Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ

Համաշխարհային քրիստոնէութեան եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ տարակարծութիւն մըն է Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան օրը։ Ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհ այդ օրը կը յիշէ Դեկտեմբերի 25-ին, իսկ Հայ Առաքելական եկեղեցին եւ իր հետ ունենալով Միջին Արեւելքի քանի մը պատմական եկեղեցիներ, նոյն դէպքը կը տօնենք Յունուարի 6-ին։

Եթէ բոլորին համար սա անցանկալի անհամաձայնութիւն մըն է, մեզ հայերուս համար հաճելի զանազանութիւն մը։ Վերջապէս մենք այսպէսով կ՚ունենանք երկու տօնական օրեր, որոնց ներկայացման եղանակն է նաեւ երկու տօնական սեղաններ։ Ոչ մէկ անպատեհութիւն ուրախութիւնը բազմացնելու մէջ։ Ուստի սկսելով Հայ կաթողիկէ համայնքէ, կու գանք շնորհաւորելու համաշխարհային քրիստոնէութեան Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով որ տօնը բարիքաբեր թող ըլլայ բոլորին համար։

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ