Տիգրանակերտի Շնոֆուր* Լօլէն

Սիլվա Էօզյերլիի մանկութեան եւ երիտասարդութեան վաղ շրջանները Տիյարպէքիր անցած է։ Վերջերս լծուած է շուտով «Արաս» հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայուելիք եւ Տիյարպէքիրի ապրումները եւ խոհանոցը նկարագրող գիրքին եզրափակիչ աշխատանքին։ Մենք ալ փորձեցինք Տիգրանակերտի կաղանդի աւանդութիւններուն մասին խօսիլ իր հետ։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

70-ական տա­­րեթի­­ւերու սկիզ­­բին ոչ հե­­ռուստա­­ցոյց ու­­նէինք մեր տան մէջ, ոչ ալ սառ­­նա­­­դարան։ Կը բնա­­կէինք հայ կա­­թողի­­կէ Սուրբ Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ եկե­­ղեց­­ւոյ բա­­կի տու­­նե­­­րէն մէ­­կուն։ Եկե­­ղեցին ժո­­ղովուրդի մօտ ծա­­նօթ էր «Խո­­ճա Ու­­սէփ» եկե­­ղեցի անու­­նով։ Այդ անո­­ւանու­­մին պատ­­ճա­­­ռը եկե­­ղեց­­ւոյ հիմ­­նա­­­դիր Յով­­սէփ Գա­­զազեանն էր։ Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան շրջա­­նին «Փա­­շա» տիտ­­ղո­­­սին ար­­ժա­­­նացած Յով­­սէփ Գա­­զազեանի տունն ալ եկե­­ղեց­­ւոյ դի­­մացն էր։ Իսկ մենք եկե­­ղեց­­ւոյ բա­­կին մէջ վեց-եօթը ըն­­տա­­­նիք կը կազ­­մէինք, որոնց հետ ու­­նէինք ազ­­գա­­­կանա­­կան կապ։ Մօտ 35 բնա­­կիչ էինք։ Մեզ հա­­մար եկե­­ղեց­­ւոյ շրջա­­փակը ապա­­հովութեան գօ­­տի մըն էր նաեւ։ Հա­­կառակ, որ գոր­­ծող եկե­­ղեցի մը չէր Սուրբ Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ, ամէն շա­­բաթ յետ­­մի­­­ջօրէին կ՚այ­­ցե­­­լէինք եւ կ՚աղօ­­թէինք եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ։ Չէինք գի­­տեր հա­­յերէ­­նով աղօ­­թել։ Հե­­տեւա­­բար ամէն մէկս ներ­­քուստ կը կա­­տարէինք մեր աղօթքնե­­րը։ Այդ օրե­­րէն ին­­ծի մնա­­ցած ամե­­նամեծ յի­­շատա­­կը ցուրտն է։ Կը մրսէինք եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ։ Ամառ թէ ձմեռ ցուրտ էր եկե­­ղեցին։ Ես կը կար­­ծեմ թէ այդ ցուրտին պատ­­ճա­­­ռը ոչ թէ եղա­­նակն էր, այլ եկե­­ղեց­­ւոյ անբնակ ըլ­­լա­­­լը։ Վեր­­ջա­­­պէս եկե­­ղեցին ջեր­­մացնո­­ղը ժո­­ղովուրդն է եւ մեր եկե­­ղեցին ժո­­ղովուրդ չու­­նէր։ Եկե­­ղեց­­ւոյ զան­­գա­­­կը 1915-էն ետք ան­­գամ մըն ալ չէր ղօ­­ղան­­ջած։ Եթէ մէկ կողմ թո­­ղունք այդ ցուրտի պա­­րագան պի­­տի հաս­­տա­­­տեմ, որ իր ճար­­տա­­­րապե­­տական յատ­­կութիւննե­­րով, ըն­­տիր շի­­նանիւ­­թով, մկրտա­­րանով շատ գե­­ղակերտ շի­­նու­­թիւն մըն էր մեր եկե­­ղեցին։

Մեզ­­մէ հա­­զիւ յի­­սուն մեթր հե­­ռաւո­­րու­­թեան վրայ ու­­նէինք նաեւ Հայ բո­­ղոքա­­կանաց եկե­­ղեցին։ Իսկ Կի­­րակի օրե­­րը բո­­լորս կը մաս­­նակցէինք Սուրբ Կի­­րակոս եկե­­ղեց­­ւոյ Ս. Պա­­տարա­­գին։ Այդ տա­­րինե­­րուն եկե­­ղեց­­ւոյ երէցն էր Տէր Կի­­րակոս Քա­­հանան։ Աւե­­լի վերջ իրեն փո­­խարի­­նեց Տէր Վա­­րագ Քա­­հանայ Պէյ­­լե­­­րեան։ Ան եկե­­ղեց­­ւոյ վեր­­ջին հո­­վիւն էր եւ իր հետ վերջ գտաւ եկե­­ղեց­­ւոյ աւան­­դութիւնն ալ։ Մեր մօտ այնքան ալ տա­­րածո­­ւած չէ «կա­­ղանդ» բա­­ռը։ Մենք կա­­ղան­­դի փո­­խարէն կ՚օգ­­տա­­­գոր­­ծենք «լօ­­լէ» բա­­ռը։ Մին­­չեւ այ­­սօր չեմ կրցած պար­­զել թէ ար­­դեօք այս «լօ­­լէ» բա­­ռը բո­­լորին ծա­­նօթ «Նօէլ»ին հնչիւ­­նա­­­փոխո­­ւած մէկ տար­­բե­­­րակն է ար­­դեօք։ Բայց ծա­­գու­­մը ինչ ձեւ որ մեկ­­նա­­­բանո­­ւի, մէկ բան յստակ էր մեր մօտ Կա­­ղան­­դին «Լօ­­լէ» կը կո­­չէինք։

Եւ ապա մո­­մերը... գոյնզգոյն մո­­մեր, որոնք կողք կող­­քի կը շա­­րուէին պղնձեայ ափ­­սէին մէջ։ Այդ մո­­մերով աշ­­տա­­­նակի մը կը վե­­րածո­­ւէր մեր պղնձեայ ափ­­սէն եւ մէ­­ջի միր­­գե­­­րը։ Ծնունդի նա­­խոր­­դող շա­­բաթը պահ­­քի ծո­­մապա­­հու­­թեան օրերն էին։ Այնպէս որ մեր մօտ Ամա­­նորի սե­­ղանը ընդհան­­րա­­­պէս պահ­­քի ճա­­շերով լե­­ցուն կ՚ըլ­­լար։ Ձի­­թաիւ­­ղով պատ­­րաստո­­ւած ու­­տեստե­­ղէն­­ներ, չոր­­ցո­­­ւած պղպե­­ղի կամ սմբու­­կի, դդու­­մի լից­­քեր, մա­­նաւանդ ալ Տի­­յար­­պէ­­­քիրի դդու­­մով սար­­քո­­­ւար առանց մի­­սի մեֆ­­թունէն գլխա­­ւոր ճա­­շատե­­սակ­­ներն էին։ Մի­­սի բա­­ցակա­­յու­­թեան ամէն ինչ կը հա­­մեմո­­ւէր արա­­տօրէն գոր­­ծա­­­ծուած սո­­խով։ Պահ­­քի եղին­­ձի փլա­­ւի ամ­­բողջաց­­նողն էր թել շեհ­­րի­­­յէն։ Վեր­­ջերս հայրս որո­­շած էր այս սո­­վորու­­թիւնը մեղ­­մացնե­­լու։ Այսպէս պահ­­կի շրջա­­նը կը սկսէր Ամա­­նորէն ան­­մի­­­ջապէս վերջ։ Այդ ժա­­մանակ Կա­­ղանդն ալ կը տօ­­նէինք իրեն ար­­ժա­­­նի ճո­­խու­­թեամբ։

Հայրս ամ­­պայման հնդկա­­հաւ մը կը բե­­րէր, որ մայրս եր­­կար ու փա­­րակ քա­­նի մը ան­­գամ լո­­ւալէ ետք կ՚աղար, կը թա­­ղէր ձիւ­­նի մէջ եւ վրան կը ծած­­կէր «միւ­­քեպպէ» կո­­չուած խսի­­րով։ Թա­­ղուած ձիւ­­նի մէջ հնդկա­­հաւի մի­­սը կը կա­­կուղնար ու ապա կ՚եփէինք ածու­­խի կրա­­կին վրայ։

Լօ­­լէի գի­­շերո­­ւայ պայ­­մաննե­­րէն մէկն ալ մի­­ջու­­կով քուֆթէն էր։ Մի­­ջու­­կով քուֆթէն բա­­ռին բուն իմաս­­տով տօ­­նական է, քա­­նի որ ան յա­­տուկ է այս բա­­ցառիկ օրո­­ւան եւ տա­­րին միայն մէկ ան­­գամ է, որ այս եղա­­նակով կը պատ­­րաստո­­ւի։ Հոն եւս կը յար­­գո­­­ւի բախ­­տի փոր­­ձը։ Մի­­ջու­­կով քուֆթէի մի­­ջու­­կը շա­­ղուած ժա­­մանակ մայրս ոս­­կի դրամ մը պա­­հած կ՚ըլ­­լար անոր մէջ եւ բո­­լորս մեծ հե­­տաքրքրու­­թեամբ կը սպա­­սէինք, թէ ո՞վ պի­­տի ըլ­­լայ այդ տա­­րուայ բախ­­տա­­­ւորը։

Սե­­ղանին կը յա­­ջոր­­դէր միր­­գե­­­րու համ­­տե­­­սու­­մը։ Այս ան­­գամ տե­­սակ տե­­սակ ջո­­րացած պտուղ, շա­­րոց­­ներ, պաս­­տեղներ, մաֆ­­րանի մէջ յա­­տուկ այդ օրո­­ւայ հա­­մար պա­­հուած սեխ ու ձմե­­ռուկ բո­­լորն ալ կու գա­­յին մեր սե­­ղանը ճո­­խաց­­նե­­­լու։

*Տիյարպէքիրի բարբառով շնորհաւոր

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ