Նոյեմբերին քաղաքացիական հասարակութեան մի շարք ներկայացուցիչներ բերման ենթարկուեցան՝ մէկ տարիէ աւելի երկար ձերբակալուած Օսման Քաւալայի հետ կապեր ունենալու պնդումով։ Քաւալայի գլխաւորած Անատոլու Քիւլթիւր կազմակերպութիւնը այս մասին յայտարարութիւն մը ըրաւ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է «Հնարաւոր չէ, որ որեւէ կազմակերպութիւն կազմակերպեր կամ ֆինանսաւորեր Կեզիի դէպքերը։ Անատոլու Քիւլթիւրի՝ Կեզիի դէպքերը ֆինանսաւորելուն ուղղուած պնդումները լուրջ հիմք չունին»։ Նոյեմբերի 16-ին 14 հոգի բերման ենթարկուեցանք՝ Օսման Քաւալայի գործի շրջանակներով։ Իրականացուող հարցաքննութեան շրջանակներով Հանրապետական դատախազութիւնը յայտարարած էր, թէ բացայայտուած է, որ Օսման Քաւալան Բաց հասարակութիւն հիմնադրամի եւ Անատոլու Քիւլթիւրի միջոցաւ ֆինանսաւորած եւ կազմակերպած է Կեզիի դէպքերը»։ Յայտարարութեան մէջ նաեւ պնդումներ կային, որ բերման ենթարկուածներու եւ Քաւալայի միջեւ աստիճանակարգի յարաբերութիւններ կան։ Անատոլու Քիւլթիւրի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ կազմակերպութիւնը կը գործէ թափանցիկ, իսկ ֆինանսական հաշուետուութիւնները բաց են ինչպէս աշխատակիցներու, այնպէս ալ հասարակութեան համար, ինչպէս նաեւ կը տեղեկացուի, կազմակերպութեան աշխատանքները եւ ֆինանսական միջոցներու օգտագործումը կը վերահսկուի Հիմնադրամներու տնօրինութեան կողմէ։