Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Ծննդեան տաղաւարին նախօրեակին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը Արամ Արք. Աթէշեանի ստորագրութեամբ պատգամ հրատարակեց։
Սուրբ Ծննդեան պատգամին մէջ Արամ սրբազան փոխարինութիւններ կատարեց Աստուածաշունչէն։ Արամ սրբազան շարունակեց հետեւեալ կերպով. «Սկզբունքի տէր ըլլալը կարեւոր է Քրիստոնեայի կեանքին մէջ։ Քրիստոս ըսած էր. «Եթէ մէկը կ՚ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող ուրանայ իր անձը առնէ իր խաչը եւ իմ ետեւէս գայ» (Մտթ. 16.24)։ Քրիստոս նաեւ ըսաւ. «Ով որ իր հայրը կամ մայրը ինձմէ աւելի կը սիրէ՝ արժանի չէ ինծի. ով որ իր որդին կամ դուստրը ինձմէ աւելի կը սիրէ՝ արժանի չէ ինծի։ Եւ ով որ իր խաչը չառներ եւ իմ ետեւէս չի գար, արժանի չէ ինծի» (Մտթ. 10.37-38)։
Քրիստոս, «Մայրս եւ եղբայրներս անոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն» խօսքով կը հաստատէ նաեւ նոր ազգականութեան մը սկզբունքը։ Այս նոր ազգականութիւնը հաստատուած չէ արենակցութեան վրայ։ Այդ ազգականութեան հաստատութիւնը կապուած է, անհատներու Աստուծոյ խօսքին նկատմամբ որդեգրելիք կեցուածքին։
Այդ նոր ազգականութեան կարելի է հասնիլ երկու աստիճաններով. առաջինն է Աստուծոյ Խօսքը լսել. իսկ երկրորդը՝ զայն գործադրել։ Երբ կեցած ենք առաջի անմահ Գառինն Աստուծոյ, կը յիշենք, որ մեր հայրերը որքան կարեւորութիւն ընծայած են Քրիստոսի կեանքի խօսքերուն։ Անոնք ամէն զոհողութիւն յանձն առած են՝ նուիրուելով եկեղեցաշինութեան գործին ի գին ամէն ինչի եւ շէն ու պայծառ պահած են աղօթքի տուները։ Մեր հայրերը, հետեւելով նաեւ իրենց պապենական օրինակին, Հայ քաղաքացին եւ գիւղացին, արհեստաւորը եւ հողագործը, գործատէրը եւ գործաւորը իրենց կարողութեան ներած չափով լումաները քով քովի դրին ու իրենց ճակտին քրտինքով կերտեցին մեր Սուրբ եկեղեցիները՝ ցոյց տալով, թէ իրենք պատրաստ էին Քրիստոսի ազգականներ կոչուելու։ Սկզբունքի տէր Քրիստոնեայ հաւատացեալը իրեն կեանքի նշանաբան ընտրած է «Առաջ Աստուած» երկու բառերը, որոնց մէջ խտացած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդի անշեղ հաւատքը, որ է վստահիլ Աստուծոյ եւ բարձր պահել Անոր անունը եւ Անոր փառքին նուիրուած գործը։
Եկեղեցին Քրիստոսի Մարմինն է։ Եկեղեցին, իբրեւ հաստատութիւն, որքան ատեն որ կը վայելէ Քրիստոնեայ կոչումին գիտակից հաւատացեալներու ներկայութիւնը, կը շարունակէ գործել եւ խնամք տածել կեանքի ամէն պայմաններուն մէջ՝ հարստացնելով իր զաւակները, բնականաբար հոգեւոր առումով։ Եկեղեցին շէն եւ պայծառ կը մնայ «Սիոնի լերան վրայ յիշատակ մը ունեցող երանելի անձերու» շնորհիւ, որոնք լսած եւ հետեւած են Սուրբ Գիրքի ուսուցման. «Երանելի է մանաւանդ տալը քան առնելը»։ Այս հաւատաւոր կեցուածքն է, որ լումաները կը վերածէ աղիւսներու, ատաղձներու, գերաններու։
Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, այսօր անգամ մը եւս կը վերանորոգենք Քրիստոսի կապուած մնալու մեր ուխտը։ Անգամ մը եւս կանդրադառնանք հոգեւոր շինութեան համար մեր ուսերուն վրայի խաչերուն կարեւորութեան։ Այդ խաչերը կը կրենք Քրիստոսի Խաչափայտին զօրութեամբ, միշտ զգալով Աստուծոյ սէրը, Աստուծոյ հայրական գուրգուրանքը, Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Չմոռնանք, որ Քրիստոս իր մահով մահը կոխոտեց եւ իր յարութեամբը մեզի կեանքը պարգեւեց։ Այս նոր կեանքը կը ծաղկի, կը պտղաբերէ երբ հաստատ կը մնանք խաչակրութեան մեր ուխտի վէմին վրայ։ Այս ուխտը մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի Աստուծոյ ծառայութեան սուրբ ճանապարհը։ Աստուծոյ ծառայութեան ճանապարհին մէջ մեզի կը թելադրուի, «Սիրել մեր թշնամիները, օրհնել մեզ անիծողները, բարիք ընել մեզ ատողներուն, եւ աղօթել անոնց համար, որ մեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն» (Մտթ. 5.44-45)։ Նաեւ կը կանչուինք, կատարեալ ըլլալու, ինչպէս որ կատարեալ է մեր Երկնաւոր Հայրը։
Անգամ մը եւս յիշէնք, թէ Քրիստոնեաներու կեանքը խաչակրութիւն է բառին իսկական առումով, որ իր հետ կը բերէ նաեւ Աստուծոյ ծառայելու, մարդը սիրելու հրամայականը, որ կը բղխի Տիրոջ Խօսքը լսելու եւ զայն կեանքի վերածելու սկզբունքէն։ Չմոռնանք, որ այն պահուն երբ կը դադրինք խաչակրութենէ, մեր կեանքը հոգեւոր առումով կը սկսի տակաւ առ տակաւ մթագնիլ եւ անտանելի դառնալ»։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՁԵԶԻ ԵՒ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ