ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պահանջատիրութիւնը գոյութեան երաշխիքն է


Որ­քան շատ են նիւ­­թե­­­րը, որոնց մա­­սին պէտք է ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւինք։ Այ­­սօր կը նշո­­ւի 1978-ի Մա­­րաշի կո­­տորած­­նե­­­րը։ Թուրքիոյ բռնու­­թեան պատ­­մութեան մէջ յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի 40 տա­­րի առաջ այդ քա­­ղաքի մէջ պա­­տահած­­նե­­­րը։ Կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած գրգռու­­թեան մը աւար­­տին քա­­ղաքի ալե­­ւի բնակ­­չութեան դէմ գոր­­ծադրո­­ւած ջար­­դե­­­րուն մա­­հացան պաշ­­տօ­­­նական տո­­ւեալ­­նե­­­րով 116 ալե­­ւիներ։ Բո­­լորն ալ քա­­ղաքի մը խա­­ղաղ բնա­­կիչ­­նե­­­րը, որոնք զո­­հը գա­­ցին «մզկի­­թին վրայ ռումբ ար­­ձա­­­կեցին» սու­­տին հե­­տեւան­­քով կա­­տաղած խու­­ժա­­­նին ձեռ­­քը։ Ինչ զար­­մա­­­նալի է, որ Թուրքիոյ մէջ այս տե­­սակի դա­­ւադ­­րութիւննե­­րը յա­­րատե­­ւօրէն կը կրկնո­­ւին եւ ոչ ոք դաս կը քա­­ղէ նման սու­­տե­­­րու յայտնա­­բերու­­մով։ Այդ նոյն սու­­տը նոյ­­նիսկ եթէ վա­­ղը կրկնո­­ւի դար­­ձեալ դիւ­­րաւ կը գտնէ իր հա­­ւատա­­ցող­­նե­­­րը, որոնք բահ ու բրի­­չով պի­­տի վա­­զեն «կեաւուր» կո­­տորե­­լու։ Երբ երե­­ւոյ­­թը այսպէս է, դժո­­ւար է հա­­ւատալ խա­­բուած ըլ­­լա­­­լու վար­­կա­­­ծին։ Կար­­ծես թէ խա­­բուե­­լէ աւե­­լի ազ­­դանշան մը սպա­­սելու խնդիր կայ մեր դի­­մաց։ Եւ ան­­շուշտ կայ աւե­­լին, նոյն Դեկ­­տեմբե­­րի 19 ու­­նի յա­­ւելեալ նշա­­նակու­­թիւն մը եւս։ Այս ան­­գամ ալ հա­­ցադու­­լի դի­­մած բան­­տարկեալ­­նե­­­րու դէմ պե­­տու­­թիւնը իր ամ­­բողջ զէնք ու զրա­­հով դի­­մեց յար­­ձա­­­կու­­մի, ապա­­հովե­­լու հա­­մար իշ­­խա­­­նու­­թեան ան­­սա­­­սանու­­թիւնը։ Սա ինչ հե­­տաքրքրա­­կան իշ­­խա­­­նու­­թիւն է, որ միշտ կա­­րիքը կ՚ու­­նե­­­նայ իր ան­­սա­­­սանու­­թիւնը ամ­­րապնդե­­լու հա­­մար արիւն հե­­ղելու։ Վեր­­ջա­­­պէս այս նոյն թո­­ւակա­­նին Թուրքիոյ տար­­բեր բան­­տե­­­րուն մէջ ձեռ­­նարկո­­ւած այդ գոր­­ծո­­­ղու­­թեան հե­­տեւան­­քով մա­­հացան բազ­­մա­­­թիւ բան­­տարկեալ­­ներ։ Անոնցմէ մէկն էր Վե­­լի Սա­­չըլըք, որ թէեւ յա­­ջողած էր ապ­­րե­­­լու, բայց կորսնցու­­ցած էր իր աջ թե­­ւը։ Բան­­տի պա­­տերը փլցնող քան­­դիչ սար­­քե­­­րը պո­­կած էին նաեւ այս քաղ­­բանտար­­կեալի աջ թե­­ւը ու­­սէն վար։

Միւս կող­­մէ Հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հը կը սպառ­­նայ իրեն ան­­հա­­­ճոյ թո­­ւող լրագ­­րո­­­ղի մը ըսե­­լով, թէ այս ժո­­ղովուրդը յան­­կարծ կը պայ­­թեցնէ իր ծոծ­­րա­­­կը։ Սար­­սա­­­փելի ար­­տա­­­յայ­­տութիւն մըն է այս, քա­­նի որ բո­­լորս գի­­տենք թէ երկրի մէջ ծոծ­­րա­­­կը պայ­­թե­­­ցուող վեր­­ջին լրագ­­րողն էր Հրանդ Տինք։ Այս գիտ­­նա­­­լով հան­­դերձ երկրի նա­­խագա­­հը ան­­պա­­­տեհու­­թիւն մը չի տես­­ներ հրա­­պարա­­կաւ նման սպառ­­նա­­­լիք մը ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու մէջ։

Այս բո­­լորին պատ­­ճա­­­ռած զար­­մանքով կը կար­­դանք նաեւ Վի­­գէն սրբա­­զան Այ­­գա­­­զեանի յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը, որ պոլ­­սա­­­հայերս կը մե­­ղադ­­րէ պատ­­րիար­­քի ընտրու­­թեան խնդրին մէջ յստակ դիր­­քո­­­րոշում մը ցու­­ցա­­­բերած չըլ­­լա­­­լու հա­­մար։ Շատ ճիշդ է սրբա­­զանի ակ­­նարկու­­թիւնը։ Իրաւ ալ մենք պոլ­­սա­­­հայերս հա­­մակեր­­պած ենք մե­­զի պար­­տադրո­­ւածին եւ չենք կրցած յստակ դիրք մը բռնել անըն­­դունե­­լի պար­­տադրանքնե­­րու դի­­մաց։ Այստեղ ամե­­նակա­­րեւոր բաց­­թո­­­ղու­­մը կը վի­­ճակի այն յե­­տադի­­մակա­­նու­­թեան, որ մէկ կողմ կը թո­­ղու ազ­­գին ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թիւնը եւ ամէն ինչ կը դի­­տէ անվտան­­գութեան հե­­ռան­­կա­­­րով։

Մինչդեռ պէտք է գիտ­­նալ, թէ քա­­ղաքա­­վարու­­թիւնը կը կա­­յանայ նախ­­քան ամէն բա­­նէ պա­­հան­­ջա­­­տիրու­­թեան գի­­տակ­­ցութեամբ։ Մարդ պի­­տի գիտ­­նայ իր իրա­­ւունքնե­­րու սահ­­մա­­­նը եւ պի­­տի չար­­տօ­­­նէ, որ ոեւէ մէ­­կը թէ­­կուզ հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագահ չհա­­մար­­ձա­­­կի այդ սահ­­մա­­­նը հա­­տելու։ Հա­­րիւր տա­­րի առաջ ան­­շուշտ, որ ու­­նէինք այդ գի­­տակ­­ցութիւ­­նը, որ այ­­սօր կորսնցու­­ցած ենք։ Չէ որ բո­­լորս գի­­տենք՝ լաց չե­­ղող երա­­խային ծիծ չեն տար։