Քրիստոնեայ եկեղեցին ջերմեռանդ կերպով կը տօնէ Յիսուսի հրաշափառ ծնունդը։ Թուրքիոյ տարածքին բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ խուռներամ բազմութիւններու մասնակցութեամբ տօնուեցաւ Յիսուս մանուկի հրաշափառ ծնունդը։ Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս մանաւանդ տակաւին քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցող եկեղեցիներու մէջ շատ աւելի տպաւորիչ պատկերներ կը պարզուէին։ Արդարեւ Անտիոքի քրիստոնեաներ այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ նշեցին ծննդեան տօնը։ Անտիոքի ուղղափառ համայնքներու պետ Ֆատի Հուրիկիլ յայտնեց, որ զանազան դաւանանքներէ մեծ թիւով քրիստոնեաներ մասնակցած են այս տարուայ տօնակատարութիւններուն։ «Այս ուրախ առթիւ կ՚աղօթենք համաշխարհային խաղաղութեան համար։ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի առթիւ եկեղեցին ամբողջովին լեցուն է։ Ոչ միայն մեր քաղաքէն, այլ հեռաւոր քաղաքներէ ալ եկած մեծ թիւով հաւատացեալներու ընկերակցութեամբ այս տօնական մթնոլորտը ապրիլ շատ մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար»։
Ծննդեան տօնի առթիւ պատարագ մըն ալ մատուցուած է Իզմիրի Սելչուք գաւառը Սուրբ Աստուածածնի մատուրին մէջ։ Տօնական մեծ ոգեւորութիւն կը տիրէր նաեւ Ամիտայի մէջ, քանի որ հոն եւս մեծ թիւով ուխտաւորներ հաւաքուած էին ասորիներու Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Քաղաքի պատմական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ տարածքը շրջափակուած է ոստիկանութեան կողմէ, հետեւաբար քաղաքի հայ բնակչութիւնն ալ այցելեց ասորի եկեղեցին։
Պոլսոյ Յունաց «Զափիոն» երկրորդական վարժարանի սաներն ալ այս տարի փողոց ելլելով Փերա թաղի վրայ կարկանդակներ բաժնեցին անցնողներուն եւ պատմեցին Ս. Ծնունդի խորհուրդը։