­­կեց մեծ պար­­տա­­­կանու­­թիւն- դար­­ձաւ աղէտ­­նե­­­րու իշ­­խող գոյ­­նը։ Թու­­մա­­­նեանը պատ­­մեց. «Քա­­նի ան­­գամ շէկ անա­­պատի օր­­տունե­­րը (բա­­նակ) սեւ, իրա­­րու ետեւ եկա՜ն, զար­­կե­­­ցին մեր քար­­վանն ազ­­նիւ, Հա­­յոց լեռ­­նե­­­րում, Ար­­նոտ լեռ­­նե­­­րում»։ Այդ օրե­­րուն հրաշ­­քով փրկո­­ւած եր­­կու մա­­տեան­­ներ կո­­չուե­­ցան «շէկ»։ Մէ­­կը Սե­­ւանի մօտ, Վար­­դէ­­­նիկ գիւ­­ղի Շէկ աւե­­տարանն է, 1507 թո­­ւակա­­նի ձե­­ռագիր մը, այդ գիւ­­ղի հո­­գեւոր գան­­ձը։ Երկրոր­­դը ու­­նի իր ոդի­­սակա­­նը։ 92ամեայ Քնա­­րիկ Գալստեանը կը յի­­շէ. «Ես ըն­­դա­­­մէնը վեց տա­­րեկան էի։ Կար­­սից փախ­­չե­­­լիս, վա­­խենա­­լով, ըն­­տա­­­նիքը թա­­ղել էր իր աւե­­տարա­­նը։ Այն կո­­չել են Շէկ աւե­­տարան»։ Ըն­­տա­­­նիքի կի­­ներէն մէ­­կը երա­­զի մէջ տե­­սեր է աւե­­տարա­­նը, վե­­րադար­­ձեր ու գտեր են։ Մին­­չեւ այ­­սօր Կիւմրիի մէջ ապ­­րող կար­­սե­­­ցինե­­րը կ՚աղօ­­թեն Շէկ աւե­­տարա­­նին եւ օգ­­նութիւն կը հայ­­ցեն»։

Իսկ այժմ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող­­ներ պի­­տի խնդրեմ, որ ձեր սե­­նեակին մէջ լռու­­թիւն տի­­րէ, քան­­զի պի­­տի ծա­­նօթա­­նաք հա­­յոց նոր պատ­­մութեան ամե­­նէն հե­­րոս, ամե­­նէն անձնո­­ւէր պա­­տանի շէ­­կին- 19-ամեայ Ռո­­բերտ Աբա­­ջեանն է ան, որ քա­­ռօրեայ պա­­տերազ­­մին, իր մօտ մնա­­ցած վեր­­ջին նռնա­­կը ձեռ­­քին, սպա­­սեց մին­­չեւ որ մար­­դա­­­կերպ բո­­լոր թշնա­­մի զի­­նեալ­­նե­­­րը լաւ մը մօ­­տենան իրեն։ Ապա, ար­­ձա­­­կեց բռնկի­­չը։ Չյանձնո­­ւեցաւ։ (Անոր տա­­պանա­­քարին առ­­ջեւ է, որ մեր Շան­­թը օր մը առաջ ար­­տա­­­սանած էր Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նի «Առ­­կայծ Ճրագ» քեր­­թո­­­ւածը)։ Իսկ այժմ այդ քա­­ջոր­­դոյն յի­­շատա­­կին, ար­­ժա­­­նապէս, կը պատ­­րաստեն շար­­ժանկար։ Անո՞ւնն այդ շար­­ժանկա­­րին- «Շի­­կահեր տղան»… Ի՞նչ է հայ­­րե­­­նասի­­րու­­թեան գոյ­­նը, եթէ հարցնէք, այ­­լեւս կաս­­կած չկայ- շէ­­կը։ Պա­­րոյր Սե­­ւակը կը ձայ­­նակցի. «Տաք է սէ­­րը մեր շէկ քա­­րերիդ պէս»... Բայց կա­­յին օրեր, երբ բառս սի­­րոյ ջերմ գոյնն էր։ Ականջ տո­­ւէք Ջա­­ւախ­­քի «Լի­­լիկին» պա­­րեր­­գին. «Շէկ աղջկայ ծո­­ցուին նուռ է... Շէկ ծա­­մով, ծով ծա­­մով մէ­­կու­­ճար աղ­­ջիկ»։ Ապա, քնա­­րեր­­գակներ եկան ու երկրպա­­գեցին անոր։ Մէ­­կը Պետ­­րոս Դու­­րեանն էր. «Չ՚ու­­նի լու­­սինն վար­­դերն շիկ­­նոտ այ­­տե­­­րուդ», Կո­­միտա­­սը Արա­­գածի փէ­­շերէն հա­­ւաքեց եր­­գի պա­­տառիկ մը. «Մայ­­րի՛կ ջան, քար կտրեմ շէկ յա­­րի դար­­դի­­­ցը», ու վեր­­ջա­­­պէս զայն գո­­վեր­­գեց Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցը. «Ու­­զում եմ ես հի­­մա քո շէկ մա­­զերը բոց»։

Անձրե­­ւը մին­­չեւ Երե­­ւան եւ մին­­չեւ Ազ­­նա­­­ւու­­րի հրա­­պարակ հե­­տեւե­­ցաւ մեզ։ Հո­­վանոց­­նե­­­րու տակ պաշտպա­­նուած երի­­տասարդնե­­րուն միացան մեր աշա­­կերտնե­­րը։ Ու, Կո­­միտա­­սի «Գու­­թա­­­նը մա­­նի-մա­­նի» եր­­գով սկսաւ Գա­­րիկ-Սո­­նա զոյ­­գի հա­­մեր­­գը։ Եւ այդ գի­­շեր «շէկ»ը կրկին դար­­ձաւ սի­­րով գոյ­­նը։ (**)

«Գու­­թա­­­նը մա­­նի-մա­­նի, օ, օյ,

Շէկ աղ­­ջիկ հաց կը տա­­նի, օ, օյ,

Մէկ կ՚եր­­թայ, մէկ կը նա­­յի, օ, օյ,

Շէկ տղի խելք կը տա­­նի, օ, օյ»։

(*) «Մա­­տանի էր անակն Վա­­յոց ձոր, շի­­նեցի զսա եւ եդի ակն ի վե­­րայ»։

(**) Հա­­մեր­­գը լսե­­լու հա­­մար ձեր բջի­­ջայի­­նով հաճեցէք վերծանել պատկերը։