ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Զահվել
«Զահվել» տունը, տնամէջը ծըփ-ծըփ մաքրել կը նշանակէ։ Ամբողջ տունը տեղէն վերցնել, տակը վրան բերել, մաս մաքուր դարձնելու անունն է Զահվելը։ Տօնի նախորդող շաբաթը զահվելի շաբաթ է։ Բակի միւս տուներուն նման մենք ալ կահ-կարասին, աման-չամանը, գորգը կարպետը դուրս կը հանենք, պատերը, սիւները, աստիճանները, երեւացող կամ չերեւացող տան ամէն մէկ անկիւնը նոյն զգուշութեամբ կը մաքրենք եւ յետոյ դարձեալ ամէն ինչ իր տեղն ու տեղը կը դիզենք։ Բոլոր հարեւաններ իրենց մաքրութիւնը աւարտելէ ետք ալ միասնաբար կը ձեռնարկենք այս անգամ բակի մաքրութեան։
Ճրագալոյց
Ճրագալոյցին անպայման պէտք է բաղնիք երթալ։ Այն ժամանակ արդուկը ածուխով կը տաքնար։ Հանդերձարան չունենալնուս տօնական տարազները արդուկուելէ ետք պարանով կը կախէինք սենեակին մէջտեղը։ Այդ օր կը թխէին նաեւ Կաղանդի կարկանդակը։ Ծնունդի կարկանդակը կարագով կը պատրաստուի, բայց կաղանդի կարկանդակին մէջ քիչիկ մը քամակի իւղ ալ կ՚աւելցնէինք։ Այդ ժամանակ տուներուն խոհանոցները փուռի դրութիւն չունէինք։ Կարկանդակը թաղի փուռերուն մէջ կ՚եփուէր։ Կամ ասորի փռապան Սաղտոյի կամ ալ հայ փռապան Թումէսի փուռերուն ճամբան կը բռնէինք։ Եփած կարկանդակը փուռէն առնելով տուն բերելու ժամանակ սովորութիւն կար, հանդիպած բոլոր ծանօթներուն կը մատուցուէր։ Եթէ այդ օր երեկոյեան Սուրբ Կիրակոս գացած եւ հաղորդութիւն առած ենք երեկոյեան կարկանդակը համտեսելու իրաւունք կ՚ունենայինք, իսկ եթէ ոչ, ստիպուած պիտի սպասէինք յաջորդ օր Ս. Պատարագի աւարտը։
Նաւակատիք
Ճրագալոյցի երեկոյեան անուններէն մէկն ալ Նաւակատիք է։ Այդ օր սովորաբար սեղանին վրայ կանաչեղէնը շատ կ՚ըլլայ։ Օրուայ կարեւոր ճաշատեսակներէն մէկն ալ թանապուրն է։ Այդ օր կը խուսափէինք անասունի միսէ։ Ասորի ձկնորսներ այդ օր Տիգրիսէն առատ որսով կը դառնան։ Շապոթը մեր այդ կողմերուն յատուկ ձուկ մըն է։ Հայրս որ ընդհանրապէս ձուկ չէր սիրեր Այդ գիշերուան համար անպայման կը գնէր այդ ձուկէն։
Ծնունդ
Եթէ Ամանորին հնդկահաւ կերած ենք Ծնունդին կրկին եւս հնդկահաւ չէինք ուտեր։ Անոր փոխարէն ողներու լիցք կը պատրաստուէր։ Փակին ածուխէ կրակը արդէն վառած կ՚ըլլար եւ մայրս պղնձեայ սանը կը դնէր կրակին վրայ։ Տօնական հագուստներ կը հագուէինք եւ մեծ ուրախութեամբ կ՚երթայինք Սուրբ Կիրակոս։ Շատ հաճելի էր այդ նեղլիկ փողոցներու մէջ դէպի եկեղեցի շտապող հայերու հանդիպիլ։ Եկեղեցւոյ մուտքին Մինաս եւ Սարգիս աղբարիկները «Շեն մնա՜ք պայծառ մնա՜ք աղքատախնամի պնակը մի մոռնաք» աղաղակներով աղքատախնամին օգնութիւն կը հաւաքէին։ Պատարագի աւարտին բոլոր ուխտաւորները զիրար իրենց տուները կը հրաւիրէին։ Սովորոյթ մը եւս, որ Պոլսոյ մէջ չեմ տեսած։ Այդ տարի վերջին անգամ, որ տան մէջ մահ մը որ պատահած է եկեղեցւոյ երէցը, թաղական խորհուրդի անդամները նախ այդ տունը կ՚այցելէին։ Սգաւորները կարկանդակ չեն պատրաստէր, բայց ամէն մարդ իր կարկանդակէն իրենց բաժին կը ղրկէ։ Վերջապէս սգաւորներուն տունը միւս բոլոր տուներէն աւելի շատ կարկանդակ կ՚ըլլար։ Չորցուած մսով տոլման, միջուկով քուֆթէն անպակաս կ՚ըլլային։
2006-ին 25 տարի անց առաջին անգամ Տիյարպէքիր գացի։ Տունս, եկեղեցին, մանկութեան յուշերս բոլորն ալ փլած էին։ Շատ լացի։ Իմ ծնած եկեղեցին փլած էր։ Յետոյ ելայ ուղղուեցայ դէպի Սուրբ Կիրակոս։ Մենք Տիյարպէքիրէն ելած ժամանակ այդ եկեղեցւոյ մէջ տակաւին արարողութիւն կ՚ըլլար։ Հիմա դրան հասայ, դուռը տեղն ու տեղն էր, բայց պատերը չի կար։ Ամէն կողմէ կարելի էր եկեղեցի մտնել։ Աւելի ետք Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան մէջ աշխատող կին մը աւետեց, թէ որոշում կայացուցած են մեր նախապէս բնակած Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին վերանորոգելու համար։ եկեղեցւոյ նախկին տեսքը ցոլացնող տեսանիւթերու կարիք ունէին։ Անմիջապէս իրեն օգնական ըլլալու աշխատեցայ։ 2012-ին «Տիյարպէքիրի հայերը կը խօսին» նախագծի շրջանակով կրկին անգամ Տիյարպէքիր գացի։ Նախարարութեան մօտ աշխատող կինը զիս տարաւ եւ նորոգուած տունը ցոյց տուաւ եւ հարցուց. «Եղեր է Սիլվա հանըմ»։ «Այո» պատասխանեցի։ «Այո, եղեր է»։ Չըսի թէ կիսաւարտ եղեր է։ Տանիքը փակուած էր։ Չորս պատերը կառուցուած էին։ Պիտի բաւարարուէի այսքանով։ Մանաւանդ աւելի ետք Սուրբ Կիրակոսին վերանորոգուիլը տեսնելով ալ աւելի յուսադրուած էի։ Վերակենդանացած էին մանկական յուշերս։ Յետոյ 2015-ին 100-ամեակի միջոցառումներու շրջագծով դարձեալ Տիյարպէքիր, ապա Քամփ Արմէնի դէպքերը, վերջը Տիյարպէքիր բախումները, խրամատները, «Սուր» թաղամասի արգիլեալ տարածք հռչակուիլը, եկեղեցիներու սրբապղծուիլը անխոցելի վէրքեր բացին սրտիս վրայ։ Հայրս քարտաշ էր։ Տիյարպէքիրի ամէն թաղամասին մէջ իր վաստակէն հետք մը թողած էր։ Աւերուած շէնքերու լուսանկարները ամէն անգամուն, որ տեսայ խորապէս ցնցուեցայ։ Սուգ պահեցի երկար ժամանակ։ Հօրս շիրիմը տակաւին հոն է եւ իր ձեռքերով կառուցուած փողոցները քար ու քանդ եղած։ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ զանգակատունը 2006-ին դեռ կանգուն էր։ Հիմա գետնին հաւասար է։ Այդ զանգակատան վրայ արագիլին կառուցած բոյնը իմ մանկական յիշատակներուս ամենագեղեցիկ պատկերներէն մէկն էր։ Երազներս ալ փլեցին։ Եկեղեցին վնասուելէն ետք այդ նոյն ճարտարապետ տիկինը առաջարկեց յատուկ թոյլտուութիւն ապահովել, որպէսզի տեսնեմ մեր տան բակը։ Խստիւ մերժեցի։ Շատ վախցայ որ, այդ փլուզումը տեսնելով երազներուս հետ միասին յիշողութիւնս ալ կը փլի։ Առանց գիրքը աւարտելու Տիյարպէքիր չեմ երթար։ Այս գիրքը հօրս եւ հօրս նման այդ քաղաքին ծառայած բոլորին հանդէպ իմ երախտապարտութիւնն է։ Տիյարպէքիրը, կիները, խոհանոցը, հայրս Յովսէփ, տիյարպէքիրցիներու ծանօթ անունով՝ Սասնեցի Եուսուֆը գրեցի։ Թէ լացի, թէ գրեցտի…։ «Տեւէ համամը» կոչուած բաղնիքի նորոգման ժամանակ, որ մօտաւորապէս երեք ամիս տեւող նորոգում մըն էր, հայրս հիւանդացեր է։ Ես այդ ժամանակ Պոլիս գիշերօթիկ աշակերտ էի։ Մայրս աղաչէր, պաղատեր է բժիշկի մը ներկայանալուն համար։ Ան միշտ յետաձգեր է «գործը աւարտեմ յետոյ կ՚երթամ» ըսելով։ Բաղնիքի նորոգութիւնը աւարտած ժամանակ հօրս հիւանդութիւնը անվերադարձ հանգրուանին հասած էր։
Եթէ նոյն պահուն, թէ մեր տան եւ թէ եկեղեցւոյ տանիքը կաթիլ սկսի, ան նախ եկեղեցի կը վազէր. «Ժամը Աստուծոյ տունն է, նախ պէտք է ան նորոգեմ» ըսելով։ Սրդողած եմ, եւ շատ սրդողած, եւ ամէն ինչին սրդողած…։ Չե՛մ երթար Տիգրանակերտ։
Գիրքս «Արաս» հրատարակչատունէն լոյս պիտի տեսնէ։ Քար ու քանդ եղած քաղաք մը փողոց առ փողոց պատմել փորձեցի։