Հանրապետական կուսակցութեան Իսթանպուլի քաղաքապետութեան համար թեկնածու առաջարկած Էքրեմ Իմամօղլու Ս. Ծնունդի առթիւ այցելութիւններ կատարեց Յունաց Տիեզերական պատրիարքարան եւ Կաթողիկէ Ասորիներու պատրիարքարան։ 25 Յունուարին Տիեզերական պատրիարքարանի այցելութենէն վերադարձին լրագրողներու հարցումներու պատասխանող քաղաքապետութեան թեկնածուն ընդգծեց քաղաքի բազմակրօն, բազմազգի առանձնայատկութիւնը եւ յայտնեց, թէ այդ յատկութեան յարատեւութիւնը այս քաղաքը կը դարձնէ համաշխարհային։ «Իսթանպուլցիներ նման քաղաքի մը բնակիչները ըլլալով պէտք է իրենք զիրենք շատ բախտաւոր համարեն։ Մենք այժմ լծուած ենք այս մերձեցումով քաղաքին ծառայելու կարեւոր գործին»։
Իմամօղլու ապա այցելեց Ասորի Կաթողիկէներու պատրիարքարանը, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական պատուական փոխանորդ Եուսուֆ Սաղի եւ Օրհան Արքեպիսկոպոս Չամլըի կողմէ։