Զբօսաշրջութեան համար մեռեալ եղանակ կը համարուի ձմրան ամիսները։ Սակայն երկու գործօններ այս ընդհանուր հաստատումը ամբողջովին փոխած են Անիի աւերակներու առումով։ Այդ գործօններու առաջինն է պատմական Անի քաղաքի ՈՒՆԷՍԿՕ-ի մշակութային ժառանգի ցանկին մէջ ներառումը։ Այդ ներառումէն ետք տարուայ ընթացքին Անի այցելողներու թիւը կրկնապատկուած է եւ հասած 90 հազարի։ Երկրորդ գործօն մըն է Արեւելեան ճեպընթացը։ Վերջերս Արեւելեան ճեպընթացի միջոցաւ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կ՚այցելեն երկրի արեւելեան հատուածը եւ յատկապէս կը փափաքին տեսնել Անիի աւերակները։
