Առաջին անգամ ե՞րբ է, որ ստեղնաշարի վրայ տառերը հետզհետէ դժուարացան իրարու ետեւէ վազելու։ Այդ ե՞րբ էր որ կառչեցաւ «գրես կամ չգրես ի՞նչ պիտի փոխուի» սպառիչ հարցումը մտքիս մէջ։ Ինչո՞ւ համար այսքան մեծ դժբախտութիւն հայերէն գրողի համար։
Իւրաքանչիւր շաբաթ յատուկ ոգեւորութիւն կ՚ապրիմ, երբ համացանցի վրայ կը կարդամ «Ակօս»ի հայերէն էջերու հաւատարիմ գրիչի մը՝ Նորայր Տատուրեանի այդ շաբաթուայ տոմսակը։ Ան անսպառ գիտելիքի պաշարով հայերէնի բառապաշարի արտակարգօրէն հարուստ դռները կը բանայ մեր առջեւ եւ մենք ամէն թիւով բառերու կախարդական աշխարհի մէջ նոր գիւտ մըն է, որ կ՚ապրինք։ Նորայրի պատմելաոճն ալ արտակարգօրէն գեղեցիկ է։ Գեղեցիկ ու պատկերալից։ Առաջին քանի մը տողով արդէն կը թափանցես ուրոյն աշխարհ մը։ Ապրումներ կը պատմէ Տատուրեան։ Ապրումներ՝ որոնց մասնակից կ՚ըլլաս առաջին քանի մը տողով իսկ։ Կը մագնիսանաս մտնելով թերատի աշակերտի մը հոգեբանութեան մէջ։ Ան որպէս ուսուցիչ մեծ վարպետութեամբ ընթերցողին կը փոխանցէ այդ թերատի աշակերտի մաքրամաքուր ներքնաշխարհը։ Կ՚ուրախանաս յանուն հայ դպրոցին։ Կ՚ուրախանաս՝ յանուն հայ ուսուցիչին։ Ինչո՞ւ չէ կ՚ուրախանաս այդ բոլորի հարազատութեան մասնիկը, բաժինը դառնալով։ Եւ ապա կը վհատիս ինչո՞ւ համար հայերէն ընթերցողը այսքան ժլատ է իր միտքը արտայայտելու համար։ Այդ միտքը կրնայ ըլլալ գնահատանք, կրնայ ըլլալ քննադատութիւն, նոյնիսկ ինչո՞ւ չէ կրնայ ըլլալ հակաճառութիւն։ Բոլորն ալ իրենց կարգին սնունդ են իւրաքանչիւր հեղինակի համար։ Բայց մանաւանդ եւ մանաւանդ հայերէն գրող, հայերէն խօսողի համար։
Կը յիշեմ արժանաւոր պատմաբանի մը «Ակօս»ի իր գրութիւնները դադրեցնելու պատճառաբանութիւնը։ «Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ ընթերցող զանգուած մը այս աստիճան անտարբեր մնայ գրողի հանդէպ» ըսած էր եւ այդ դառնութիւնով դադրեցուցած իր գրութիւնները։ Աւելի ուշ շատերէ լսած եմ այդ մասին ափսոսանք։ «Ինչո՞ւ չի գրեր, այդքան հաճոյքով կը կարդայինք գրածները»։ Այս լսելով ոչ ոքի պատասխանած եմ «երանի հաճէիր գէթ մէկ անգամ այս ըսածներդ իրեն հաղորդելու»։ Չեմ ըսած որովհետեւ գիտեմ, թէ այդ խօսքը բացարձակապէս տեղ չի հասնիր։ Տեղ չի հասնիր՝ քանի որ իբրեւ խոստովանութիւն յայտնեմ, թէ ես տարբեր չեմ գտնուած ինձ այդքան յուզող ինչ ինչ գրութիւններու դիմաց։
Չեմ ունեցած այդ համարձակութիւնը, որ բաց սիրտով արտայայտեմ իմ գնահատանքը։ Մինչդեռ հիմա շատ յստակ կ՚երեւայ թէ այդ քանի մը տողը իսկ ինչպէս կրնայ ոգեւորել ցանկացած գրող։ Գոնէ գիտնայ թէ գրածը կամ ըսածը ջուրի վրայ չեն գրուած։ Լսուած են ուրիշներու կողմէ։ Թերեւս հաւնուած, թերեւս ոչ, բայց դատուած։ Այս բոլորը ակամայ կը մտածեմ, երբ առջի օր ինծի ցոյց կու տան Արամ Արք. Եպիսկոպոսի դիմատետրի էջին մէջ «Ակօս»ի դէմ գրուածները։ Իրականութեան մէջ ո՛չ թէ սրբազանին՝ այլ անոր հաճելի թուալու համար զինք շրջապատող համբակներուն գրածները։ Ամէն մէկը իր կարգին կը դատէ «Ակօս»ը յայտնելով թէ ան շեղած է իր ուղիէն եւ կը ծառայէ ինչ ինչ օտար միտքերու։ Դժուար չէ հասկնալ այդ քննադատութեան ետին կանգնած միտքը։ Հոն կայ երկու տեսակ կերպար։ Մէկը առհասարակ «Ակօս» չկարդացողն է, իսկ միւսն ալ «Ակօս»ի նիւթերու իմաստը հասկնալէ զուրկ եղողը։ Երկուքն ալ բայց անպատեհութիւն չեն տեսներ «Ակօս»ի մասին մեկնաբանութիւն ընելու մէջ։ Ամէն պարագային նոյնիսկ չգտնենք մեր ակնկալած արձագանգը, «Ակօս» պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը, որովհետեւ տակաւին շատ աւելի լայն զանգուածի մը համար ան ամենավստահելի լրատու աղբիւրն է եւ մարդիկ միայն անոր գրածներուն կը վստահին։
pakrates@yahoo.com