9Դեկտեմբեր կիրակի օր կայացող Հայաստանի խորհրդարանի կանխահաս ընտրութիւնները կը խորհրդանշէ նաեւ Թաւշեայ յեղափոխութեան աւարտին հասնիլը։ Այսպէս համոզուած են բոլոր անոնք, որոնք յեղափոխութիւնը կը դիտէին ո՛չ թէ միօրեայ դէպք կամ պատահար, այլ երկարատեւ հետեւանքներ ունեցող գործընթացք։
Ապրիլեան յեղափոխութենէ ետք Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը ստացաւ ձայներու բացարձակ մեծամասնութիւնը եւ արձանագրեց յստակ յաղթանակ մը։ Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնները յաղթելով հինգ տոկոսի շեմը յաջողեցան մտնել խորհրդարան։ Շատերու համար թէեւ ցնցիչ, բայց ոչ զարմանալի կը թուէր ՀՅԴ-ի եւ Հանրապետական կուսակցութեան կրած պարտութիւնը։ Եթէ ընդունուած ըլլար Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկած օրէնքի նոր կարգադրութիւնը, արդիւնքը աւելի տարբեր պիտի ըլլար մանաւանդ հանրապետականներու հաշւոյն։ Ելք դաշինքը առաջարկած էր Խորհրդարանի մէջ նուազագոյն չորս կուսակցութիւններու ներկայութիւնը։ Առաջարկին համաձայն նոյնիսկ անցած չըլլային հինգ տոկոսի շեմը չորրորդ կուսակցութիւնը եւս մաս պիտի կազմէր խորհրդարանին։ Սակայն ի դէմ բոլոր զգուշացումներու, այս հաւանականութիւնը մերժուեցաւ խորհրդարանի մէջ, որու հետեւանքով դաշնակցութիւնը եւ հանրապետականները դուրս մնացին խաղէն։
Այս ընտրութիւններուն ամենաշատ քննարկուած նիւթերէն մէկն ալ մասնակցութիւններու համեմատութիւններն են։ Առաջին հերթին բաւական նուազ կը թուին 48,6 համեմատութիւնը։ Սակայն շատերու համոզմամբ այդ համեմատութիւնը այդքան ալ քիչ չէ, քանի որ գիտենք թէ ընտրողներու ցանկերու ցուցակին մէջ շատ անգամ գրանցուած են արտասահման մեկնած անձեր եւս։
Նախորդ ընտրութիւններուն ամենայաճախ խօսուած նիւթերէն մէկն էր կեղծիքները։ Բազմաթիւ ընտրատարածքներուն մէջ գրանցուած էին մահացած քաղաքացիներ եւս եւ բոլոր այդ անուններու համար քուէ գործածուած։ Այս անգամ թերեւս հանրապետութեան պատմութեան մէջ ամենաթափանցիկ ընտրութիւնն է, որ կատարուեցաւ եւ ոչ ոք կասկած ունի արդիւնքներու ճշգրտութենէն։