Ամէն ինչ մանուկներու զարգացման համար

Համազգայինի կեդ­րո­նական վար­չութիւ­նը երեք տա­րի է, որ ձեռ­նարկած է խիստ հե­տաքրքրա­կան նա­խաձեռ­նութեան մը։ Արեւմտա­հայե­րէնի եւ արե­ւելա­հայե­րէնի ու­սուցու­մը մատ­չե­լի դարձնե­լու նպա­տակաւ ձեռ­նարկո­ւած «Լա­լան ու Արան» հա­մակարգչա­յին խա­ղի բնոյ­թով կու գան մա­նուկնե­րու բա­ռամ­թերքը ճո­խաց­նե­լու, կեան­քի էական երե­ւոյթնե­րը նիւթ ու­նե­նալով։ Այսպէս շար­քի առա­ջին խաղն էր «Գոյ­նե­րու Աշ­խարհ»ը եւ երկրորդն ալ «Ձե­ւերու Աշ­խարհ»ը, իսկ այժմ մա­նուկնե­րուն տրա­մադ­րո­ւած է «Գի­րերու Աշ­խարհ»ը, որ այս ան­գամ կը մի­տի հա­յոց այ­բուբե­նի 38 տա­ռերը մատ­չե­լի եղա­նակով ծա­նօթաց­նել հայ մա­նու­կին։

Հա­մազ­գա­յինի կեդ­րո­նական վար­չութիւ­նը այս առ­թիւ փո­խան­ցած տե­ղեկա­տուու­թեան մէջ կը նշէ, թէ նա­խաձեռ­նութիւ­նը կեան­քի կը կո­չուի, շնոր­հիւ Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկի հայ­կա­կան բաժ­նի եւ Հա­մազ­գա­յինի ԱՄՆ-ի Արե­ւելեան շրջա­նի Շրջա­նային վար­չութեան նիւ­թա­կան աջակցութիւնով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ