Կարօ Փայլանի ցնցիչ ելոյթը

Ժողովուրդնե­­րու ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թեան կու­­­սակցու­­­թեան Տի­­­յար­­­պէ­­­­­­­քիրի պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր Կա­­­րօ Փայ­­­լան Զբօ­­­սաշրջու­­­թեան նա­­­խարա­­­րու­­­թեան ելմտա­­­ցոյ­­­ցի քննարկման նիս­­­տին ներ­­­կա­­­­­­­յացաւ խիստ էական ելոյ­­­թով մը։

Փայ­­­լան Խորհրդա­­­րանը մե­­­ղադ­­­րեց իր ազ­­­գա­­­­­­­յին միան­­­շա­­­­­­­նակ դիր­­­քո­­­­­­­րոշ­­­ման առու­­­մով։

«Նա­­­խապէս ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցող բո­­­լոր կու­­­սակցու­­­թիւննե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րը խօ­­­սեցան –թուրք- սահ­­­մա­­­­­­­նու­­­մով։ Անոնք մերթ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւեցան Քէր­­­քուքի թուրքե­­­րու, մերթ Ղրի­­­մի թուրքե­­­րու, մերթ Պալ­­­գա­­­­­­­նեան եր­­­կիրնե­­­րու ցե­­­ղակից­­­նե­­­­­­­րու եւ մերթ ալ Ույկուր թուրքե­­­րու խնդիր­­­նե­­­­­­­րուն։ Նիւ­­­թա­­­­­­­կան աղ­­­բիւրներ պա­­­հան­­­ջե­­­­­­­ցին –Թուրք լե­­­զուա­­­կան կա­­­ճառի-, -Թուրք պատ­­­մա­­­­­­­կան կա­­­ճառի- հա­­­մար։ Ես որ­­­պէս Թուրքիոյ քա­­­ղաքա­­­ցի հա­­­յազ­­­գի պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր, առար­­­կութիւն չու­­­նիմ այս պա­­­հանջնե­­­րուն դէմ։ Իմ առար­­­կութիւ­­­նը նա­­­խապէս ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցող մօտ 50 պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր­­­նե­­­­­­­րէն ոչ մէ­­­կուն հայ չը­­­սելուն, քիւրտ կամ ասո­­­րի կամ լազ չը­­­սելուն մա­­­սին է։ Կը վե­­­րանայ լա­­­զերէ­­­նը, կը վե­­­րանայ արեւմտա­­­հայե­­­րէնը, չեր­­­քէ­­­­­­­զերէ­­­նը։ Ին­­­չո՞ւ հա­­­մար ձեզ­­­մէ մէ­­­կը այս խնդիր­­­նե­­­­­­­րով չէ մտա­­­հոգո­­­ւած։ Մի­­­թէ այս բո­­­լորը մեր երկրի հարստու­­­թիւննե­­­րը չե՞ն։ Ուրֆա­­­յի մեր­­­ձա­­­­­­­ւոր Կէօպեք­­­լի­­­­­­­թեփէ պատ­­­մա­­­­­­­կան բնա­­­կավայ­­­րը ու­­­նի 12 հա­­­զար տա­­­րինե­­­րու ան­­­ցեալ։ Այդտե­­­ղի պե­­­ղումնե­­­րէն յայտնա­­­բերո­­­ւած ոս­­­կորնե­­­րու ՏՆԱ-ի ստու­­­գումնե­­­րը ամ­­­բողջո­­­վին կը հա­­­մապա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նեն աւա­­­նի այ­­­սօ­­­­­­­րուայ բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րուն հետ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ