Ինչպէս նախորդող տարիներուն, այս տարի եւս «Արաս» եւ «Իստոս» հրատարակչութիւնները ամանորի շեմին կը ներկայանան գիրքի տօնավաճառով։ Այս նախաձեռնութիւնը կը միտի ամանորեայ նուէրներու շարքին գիրք նուիրելու սովորութիւնը տարածելու։ Երկօրեայ տօնավաճառի ընթացքին կազմակերպիչները նախատեսած են գրականութեան շրջագիծով հաճելի զրոյցներ։ Այսպէս 15 Դեկտեմբեր շաբաթ ժամը 14.00-ին Թագուհի Թովմասեան եւ Ռոպէր Քոփթաշ պիտի զրուցեն Օհան Աշչեանի նոր լոյս տեսած գիրքի մասին։
Նոյն օր ժամը 16.30-ին Նեսիմ Օվատիա Իզրայէլ պիտի ծանօթացնէ, որպէս թատերական գործիչներ Շահինեան գերդաստանը։
16 Դեկտեմբեր կիրակի ժամը 16.30-ին այս անգամ Փամիր Փանեայ պիտի արտայայտուի երաժշտութեան քաղաքականութիւններու մասին։
Միջոցառումներու վայրն է «Իստոս քաֆէ», Արա Կիւլէր փողոց թիւ 11 Կալաթասարայ։