«ԱՊՐԵՑՆԵՆՔ ՀԱՅՈՒՆ, ՈՐ ԱՊՐԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»
Գուգարաց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ տէր Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանի օրհնութեամբ՝ տեղի ունեցաւ «Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» բարեգործական ծրագրով գնուած 24-րդ բնակարանի յանձնման արարողութիւնը։
Սրբազան հօր խնդրանքին ընդառաջ՝ այս ալ երրորդ բնակարանը գնուեց նախկին պոլսահայ, այժմ լոսանճէլըսաբնակ Կարօ եւ Աղաւնի Գուրեաններու կողմէ եւ իբրեւ նուէր յատկացուեցաւ Վանաձորի Սանկտ Փետերբուրգ տնակային աւանի 5/1-7-20 տնակին բնակող Ասլիկեաններու ընտանիքին։
Ասլիկեան ընտանիքը բաղկացած է 7 անձերէ։ Շուրջ 9 տարի է,որ ընտանիքը կ՚ապրէր կենցաղային անբարենպաստ պայմաններու մէջ։ Ընտանիքի հայրը տարիներ շարունակ փորձած է աշխատանք գտնել Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ, սակայն անյաջող փորձերէն յետոյ ձեռնունայն վերադարձած է տուն։ Ընտանիքի մայրը նոյնպէս չաշխատիր փոքրահասակ երեխաներ խնամելու պատճառաւ։
Շարունակական տնայցերէն, հանդիպումներէն ետք Սեպուհ սրբազանը՝ յանձնախմբի հետ միասին որոշեց, այս ընտանիքին եւս ապահովել ցանկալի բնակարանով։
Նախքան բնակարանամուտ տօնելը՝ ընտանիքի ծնողները ու հինգ փոքրիկները առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Մկրտութեամբ որդեգրուեցան եւ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակ մուտք գործեցին իրենց երազած բնակարանը։
Սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ՝ նոր յանձնուած բնակարանին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վահան քահանայ Ազարեանը կատարեց տնօրհնէքի արարողութիւն, որին ընտանիքի անդամներէն զատ՝ ներկայ էին նաեւ «Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» բարեգործական ծրագրի յանձնախմբի անդամներ՝ Վանաձորի քաղաքապետարանի հոգաբարձութեան եւ խնամակալութեան յանձնաժողովի քարտուղար Լեռնուհի Գէորգեանը, Ոստիկանութեան Վանաձորի Տարօն թաղամասի բաժնի անչափահասներու գործերու բաժանմունքի պետ, փոխգնդապետ Ռուդիկ Վարոսեանը, թիւ 9-րդ դպրոցի (ուր կը յաճախեն ընտանիքի երախաները) տնօրէն Անահիտ Վարդանեանը, ընտանիքի երախաներուն դասաւանդող խումբ մը ուսուցիչներ, ապագայ ուսանող սոցիալական աշխատողներ, Գուգարաց թեմի Սոցիալական բաժնի պատասխանատու Հռիփսիմէ Միրզոյեանը։
Սրբազան Հայրը, տնօրհնէքի ժամանակ, ընտանիքին յանձնեց բնակարանի սեփականութեան վկայականը եւ օրհնուած փայտէ խաչ։ Թեմակալ առաջնորդը իր երախտիքի խօսքը յղեց լոսանճէլըսաբնակ պոլսահայ Կարօ եւ Աղաւնի Գուրեաններ ընտանիքին, ովքեր արդէն երրորդ բնակարանն են գնում եւ նուիրում Գուգարաց թեմի բազմազաւակ կարիքաւոր, կենցաղային տարրական պայմաններէն զուրկ որեւէ ընտանիքի համար։ Արարողութեան աւարտին՝ Սրբազան Հայրը եւ ներկաները շնորհաւորեցին ընտանիքի անդամներուն։
Օգտուելով առիթէն կրկին կը տեղեկացնենք մեր ազգաբնակչութեանը առ այն, որ Գուգարաց թեմի առաջնորդութիւնը, սոցիալապէս անապահով ընտանիքներուն բնակարաններ յատկացնելու որեւէ պարտաւորութիւն չունի։ Կը յայտնենք, որ «Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» ծրագրով յատկացուած բնակարանները գնուած են առաջնորդ Սրբազանի կամաւոր յանձնառութեամբ եւ Միացեալ Նահանգներէն, Թուրքիայէն, Գերմանիայէն եւ Ռուսաստանէն անմիջական մտերիմ բարեկամներու ու ընկերներու անհատական նուիրատուութիւնով՝ իբրեւ խղճի պարտք։
Վանաձորաբնակ ազգաբնակչութեան հանգանակութեամբ նախորդ երկու տարիներուն գնուած են միայն վանաձորաբնակ Սամուէլ Քալաշեանի, Նունէ Ղազախեցեանի եւ Մելսիդա Փարսադանեանի բնակարանները։
Սրբազան հոր որոշումով բնակարան ստացողին պատկանող «դոմիկ»ը պէտք է քանդուի կամ տեղահանուի եւ հեռացուի քաղաքէն։