Բողոք խտրականութեան դէմ

Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու միու­­թեան Իս­­թանպու­­լի մաս­­նա­­­ճիւ­­ղը բո­­ղոք ներ­­կա­­­յացու­­ցած է Պո­­լու, Իզ­­զեթ Պայ­­սալ հա­­մալ­­սա­­­րանի դա­­սախօս­­նե­­­րէն Եահեայ Մուսթա­­ֆա Քես­­քի­­­նի դէմ։ Միու­­թեան շրջա­­նակ­­նե­­­րը կը յայտնեն, թէ Եահեայ Մուսթա­­ֆա Քես­­քին իր «թո­­ւիթըր»եան էջին վրայ անար­­գած է լրագ­­րող Հայ­­քօ Պաղ­­տա­­­տը. «Թու­­րի աւել­­ցուկ» կո­­չելով։

«Թու­­րի աւել­­ցուկ եզ­­րը սո­­վորա­­բար կը գոր­­ծա­­­ծուի ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէ մա­­զապուրծ փրկո­­ւած­­նե­­­րու հա­­մար։ Հայ­­քօ Պաղ­­տատ իր լրագ­­րո­­­ղական աշ­­խա­­­տանքնե­­րու բեր­­մամբ ստա­­ցած է բազ­­մա­­­թիւ սպառ­­նութիւններ, որոնց հե­­տեւան­­քով ստի­­պուած է երկրէն հե­­ռանա­­լու։ Ու­­րեմն այս ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը, որ­­պէս պոլ­­սե­­­ցի հայ մը վի­­րաւո­­րած է, թէ Հայ­­քօ Պաղ­­տա­­­տը եւ թէ բո­­լոր ցե­­ղակից­­նե­­­րը։ Ան­­ցեալին ալ կարգ մը ան­­պա­­­տաս­­խա­­­նատու քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչնե­­րուն ամե­­նայն ան­­բարտա­­ւանու­­թեամբ այս եզ­­րը գոր­­ծա­­­ծելուն ակա­­նատես եղած ենք։ Ար­­դա­­­րեւ Ազ­­գա­­­յին շար­­ժում կու­­սակցու­­թեան նա­­խագահ Տեւ­­լեթ Պահ­­չե­­­լի ալ ալե­­ւի քա­­ղաքա­­ցիի մը ուղղեալ օգ­­տա­­­գոր­­ծած էր նոյն նա­­խատին­­քը։ Թու­­րի աւել­­ցուկ բա­­ցատ­­րութիւ­­նը ատե­­լու­­թեան պատ­­գամ է, որուն դէմ պա­­տիժ սահ­­մա­­­նուած է Թուրքիոյ օրէնսգիր­­քի մէջ»։

Մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու միու­­թեան Իս­­թանպու­­լի մաս­­նա­­­ճիւ­­ղը այս բա­­ցատ­­րութեամբ կը պա­­հան­­ջէ, թէ պա­­տիժ սահ­­մա­­­նուի Եահեայ Մուսթա­­ֆա Քես­­քի­­­նի դէմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ