Վերջերս համեմատաբար բաւականին հանդարտած կ՚երեւէր «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումի տեղի տուած ցնցումները։ Սակայն յայտնի է, որ այդ նիւթի շուրջ ներքին եռեւեփումը կը շարունակուի։ Արդարեւ շաբաթավերջին Երեւանէն մեկնարկող բողոքարկուներ անգամ մը եւս իրենց բողոքը արտայայտելու համար հրապարակ իջան։ Մայրավանքի պարիսպներուն առջեւ հրմշտուք տեղի ունեցաւ։ Անդին Մայրավանքէ ներս ալ կը տիրէ անհանգստութեան երեւոյթներ։ Երեւանեան լրատուութեան մը հենելով կ՚անդրադառնանք այդ զարգացումներուն։
Վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իր բարձրաստիճան հոգեւորականներէն՝ Վարդան Եպս. Նաւասարդեանի պաշտօնը փոխած էր, ինչ որ առիթ ընծայած է հզօր ալիքի մը առնուած որոշումին դէմ։ Յայտնենք, որ Գերշ. Սրբազան Հայրը անցնող 10 տարիներու ընթացքին ղեկավարած է Մայր Աթոռի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը, եւ եղած է հոգեւոր տեսուչը Մայր Աթոռի հովանիին տակ գործող Էօռնէկեան դպրոցին։
Ըստ մեր ունեցած հաւաստի տեղեկութիւններուն, տուեալ դպրոցի աշակերտութիւնը՝ յատկապէս բարձր դասարաններու, որպէս ընդվզում տրուած որոշումին, նախորդող օրերուն մերժած են դասերու մասնակցիլ, քալելով գացած են դէպի Մայր Աթոռի Դիւանատուն հանդիպելու Կաթողիկոսին եւ իրենց խնդրանքը ներկայացնելու՝ վերադարձնելու Վարդան Սրբազանը իր պաշտօնին մէջ։ Այս բոլորին ի պատասխան, դպրոցի աշակերտութիւնը ստացած է սպառնալիքներ, թէ «ձեր նիշերուն վրայ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ձեր այս պահուածքը» եւ այլն։ Անդին, Գարեգին Բ. Կաթողիկոս անձամբ դպրոց գացած է, փորձելով համոզել աշակերտութիւնը, սակայն ապարդիւն անցած են բոլոր փորձերը։
Այս խլրտումներու ընթացքին, 13 Դեկտեմբերին Հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներուն մէջ տեղեկութիւն տարածուեցաւ այն մասին, թէ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի ութ աշխատակիցներ իրենց հրաժարականները ներկայացուցած են Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, հիմք ունենալով իրենց ղեկավարին նկատմամբ որդեգրուած անարդար վերաբերմունքը, որ անցնող տարիներուն անձնուիրաբար ծառայած է այս Բաժանմունքին։ Դարձեալ, ըստ մեր հաւաստի տեղեկութիւններուն, Գարեգին Բ. հրաժարական ներկայացնող աշխատակիցներէն երկու-երեք հոգին հրաւիրած է իր մօտ, փորձելով համոզել զանոնք, որ ետ առնեն իրենց հրաժարականները, սակայն անոնք անդրդուելի մնացած են։
Այս բոլոր իրադարձութիւնները կու գան փաստելու, որ Մայր Աթոռէն ներս վերջին 19 տարիներու ընթացքին առաջին անգամն է, որ նման իրավիճակ կը ստեղծուի, երբ դպրոցի աշակերտներ եւ Մայր Աթոռի որոշ պաշտօնեաներ, համարձակութիւն կ՚ունենան ի խնդիր արդարութեան ձայն բարձրացնել եւ պահանջել, որ վերջ տրուի բռնատիրական եւ կամայական որոշումներուն։ Աւելին, այս իրավիճակը աննախադէպ է անով, որ հակառակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի անձնական միջամտութիւններուն եւ փորձերուն՝ Վարդան Սրբազանի նոյն պաշտօնին վերադարձնելու խնդրանքով ձայն բարձրացնողները տրամադրութիւն ունին շարունակելու իրենց պայքարը, որովհետեւ տրուած որոշումին արդիւնքները բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի գործունէութեան վրայ, նկատի ունենալով, որ նորանշանակ պատասխանատուն անփորձ ըլլալու կողքին, յերիւրանքներով ամէն կերպ կ՚աշխատի Գարեգին Բ. ներկայացնել, թէ ամէն ինչ բնական կերպով կ՚ընթանայ։ Այս մէկն ալ ցոյց կու տայ, որ Կաթողիկոսը կա՚մ անտեղեակ է իրականութեան, կա՚մ իրեն համար հաճելի է այս մթնոլորտը, կա՚մ ալ իր հեղինակութիւնը սկսած է նուազիլ եւ կա՚մ ալ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, սկսած է այլ կերպով մտածել՝ տհաճ իրողութիւններու դէմ յանդիման չկանգնելու համար։
Ըստ մեր աղբիւրին, Երեւանի դպրոցներու կրօնի կարգ մը ուսուցիչները կը պատրաստուին բաց նամակով դիմել Գարեգին Բ.-ին, իրենց ընդվզումը յայտնելու առնուած անարդար որոշումին նկատմամբ։ Յառաջիկային այս եւ այլ զարգացումներու մասին կ՚անդրադառնանք։