Այցելութիւն Անգարա՝ համայնքային ընտրութիւնները ապահովելու համար

Պատրիարքարա­­նի Փո­­խանորդ սրբա­­զանի նա­­խաձեռ­­նութեամբ կազ­­մուած Խորհրդակ­­ցա­­­կան մար­­մի­­­նը իր վեր­­ջին նիս­­տին որո­­շեց դար­­ձեալ շարժման անցնիլ հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վար­­չութիւննե­­րու ընտրու­­թիւնը ապա­­հովե­­լու հա­­մար։

Ինչպէս նա­­խապէս ալ ըսո­­ւած էր, կա­­ռավա­­րու­­թիւնը ար­­գելք եղած էր բա­­ցի հանգստեան կո­­չուած Մես­­րոպ Բ.-ի դէմ նոր պատ­­րիարք մը ընտրե­­լու գոր­­ծընթա­­ցէն, նաեւ հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վար­­չութիւննե­­րու ընտրու­­թեան խնդրին։ Եթէ պատ­­րիար­­քա­­­կան ընտրու­­թեան ար­­գելքը կը պատ­­ճա­­­ռաբա­­նուէր Հայ Առա­­քելա­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ ըն­­դունո­­ւած կա­­նոնով, ըստ որու պատ­­րիարքնե­­րը պաշ­­տօ­­­նի կը ձեռ­­նարկեն ան­­ժա­­­մանակ կեր­­պով, այ­­սինքն ցկեանս, հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վար­­չութեան ընտրու­­թիւնն ալ չէ իրա­­կանա­­ցած նոր կա­­նոնագ­­րի մը պատ­­րաստու­­թեան պատ­­րո­­­ւակով։

Թէ ընտրո­­ւած պատ­­րիար­­քի բա­­ցակա­­յու­­թիւնը եւ թէ հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վար­­չա­­­կազ­­մին չնո­­րոգո­­ւիլը ալ աւե­­լի կը ծան­­րացնէ պոլ­­սա­­­հայ հա­­սարա­­կու­­թեան խնդիր­­նե­­­րը։ Նշա­­նակո­­ւած փո­­խանորդնե­­րը չեն կրցած ապա­­հովել ընտրո­­ւած պատ­­րիար­­քի մը հե­­ղինա­­կու­­թիւնը։ Միւս կող­­մէ օրի­­նական աշ­­խա­­­տան­­քի շրջա­­նը բո­­լորած վար­­չա­­­յին­­ներն ալ դա­­տապար­­տո­­­ւած մնա­­ցին ծանր պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւններ ստանձնե­­լու։

Խորհրդակ­­ցա­­­կան մարմնի ան­­դամնե­­րը որո­­շած են Սուրբ Ծննդեան տօ­­նէն ան­­մի­­­ջապէս ետք ժա­­մադ­­րութիւն մը ապա­­հովե­­լով այ­­ցե­­­լել մայ­­րա­­­քաղաք եւ լու­­ծումներ որո­­նել այս անե­­լի մատ­­նո­­­ւած հան­­գոյցը լու­­ծե­­­լու հա­­մար։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ