Հրանդ Տինքի ոճիրի դատավարութիւնը Իսթանպուլի 14-րդ Եղեռնադատ ատեանի մէջ շարունակուեցաւ 18 եւ 19 Դեկտեմբերին։ Այս նիստին հայցեր ներկայացուցին ոճիրէն առաջ եւ ոճիրի գործուած օրերուն Իսթանպուլի Անվտանգութեան ծառայութեան ոստիկանները։
Բոլոր ոստիկաններն ալ յայտնեցին, թէ Տինքի սպանութենէն նախապէս լուր չեն ունեցած եւ կանխամիջոցներու համար իրենց դիմում մը չէ կատարուած։ Այս մասին Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութեան լրաքաղութենէ պատասխանատու ոստիկանապետ Շամմազ Տեմիրթաշ յայտնեց, թէ ինք այդ օր կը պաշտօնավարէր Ռիզէի մէջ եւ ոճիրը լսած է լրատու գործակալութիւններէն։
Իսթանպուլի Անվտանգութեան ծառայութեան Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժնի փոխ տնօրէն Հաքան Այտըն Թիւրքէլի մանրամասնութիւններ փոխանցեց ոճիրին յաջորդող գործընթացի մասին։ Ան յայտնեց, թէ բերման ենթարկուած Եասին Հայալ նշած է «Էլազըղցի Էրհան» անունը։ Տրապիզոնի Անվտանգութեան տնօրէնը այդքան տեղեկութիւնով իսկ բերման ենթարկեց Էրհան Թունչէլը եւ ղրկեց Իսթանպուլ։ Թիւրքէլի նաեւ խօսեցաւ «Սապիհա Կէօքչենի մասին լրատուութենէ ետք, թէ Հրանդ Տինքի բնակարանին, թէ «Ակօս» թերթի խմբագրատան եւ թէ իր երթեւեկած ճամբուն վրայ կանխամիջոցներու դիմեցինք» ըսելով։
Վկայութիւններ բերողներէն մէկն էր նաեւ նոյն բաժնի տնօրէն Սելիմ Քութքան։ «Ես ոճիրը լսելով փութացի դէպքի վայրը։ Զիս պաշտօնակոչած էին առաջին ստուգումները կատարելու համար։ Պահանջեցի ականատեսները եւ շուրջ բոլորի բոլոր տեսախցիկները հաւաքել։ Կերպասավաճառի մը տեսախցիկը արձանագրած էր փախչող մէկու մը նկարահանումը։ Ապա կուսակալ Մուհամմէր Կիւլէր զանգահարեց եւ զիս Կուսակալութեան կանչեց։ Հոն մէկտեղուած էին Ներքին գործոց եւ Արդարադատութեան նախարարները, Առաջին բանակի հրամանատարը եւ Գլխաւոր դատախազը։ Ապա վերադարձայ Անվտանգութեան ծառայութեան։ Մինչեւ յաջորդ օր կարելի չէր եղած փախչող անձին ինքնութիւնը յայտնաբերել։ Ապա այդ տեսանիւթերը սփռուեցան հեռուստակայաններու միջոցաւ, որմէ ետք Օկիւն Սամասթի հայրը ոստիկանութեան դիմած եւ յայտնած է, որ տեսնուող անձը իր որդին՝ Օկիւն Սամասթն է»։
Բարձրաստիճան ոստիկաններու յայտերէն դուրս եկաւ զանազան անկարգութիւններ, որոնք ինչպէս անցեալին, այս նիստին ալ աւելի խոր քննարկումի չարժանացան։