Հետզհետէ հիմնարկութեան հարիւրամեակին մօտեցող Թուրքիոյ հանրապետութիւնը նախքան այդ պատկառելի տարեթիւին հասնիլը, իր հեղինակաւոր նախագահի ճարպիկ ջանքերով յանկարծակի ոստումով մը որդեգրեց նոր նախագահական դրութիւն։
Թէեւ զանազան երեւոյթներով հարցական կէտեր կան այս անուանակոչումին մէջ։ Նախ նոր կոչուածը որքանո՞վ նոր է, եթէ իրեն բնորդ կ՚ընդունի Օսմանեան սուլթաններու վարչաձեւը։ Յետոյ նախագահական ըսելով այս երկրի մէջ ընդհանրապէս կը հասկնանք հանրապետութեան նախագահի սահմանումը, որ բացարձակապէս գերկուսակցական է։ Բայց մենք ունինք կուսակցապետ հանրապետութեան նախագահ մը։ Աւանդաբար խորհրդարանը, որպէս ժողովուրդի ներկայացուցիչ, գերակշիռ դիրք ունէր բոլոր մարմիններու վրայ։ Հիմա այդ դիրքն ալ գետնին հաւասարած է։ Նախարարներ սովորաբար կ՚ընտրուէին խորհրդարանի անդամներէն։ Ներկայ դրութեան մէջ անոնք ալ կը նշանակուին նախագահ Էրտողանի կամքով։
Հիմա ունինք բաւական տրամաբանական նախարարաց խորհուրդ մը։ Ան որ անցեալին յատուկ հիւանդանոցի սեփականատէր էր, հիմա դարձած է Առողջապահութեան նախարար։ Ան որ անցեալին յատուկ վարժարանի սեփականատէր էր, հիմա դարձած է Կրթութեան նախարար։ Ներողութիւն՝ հազար ներողութիւն, բացթողում չըլլայ, ճշդենք «Ազգային կրթութեան նախարար»։ Իսկ այն, որ անցեալին զբօսաշրջութեան ընկերութիւն մըն ունէր, հիմա կը ղեկավարէ ամբողջ երկրի զբօսաշրջութիւնը։
Ահա հիմա այդ նոր Ազգային կրթութեան նախարարը յայտարարեց որ ամբողջովին վերատեսութեան ենթարկած է երկրի կրթական համակարգը։ Մշակած է նոր ուսման ծրագիր եւ յառաջիկայ հինգ տարուայ ընթացքին այդ ծրագրի համաձայն կրթութիւնը աւելի պիտի ծանրանայ յատուկ, այլ խօսքով վճարովի դպրոցներուն։ Իսկ այս փոփոխութիւնով ի՞նչ արդիւնքի կ՚ակնարկուի, տակաւին այդ մասին բացատրութիւն մը չէ հնչած։
Այստեղ ուշագրաւ է նախ նախարարութեան անունը։ Իրաւ երկիր մը ի՞նչ կարիք կը զգայ կրթութեան նախարարութեան առջեւ «ազգային» կոչում մը աւելցնելու։ Այդ կոչումով ի՞նչը ապացուցած կ՚ըլլանք։ Թերեւս նման հարցումը կարելի է հարցնել երկրի մը «Գիտութիւններու ակադեմիան» յանկարծակի կերպով «Գիտութիւններու ազգային ակադեմիա»ի վերածողներուն։ Իրաւ նախապէս երբ ազգային չէր, ինչո՞վ կը պակասէր այսօրուանէն, կամ «ազգային» աւելցնելով էականօրէն ինչե՞ր աւելացաւ, այդ ակադեմիոյ պարունակութեան մէջ։
Իրականութեան մէջ խնդիրը մեծ է։ Թուրքիա այն երկիրն է, որուն դպրոցական պատանիները իրենց մայրենի լեզուով ըսուածը ընկալելու կամ ըմբռնելու կարողութենէն զուրկ են։ Համաշխարհային աստիճանաւորումներու մէջ դատապարտուած են ամենաստոր հորիզոնականներու վրայ յայտնուելու։ Կասկած չկայ, որ այդ տղաքը եթէ ձերբազատուին «ազգային» ուսման ծրագիրէ եւ հետեւին համամարդկային ամենաէական սկզբունքներուն, դիւրաւ կը մագլցին այդ նոյն աստիճանակարգի աւելի բարձր հորիզոնականներուն։
Դուք ի՞նչ կը կարծէիք, չարիքը միակողմանի՞ պիտի ըլլար։ Ո՛չ, պարարտ հողը ցամքեցնող, ջրառատ գետը չորացնող, պտղատու ծառը արմատախիլ ընող միտքը դպրոցներու համար ալ հազիւ այսքանը կրցաւ ընել։
pakrates@yahoo.com