Տարբեր պատիժներ նոյն յայտարարութեան համար

Թուրքիոյ զա­նազան հա­մալ­սա­րան­նե­րէն հա­զարէ աւե­լի ակա­դէմա­կան­ներ ստո­րագ­րած էին «Մեղ­սա­կից չենք այս յան­ցա­գոր­ծութեան» խո­րագ­րեալ յայ­տա­րարու­թիւն մը, որ հրա­պարա­կուած էր երկրի հա­րաւ արե­ւելեան շրջա­նի քա­ղաք­նե­րուն դէմ ուղղո­ւած զի­նուո­րական գոր­ծո­ղու­թիւննե­րուն դէմ։ Այս յայ­տա­րարու­թիւնը իս­կոյն ահա­բեկ­չութեան քա­րոզ­չութիւն ըլ­լա­լով ըն­կա­լուե­ցաւ երկրի կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ եւ դատ յա­րու­ցո­ւեցաւ բո­լոր ստո­րագ­րեալ­նե­րու դէմ։ Այս ծի­րէն ներս 11 Դեկ­տեմբեր երեք­շաբթի օր Չաղ­լա­յանի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­տավա­րու­թիւն, որու ըն­թացքին ի տար­բե­րու­թիւն նա­խորդ վճիռ­նե­րու ամ­բաստա­նագ­րի մէջ տեղ չգտած պնդումնե­րով եր­կու տա­րի, երեք ամիս բան­տարկու­թեան դա­տապար­տո­ւեցաւ Թուրքիոյ բժիշկնե­րու կա­ճառի նախ­կին նա­խագահ փրոֆ. Կեն­ճայ Կիւրսոյ։

Կիւրսո­յի իրա­ւապաշտպա­նը առար­կեց այս կա­տարո­ւածին դէմ, ըսե­լով թէ «նա­խապէս չենք անդրա­դար­ձած այս պնդումնե­րուն, հե­տեւա­բար յա­ւելեալ ժա­մանակ կը պա­հան­ջենք այս պնդումնե­րուն դէմ ալ պաշտպա­նու­թիւն պատ­րաստե­լու հա­մար» ըսաւ իրա­ւապաշտպան Մե­րիչ Էյիւ­պօղլու։ Սա­կայն դա­տաւո­րը այս պա­հան­ջը մեր­ժեց, քա­նի որ հա­մոզուած էր, թէ պա­հան­ջը ներ­կա­յացուած է դա­տական գոր­ծընթաց­քը եր­կա­րաձ­գե­լու մի­տու­մով։ Վճի­ռը եթէ վա­ւերա­ցուի Վե­րաքննիչ դա­տարա­նի կող­մէ եւս 79-ամեայ դա­սախօ­սը պի­տի մատ­նո­ւի եր­կու տա­րի երեք ամիս ազատազրկման։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ