ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Քանի յոյսը դեր վառ է

Ահա հա­­սած ենք Դեկ­­տեմբեր ամ­­սու վեր­­ջին օրե­­րուն։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ Դեկ­­տեմբե­­րի նշա­­նակու­­թիւնը զգա­­լու հա­­մար այս վեր­­ջին օրերն ալ սպա­­սելու կա­­րիք չու­­նինք։ Տաս եւ երկրորդ ամ­­սուն թե­­ւակո­­խելով ար­­դէն իսկ կը սկսի տա­­րի մը եւս բո­­լորած ըլ­­լա­­­լու խոր­­հուրդը։ Ման­­կա­­­կան միամ­­տութեամբ կը կար­­ծենք թէ տա­­րին բո­­լորե­­լով մեր ետին թո­­ղած պի­­տի ըլ­­լանք անցնող 365 օրե­­րուն տե­­ղի տո­­ւած բազ­­մաբնոյթ հո­­գերն ալ։

Չենք մտա­­բերէր թէ այս հնա­­մաշ դար­­ձած տա­­րին ալ, իր նա­­խորդնե­­րուն նման, դի­­մաւո­­րած էինք մեծ յոյ­­սե­­­րով, մեծ ակնկա­­լու­­թիւննե­­րով։ Մար­­դու յա­­տուկ տա­­րօրի­­նակու­­թիւն մըն է այս։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր ան­­գամ կը հա­­մոզուինք թէ նոր տա­­րին նոր էջ մը պի­­տի բա­­նայ մեր առ­­ջեւ։ Մա­­քուր, ան­­բիծ նոր էջ մը։

Չենք մտա­­բերեր թէ մենք այդ ան­­բիծ նոր էջն ալ մրո­­տելու, ամօ­­թալի արարքնե­­րով սե­­ւաց­­նե­­­լու անսպառ նե­­րուժ մը ու­­նինք։ Ամա­­նորը սահ­­մա­­­նուած ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծի մը աւարտն է միայն։ Աւարտ՝ որ իր մէջ ու­­նի սկիզ­­բի, վե­­րաս­­կիզբի կա­­րողու­­թիւնը եւս։

Մարդկա­­յին միտ­­քը դի­­տելով երկրի ու երկնքի ամե­­նօրեայ, ամ­­սա­­­կան ու եղա­­նակա­­յին փո­­փոխու­­թիւննե­­րը, պատ­­մութեան տար­­բեր շրջան­­նե­­­րուն ծրագ­­րեց զա­­նազան օրա­­ցոյցներ։ Ժա­­մանա­­կը չա­­փելու եւ սահ­­մա­­­նելու իմաս­­տով վեր­­ջա­­­պէս դա­­սաւո­­րեց մե­­րօրեայ ամե­­նակա­­տարեալ տար­­բե­­­րակը։

Կա­­ղանդ կո­­չուածն ալ իրա­­կանու­­թեան մէջ այդ օրա­­ցոյցն է պար­­զա­­­պէս։ Յու­­նա­­­կան եւ լա­­տինա­­կան լե­­զու­­նե­­­րու «Կա­­լեն­­տար» բա­­ռը հա­­յերէ­­նի բա­­ռակա­­պակ­­ցութեամբ վե­­րածո­­ւեցաւ կա­­ղան­­դի։ Մեր հնչիւ­­նա­­­բանու­­թիւնը կրկնե­­ցին նաեւ ղզըլ­­պաշ ալե­­ւիներ, որոնք եւս տա­­րեմու­­տը կը բնու­­թագրեն նոյն ար­­տա­­­սանու­­թեամբ, թո­­ւակա­­նի փոքր շե­­ղու­­մով։

Իսկ մենք միամիտ­­ներս, մեր իսկ ստեղ­­ծած օրա­­ցոյ­­ցին յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւններ վե­­րագ­­րե­­­լով կը փոր­­ձենք բա­­րիքի հան­­դէպ, ար­­դա­­­րու­­թեան հան­­դէպ, արա­­տու­­թեան հան­­դէպ, հա­­մաշ­­խարհա­­յին խա­­ղաղու­­թեան հան­­դէպ յոյ­­սը վառ պա­­հել։

Եթէ այդպէս կ՚ընենք, սա մեր ման­­կա­­­կան միամ­­տութիւնն է որ հա­­զար ան­­գամ աւե­­լի թանկ է խել­­քի բո­­լոր կա­­րողու­­թիւնը չա­­րիքի հա­­մար, կե­­ղեքե­­լու հա­­մար, թշնա­­մու­­թիւն ար­­տադրե­­լու հա­­մար վատ­­նողնե­­րու սրամ­­տութե­­նէն։

Կաս­­կած չկայ թէ այս նոր տա­­րուայ տե­­ւողու­­թեամբ եւս պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կենք մեր ուխտը։ Պի­­տի պայ­­քա­­­րինք հա­­րազատ ըն­­տա­­­նիքը, փո­­ղոցի ան­­տէր անա­­սուննե­­րը, ծառն ու ծա­­ղիկը, ծա­­նօթ թէ ան­­ծա­­­նօթ բո­­լոր ընկճո­­ւած­­նե­­­րը, բո­­լոր ազ­­գութիւննե­­րէ գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րը, ան­­տունի­­ները, մեր թա­­ղը, քա­­ղաքը, հետզհե­­տէ եր­­կի­­­րը պաշտպա­­նելու հա­­մար ամէն տե­­սակ չա­­րիքի դէմ։

Որ­­քան ատեն որ չենք կորսնցու­­ցած չա­­րի դէմ դի­­մադ­­րե­­­լու կամքն ու կո­­րովը, իրա­­ւունք ու­­նինք նաեւ իւ­­րա­­­քան­­չիւր տա­­րեմու­­տը նոր յոյ­­սե­­­րով դի­­մաւո­­րելու։

Ճիշդ ալ այս պատ­­ճա­­­ռաւ՝ «Քրիս­­տոս ծնաւ եւ յայտնե­­ցաւ։ Օրհնեալ է յայտնու­­թիւնը Քրիս­­տո­­­սի։ Ձե­­զի մե­­զի մեծ աւե­­տիս։ ԱՄԱ­­ՆՈՐԸ ՇՆՈՐ­­ՀԱ­­­ՒՈՐ»։

pakrates@yahoo.com