2014-ին Սոմա գաւառի մէջ 301 հանքափորներու կեանքը խլող աղէտը բեմականացուած էր եւ զանազան անգամներ բեմադրուած։ Թատերախումբը ընդառաջելով իրենց հասնող հրաւէրներուն կը պատրաստուէր 15 Դեկտեմբերին բեմադրութիւնը կրկնել նոյն ինքն աղէտի պատահած Սոմա գաւառին մէջ։
Թատերախումբի անդամներէն Մեհմետ Չոլաք այս մասին տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Սոմայի գաւառապետը կարգ մը փողոցային արտայայտութիւնները եւ կոպիտ բառերը պատճառաբանելով արգելք հանդիսացած է խաղի բեմադրութեան։ Մեր թատերախումբի մէջ երեք դերասաններ արդէն հանքափորներ ենք։ Ուզեցինք մեր ապրածները սեփական տեսանկիւնով փոխանցել հանդիսատեսին։ Այս մերժումը արդար չենք գտներ»։