Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի շնորհաւորական ուղերձը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ

«Սիրելի ժո­ղովուրդ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան հպարտ քա­ղաքա­ցիներ, Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան հպարտ քա­ղաքա­ցիներ, Սփիւռքի հպարտ հա­յու­թիւն.

Ահա եւ ան­ցաւ 2018 թո­ւակա­նը։ Սա մի տա­րի էր, որ մնա­լու է հա­մաշ­խարհա­յին եւ հայ ժո­ղովրդի պատ­մութեան մէջ, իւ­րա­քան­չիւր հա­յու յի­շողու­թեան մէջ՝ որ­պէս ժո­ղովուրդի իշ­խա­նու­թեան հաս­տատման, քա­ղաքա­ցիական ար­ժա­նապա­տուու­թեան, լա­ւատե­սու­թեան ու պե­տակա­նու­թեան յաղ­թա­նակի տա­րի։

2018-ը մի տա­րի էր, երբ հա­յաս­տա­նաբ­նակ թէ սփիւռքա­հայ, մեծ ու մա­նուկ, կին թէ տղա­մարդ, գիւ­ղաբնակ թէ քա­ղաքաբ­նակ՝ միաւո­րուե­ցին մէկ ընդհա­նուր նպա­տակի շուրջ եւ կեր­տե­ցին մէկ ընդհա­նուր յաղ­թա­նակ, որն ի վեր­ջոյ դար­ձաւ ազ­գա­յին միաս­նութեան մի բա­ցառիկ նո­ւաճում։

2018-2019 թո­ւական­նե­րու այս սահ­մա­նագ­ծին ու­զում եմ ձե­ւակեր­պել, ու­րեմն, այն խնդի­րը, որ դրո­ւած է մեր առաջ. 2019 թո­ւակա­նը դարձնել նոյնքան սի­րելի ու հա­րազատ, նոյնքան յի­շար­ժան եւ յաղ­թա­ռատ, որ­քան եղաւ 2018 թո­ւակա­նը։

Եւ հարկ եմ հա­մարում ար­ձա­նագ­րել, որ անցնող տա­րին ոչ թէ մեր յաղ­թա­նակ­նե­րու գա­գաթն էր, այլ ըն­դա­մէնը ստո­րոտը, ոչ թէ մեր եր­թի եզ­րա­գիծն էր, այլ ըն­դա­մէնը մեկ­նարկը։

2019 թո­ւակա­նին մենք պէտք է նո­ւաճենք նոր բար­ձունքներ, ար­ձա­նագ­րենք նոր յա­ջողու­թիւններ եւ առա­ջին հեր­թին մեր երկրի սո­ցիալ-տնտե­սական կեան­քում։

2019 թո­ւակա­նի մեր հիմ­նա­կան խնդի­րը տնտե­սական յե­ղափո­խու­թիւնն է, նրա ար­դիւնքներն աւե­լի ու աւե­լի տե­սանե­լի դարձնե­լը։ Բայց եկող տա­րին նոյնպէս մեր յաղ­թա­նակ­նե­րու գա­գաթ­նա­կէտը չի լի­նելու, ոչ թէ այն պատ­ճա­ռով, որ մեր թռիչ­քը ցածր է լի­նելու, այլ այն պատ­ճա­ռով, որ մեր ազ­գա­յին եւ պե­տական յա­ւակ­նութիւննե­րը լի­նելու են բարձր, աւե­լի բարձր, աւե­լի ու աւե­լի բարձր։

Սրա­նում է Հա­յաս­տա­նում տե­ղի ու­նե­ցած ոչ բռնի, թաւ­շեայ, ժո­ղովրդա­կան յե­ղափո­խու­թեան առանցքա­յին իմաս­տը։ Երբ ժո­ղովուրդը հա­ւատում է իր միաս­նութեան ու­ժին, իր ան­ցեալի եւ ապա­գայի ու­ժին։ Մենք հա­ւատում ենք մեր ամէն քա­ղաքա­ցու ստեղ­ծա­րար տա­ղան­դին եւ 2019 թո­ւակա­նը պի­տի դառ­նայ հէնց ստեղ­ծա­րար տա­ղան­դի յաղ­թա­նակի տա­րի, երբ ամէն ան­հատ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ամէն քա­ղաքա­ցի, Հա­յաս­տան ներ­գաղթած ամէն մի հայ իրեն տես­նում է ոչ թէ սպա­ռողի, այլ արա­րողի դե­րում, ոչ թէ հե­տեւոր­դի, այլ առաջ­նորդի դե­րում, ոչ թէ հարկ թաքցնո­ղի, այլ հարկ վճա­րողի դե­րում, ոչ թէ գոր­ծա­զուրկի, այլ աշ­խա­տողի դե­րում, ոչ թէ աղ­քա­տի, այլ աղ­քա­տու­թեանը յաղ­թո­ղի, աղ­քա­տու­թեան հետ չհաշ­տո­ւողի, աղ­քա­տու­թիւնը ստեղ­ծա­րար մտքով, ար­դար աշ­խա­տան­քով յաղ­թա­հարո­ղի դե­րում։

2019 թո­ւակա­նը պէտք է դառ­նայ ան­հա­տական ջան­քի յաղ­թա­նակի տա­րի, մտքի ու աշ­խա­տան­քի հա­մադրման տա­րի։ Եւ ու­րեմն, ամա­նորեայ այս օրե­րուն մեր տրա­մադ­րութիւ­նը պէտք է նոր ու­ժով ու եռան­դով լից­քա­ւորի բո­լորիս, նոր լա­ւատե­սու­թեամբ եւ սի­րով հա­մակի մեր հայ­րե­նիքն ու ժո­ղովրդին։

Սի­րելի հայ­րե­նակից­ներ,

Ամա­նորեայ այս երե­կոյին ու­զում եմ առանձնա­յատուկ ող­ջոյններ յղել առաջ­նագծին եւ սահ­մա­նին կանգնած մեր բո­լոր զի­նուոր­նե­րուն, սպա­ներուն, կե­ներալ­նե­րուն, ով­քեր աչա­լուրջ հսկում են մեր ամա­նորեայ ան­դորրը։

Ող­ջունում եմ Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կանու­թեան, ազ­գա­յին անվտան­գութեան ծա­ռայու­թեան, ար­տա­կարգ իրա­վիճակ­նե­րու, ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարա­րու­թեան այն ծա­ռայող­նե­րուն, ով­քեր ամա­նորեայ այս րո­պէնե­րուն իրենց ծա­ռայա­կան պար­տա­կանու­թիւններն են կա­տարում՝ ապա­հովե­լով մեր ժո­ղովրդի անվտան­գութիւ­նը։

Ող­ջունում եմ մեր այն բու­ժաշխա­տող­նե­րուն, էներ­գե­տիկա­յի, հե­ռահա­ղոր­դակցու­թեան, տրանսպոր­տի ոլոր­տի այն աշ­խա­տող­նե­րուն, եւ ընդհան­րա­պէս բո­լոր այն մարդկանց, ով­քեր Ամա­նորը դի­մաւո­րում են աշ­խա­տան­քա­յին պար­տա­կանու­թիւննե­րը կա­տարե­լիս։

Եւ ի վեր­ջոյ ող­ջունում եմ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան բո­լոր քա­ղաքա­ցինե­րին, մեր բո­լոր հայ­րե­նակից­նե­րուն՝ Հա­յաս­տա­նում, Ար­ցա­խում եւ սփիւռքում։

Սի­րում եմ բո­լորիդ, հպար­տա­նում եմ բո­լորովդ եւ խո­նարհւում եմ բո­լորիդ առաջ։

Ժպտա­ցէք իրար, սի­րելի՚ հայ­րե­նակից­ներ, որով­հե­տեւ Նոր տա­րին, ահա, եկաւ։

Շնոր­հա­ւոր Ամա­նոր եւ Սուրբ Ծնունդ։

Եւ ու­րեմն՝ կեց­ցէ՚ Ազա­տու­թիւնը, կեց­ցէ՛ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը, կեց­ցէ՛ենք մենք եւ մեր երա­խանե­րը, որ ապ­րում ենք եւ ապ­րե­լու ենք Ազատ եւ Եր­ջա­նիկ Հա­յաս­տա­նում։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ