Հայկը էլի յաղթեց ոսոխ Բելին

2018 տա­րեթի­ւը դի­մաւո­րած էինք «Մենք յաղ­թե­ցինք պա­տերազ­մում, բայց երե­ւի պար­տո­ւեցինք» նա­խադա­սու­թեան տրա­մադ­րութիւ­նով։ Այ­սօր տա­րին կ՚աւար­տենք «Հայ­կը յաղ­թեց ոսոխ Բե­լին» նա­խադա­սու­թեան պար­գե­ւած հպար­տութեամբ։ Այժմ հայ ժո­ղովուրդի առ­ջեւ ծա­ռացած մե­ծագոյն խնդիրն է կո­րած տա­րեթի­ւերու բա­ցը լրաց­նել եւ ներշնչել հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թիւնը ար­դա­րին ու բա­րիին ձգտող ճա­նապար­հին վրայ։ Գի­տենք թէ դժո­ւար ճա­նապարհ է, բայց չենք վհա­տիր, քա­նի յաղ­թա­նակով պսա­կած ու ան­ցած ենք ամե­նադ­ժո­ւար հանգրո­ւանը։ Օ՜ն անդր առաջ հայ ժո­ղովուրդ, Ամա­նորդ շնոր­հա­ւոր։

ԱԿՕՍ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ