Երկու ամբաստանեալ եւս արձակուած

Անցեալ շաբաթ կայացաւ Հրանդ Տինքի դատավարութեան հերթական նիստերը։ Շաբթուայ առաջին օրերու նիստերու մասին արդէն անդրադարձած էինք թերթիս նախորդ թիւերով։

21 Դեկտեմբեր ուրբաթ օրուայ նիստին դատակազմը լսեց կողմերու պահանջները։ Ձերբակալեալ ամբաստանեալներէն Ռամազան Աքեիւրէք այս առթիւ յայտնեց, թէ ոճիրէն ետք Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէն Ճելլալետտին Ճերրահ իրեն զանգահարելով պահանջած է, որ վերացնէ 2006 թուին Հրանդ Տինքի դէմ մահափորձի մը տեղեկութիւնը պարունակող փաստաթուղթը։ Աքեիւրէք յայտնեց, որ ինք անվտանգութեան տնօրէնի այս պահանջէն տեղեակ պահած է այդ շրջանի ներքին գործոց նախարար Ապտիւլքատիր Աքսուն եւ վարչապետ Էրտողանը։ Բացի Աքեիւրէքէ ձերբակալուած դատուողներէն շատեր ալ պահանջեցին, որ ազատ արձակուին եւ մերժեցին իրենց ուղղուած մեղադրանքները։

Դատակազմը նախկին հրամանատար Համզա Ճելեպօղլուի եւ Իսթանպուլի ոստիկան զօրաց Լրաքաղութեան բաժնի սպայ Եաւուզ Գարաքայային ազատ արձակման վճիռ կայացուց նկատի ունենալով անոնց երկարատեւ ձերբակալութիւնը։

Յաջորդ նիստերը պիտի կայանան 12,13 եւ 14 Մարտ 2019-ին։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ