Ֆառմաքօբէ

Դեղարարութեան ձեռագիր մը

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Դեղարարա­­կան հայ­­կա­­­կան ձե­­ռագիր մըն է, որ հանգչած է գրա­­սեղա­­նիս մօտ, եռո­­տանիի վրայ։ Ան նման է բա­­րեկա­­մի մը, որ եր­­կար տա­­րինե­­րու բա­­ժանու­­մէն ետք զինք կը տես­­նես ու քե­­զի պատ­­մե­­­լիք շատ բա­­ներ ու­­նի։ Բախ­­տա­­­ւորու­­թիւնը ու­­նե­­­ցած եմ համ­­բուրե­­լի ձեռ­­քե­­­րու կող­­մէ գրի առ­­նուած աւե­­տարան­­ներ, աղօ­­թամա­­տեան­­ներ, նա­­րեկ­­ներ, հմա­­յիլ­­ներ տես­­նե­­­լու։ Բայց «ֆառ­­մա­­­քօբէ» մը, ձե­­ռագիր­­նե­­­րուն այս ամե­­նէն ըն­­տիր տե­­սակը միշտ չէ, որ կը պա­­տահի հա­­սարակ գրա­­սէրին։ Այս ան­­գամ, ինչպէ՞ս յայտնո­­ւած էր Պոլ­­սոյ հա­­յաշատ Սա­­մաթիա թա­­ղամա­­սի հնա­­վաճա­­ռի մը մօտ, ապա հա­­սած ին­­ծի, երբ այդ տե­­սակ գիր­­քե­­­րը մաս­­նա­­­գիտա­­կան են ու թան­­գա­­­րան­­նե­­­րու կամ անձնա­­կան հա­­ւաքա­­ծոնե­­րու մէջ իրենց տե­­ղերը շա­­տոնց գտած կ՚ըլ­­լան։ Իս­­կա­­­կան ոդի­­սական մը... Սկսինք թեր­­թե­­­լու։

Դէմ­­քը ծա­­նօթ է. անո­­ւանա­­թերթ մը պարզ, կար­­միր մե­­լանով գրո­­ւած, տիտ­­ղոս, են­­թա­­­խորա­­գիր եւ գրչու­­թեան թո­ւական։ Անըն­­թեռնե­­լի է, սա­­կայն, ամե­­նէն կա­­րեւո­­րը. հե­­ղինա­­կը, դժբախ­­տա­­­բար նաեւ գրչու­­թեան վայ­­րը։ Առա­­ջին այդ հա­­յեաց­­քէն կը յայտնո­­ւի նաեւ մէկ այլ երե­­ւոյթ. հա­­յալե­­զու չէ ան, այլ՝ հա­­յատառ-թրքե­­րէն, այն տե­­սակը, որ Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան վեր­­ջին եր­­կու հա­­րիւր տա­­րինե­­րուն գրո­­ւած կ՚ըլ­­լար։

Գիր­­քը կը կո­­չուի «Ֆառ­­մա­­­քօբ»։ Եանի իլաճ թէր­­քի­­­պի էօղ­­րէ­­­թէն քի­­թափ, որ է գիրք դե­­ղարա­­րու­­թեան»։ Գիր­­քին բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւնը հասկնա­­լու հա­­մար պի­­տի բա­­ւէր ստու­­գա­­­բանել «ֆառ­­մա­­­քօբէ» բա­­ռը։ Յու­­նա­­­րէն է ան։ Կազ­­մո­­­ւած է «ֆառ­­մա­­­քօնէ եւ «բիին» բա­­ռերէն։ Առա­­ջինը «բժշկու­­թիւն, դեղ, թոյ­­ն» կը նշա­­նակէ, իսկ երկրոր­­դը՝ «շի­­նել, արա­­րել»։ Այս բա­­ցատ­­րութիւնն է, որ երկլե­­զու տրուած է խո­­րագ­­րին մէջ։ Անո­­ւանա­­թեր­­թի վրայ կայ երկլե­­զու նշում մը եւս. «Հա­­տոր երկրորդ, եանի ճիլտ իքին­­ճի»։ Թո­ւական՝ «յա­­մի տեառն 1876»։

Այս ստո­­ւար եւ ծանր հա­­տորը (իր ձե­­ռակերտ թուղթին տե­­սակն է պատ­­ճա­­­ռը) կը սկսի 105րդ էջէն ու կը վեր­­ջա­­­նայ 418-րդ էջով։ Չա­­փերն են 19x27 սմ.։ Հաս­­տութիւ­­նը 3.5 սմ.։ Էջե­­րը շրջա­­փակ են, կար­­միր մե­­լանով գծո­­ւած։ Շրջա­­նակի չա­­փերն են 14x22.5 սմ.։ Կազ­­մո­­­ւած է 10 էջա­­նոց 17 պրակ­­նե­­­րէ։ Պրակ­­նե­­­րը կա­­րուած են։ Դժբախ­­տա­­­բար, ու­­նի բազ­­մա­­­չար­­չար տեսք եւ կազ­­մը քայ­­քա­­­յուե­­լու վրայ է։ Են­­թարկո­­ւած կ՚երե­­ւի նաեւ խո­­նաւու­­թեան, քան­­զի կար­­միր մե­­լանը տեղ-տեղ սկսած է լու­­ծո­­­ւիլ։

Գիր­­քը դե­­ղատոմ­­սե­­­րու հա­­ւաքա­­ծոյ մըն է, որոնք թո­­ւար­­կո­­­ւած են 63-էն մին­­չեւ 439։ Վեր­­ջինն է «Աճը խը­­յար խու­­լա­­­սասը», այ­­սինքն «Իշա­­վարունգի սպե­­ղանի»։ Ինչպէս կը թե­­լադ­­րէ այս խո­­րագի­­րը, դե­­ղագոր­­ծը գրի առած է մե­­ծամաս­­նութեամբ բու­­սա­­­կան, ինչպէս նաեւ հան­­քա­­­յին նիւ­­թե­­­րով եւ մե­­տաղա­­փոշի­­ներով դե­­ղեր պատ­­րաստե­­լու ձե­­ւեր։ Ան տրա­­մադ­­րած է նաեւ իւ­­րա­­­քան­­չիւրին բա­­ղադ­­րութիւ­­նը։

Գիր­­քը ու­­նի ներ­­քին դա­­սաւո­­րում։ Դե­­ղերը բաժ­­նո­­­ւած են եօթը խումբի. թթուային­­ներ, ջու­­րեր, հիւ­­թեր, շո­­գեխաշ­­ներ, բե­­րանի հա­­կանե­­խիչ հե­­ղուկներ, սպե­­ղանի­­ներ եւ դե­­ղահա­­տեր։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր հա­­տուած իր մար­­դա­­­կերպ սկզբնա­­տառը ու­­նի կար­­միր մե­­լանով գծագ­­րո­­­ւած, որոնք կը յի­­շեց­­նեն հայ­­կա­­­կան միջ­­նա­­­դարեան ձե­­ռագ­­րե­­­րը։ Դե­­ղատոմ­­սե­­­րը ներ­­կա­­­յացո­­ւած են ո՛չ թէ ար­­քունի օս­­մա­­­ներէ­­նով, այլ՝ հան­­րա­­­մատ­­չե­­­լի լե­­զուով։ Այժմ ներ­­կա­­­յաց­­նենք մէկ-եր­­կու դե­­ղատոմս, որոնք կրնան այ­­սօր իսկ օգ­­տա­­­շատ ըլ­­լալ շա­­տերուն, նե­­րառեալ՝ «ար­­ծա­­­թափայ­­լէ ճա­­ղատ պա­­րոն­­նե­­­րուն եւ դիեց­­նող մայ­­րե­­­րուն։

 

Թիւ 176 դե­­ղատոմս

Ճա­­ղատի հա­­մար լո­­ւալու ջուր

«Քէլ իչին եըքա­­մայա սու»

 

24 տիր­­հեմ* սօլ­­ֆուռօ­­տիսօ­­տա

28 տիր­­հեմ քի­­րէճ սո­­յու

02 տիր­­հեմ շա­­րապ րու­­հու

06 տիր­­հեմ վէ­­նէտիկ սա­­պու­­նու

 

Պունլա­­րը էյի­­ճէ պիր պի­­րինէ գաթ սօն­­րա պէզ­­տէն սիւզ ալ։ Պու սու իլէ քէ­­լի թէզ թէզ եըքա­­մալը։

Սուլֆու­­ռօ­­­տիսօ­­տա, կրա­­ջուր, էթա­­նոլ (էթիլ ալ­­կո­­­հոլ, գի­­նիի ոգի), վե­­նետի­­կեան օճառ (ձէ­­թի օճառ)։

Ասոնք լաւ մը իրար խառ­­նէ, վեր­­ջը լա­­թէն քա­­մէ, ա՛ռ։ Այս ջու­­րի հետ ճա­­ղատը յա­­ճախ պէտք է լո­­ւալ։

 

Թիւ 195 դե­­ղատոմս

 

Թուրբ մաթ­­պուհու

Ա՛լ պիր գաչ թա­­նէ թուրբ, ըրէն­­տէ­­­լէ վէ պի­­րազ սու իլէ էյի­­ճէ բի­­շիր, սօն­­րա սըք ա՛լ սո­­յու­­նու, պու սո­­յա պի­­րազ պալ գա՛թ, շէր­­պէթ էյ­­լէ, վէր աճ գար­­նը­­­նա իչ­­սին։ Պու մաթ­­պուհ գա­­րըլա­­րըն սիւ­­տիւնիւ գա­­յէթ չօ­­ղալ­­տըր։ Պու կի­­պիյէ պիր գաչ տէ­­ֆա է՛թ, վէր իչ­­սին, զի­­րա չօք թէր­­ճիւպէ­­լի տիր։

Բող­­կի շո­­գեխաշ

Յղի կի­­ներու հա­­մար։ Կա­­թի առա­­տու­­թիւն կու տայ։

Քա­­նի մը հատ բողկ առ, քե­­րէ, քիչ ջու­­րով լաւ մը եփէ, վեր­­ջը քա­­մէ ջու­­րը առ, այս ջու­­րին քիչ մը մեղր աւել­­ցուր, օշա­­րակ շի­­նէ, անօ­­թի փո­­րով թող խմէ։ Ասի­­կա տի­­կին­­նե­­­րուն կա­­թը կ՚առա­­տաց­­նէ։ Քա­­նի մը ան­­գամ կրկնէ, տուր թող խմէ, քան­­զի շատ փոր­­ձո­­­ւած է։

 

Թիւ 301 դե­­ղատոմս

Երե­­խայ ու­­նե­­­նալու հա­­մար մա­­ծուկ

Մա­­ճօն չօ­­ճուք օլ­­մաք իչին

 

120 տ. փղոսկր

100 տ. մա­­քուր մեղր

48 տ. փո­­շի շա­­քար (շա­­քարա­­ւազ)

6 տ. հա­­րազատ տար­­չին

 

Փղոսկրը խար­­տո­­­ցէ, փո­­շիացուր, ապա մեղ­­րով խառ­­նէ։ Օրա­­կան 5 տիր­­հէմ այր ու տի­­կին ու­­տեն։ Փոր­­ձո­­­ւած է։

Ձե­­ռագ­­րի մէջ յի­­շուած այլ առող­­ջա­­­կան հար­­ցեր են ֆռան­­կախտը (սի­­ֆիլիս, տռփախտ), կուրծքի ցաւ, ստա­­մոք­­սի վէրք, քո­­սու­­թիւն, փոր­­հա­­­րու­­թիւն, ցրտա­­հարու­­թիւն, ջեր­­մա­­­միզու­­թիւն, հազ, նոյ­­նիսկ «սի­­րահա­­րու­­թիւն»։

Պատ­­մա­­­բան­­նե­­­րուն ծա­­նօթ է, թէ Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան մէջ հայ­­կա­­­կան այ­­բուբե­­նը բազ­­մա­­­թիւ ժո­­ղովուրդնե­­րու կող­­մէ կը գոր­­ծա­­­ծուէր։ 19րդ դա­­րու վեր­­ջա­­­ւորու­­թեան հայ ըն­­թերցող­­նե­­­րու թի­­ւէն աւե­­լի բարձր տպա­­քանա­­կով հա­­յատառ-թրքե­­րէն թեր­­թեր եւ գիր­­քեր լոյս կը տես­­նէին, յատ­­կա­­­պէս՝ մայ­­րա­­­քաղա­­քի մէջ, ինչպէս նաեւ Վե­­նետի­­կի, Վիեն­­նա­­­յի եւ Զմիւռնիոյ եւ բազ­­մա­­­թիւ այլ քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ։ Հա­­յատառ-թրքե­­րէն գիրք մը տպո­­ւած է նոյ­­նիսկ Մալ­­թա կղզիի վրայ։ Մա­­տենա­­գէտ­­նե­­­րը ստու­­գած են, թէ հա­­յատառ-թրքե­­րէն առա­­ջին գիր­­քը լոյս տե­­սած է 1727 թո­­ւակա­­նին։ Այս տե­­սակ գիր­­քե­­­րուն թի­­ւը կը հաս­­նի 1860ի, իսկ պար­­բե­­­րաթեր­­թե­­­րուն թի­­ւը՝ 99-ի։

Գրե­­թէ մէկ ու կէս դար հնու­­թիւն ու­­նե­­­ցող այս ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւ­­նը քա­­նի՞ հի­­ւան­­դի, ախ­­տա­­­ւորի, կաթնտու մօր կամ սի­­րահա­­րի օգ­­տա­­­կար եղեր է. չենք գի­­տեր։ Սա­­կայն, կաս­­կած չու­­նինք, թէ բո­­լորն ալ, իրենց կեան­­քի դժո­­ւար մէկ շրջա­­նին երախ­­տա­­­պարտ մնա­­ցին անոր ան­­յայտ հե­­ղինա­­կին։ Կը ցա­­ւինք, թէ «ֆառ­­մա­­­քօփ»են չէր տպագ­­րո­­­ւած, այ­­լա­­­պէս աւե­­լի հան­­րա­­­յայտ եւ հան­­րա­­­մատ­­չե­­­լի պի­­տի ըլ­­լար եւ բազ­­մա­­­հազար­­նե­­­րուն օգուտ պի­­տի բե­­րէր։ Յա­­մենայն դէպս, իր պա­­կասա­­ւոր եւ քայ­­քա­­­յուած վի­­ճակի մէջ իսկ, ու­­րախ ենք, որ ան­­ցաւ բազ­­մա­­­թիւ ար­­կածնե­­րէ, վե­­րապ­­րե­­­ցաւ ու այ­­սօր դուք անոր ծա­­նօթա­­նալու առի­­թը ու­­նե­­­ցաք։

«Ֆառ­­շա­­­քօբէ»ն այժմ երկրորդ կեանք մը կ՚ապ­­րի եւ ին­­չո՞ւ չէ, կրնայ դար­­ձեալ իր ստեղծման բուն նպա­­տակը կա­­տարել, այ­­սինքն հի­­ւանդնե­­րուն բժշկու­­թիւն տալ։

 

* Տիր­­հեմ.- Ծան­­րութեան միաւոր։ 1 տիր­­հե­­­մը 70 հա­­տիկ գա­­րի է, մօ­­տաւո­­րապէս 3,20 կրամ

 

Յ.Գ.- Այս ձե­­ռագի­­րը 2017 թո­­ւակա­­նին UCLA հա­­մալ­­սա­­­րանի մէջ, ու­­սա­­­նողու­­հի Փա­­թիլ Գաբ­­դա­­­նեանի կող­­մէ 
«Hidden medicine» խո­­րագ­­րի տակ ու­­սումնա­­սիրու­­թեան նիւթ դարձած է։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ