Երեւանի Ամերիկեան համալսարանի Քաղաքական եւ միջազգային յարաբերութիւններու պետ՝ պատմաբան Վահրամ Տէր Մատթէոսեան իր վերջին գրքի
«Turkey, Kemalism and the Soviet Union: Problems of Modernization Ideology and Interpretation» Լոնտոնեան հրատարակութենէ առաջ այցելեց քաղաքս։ Օգտուելով այս այցելութենէն զրուցեցինք իրեն հետ։
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԲԱԼԵԱՆ
Ե.Տ.- Ի՞նչ էր նիւթի դրդապատճառները։
Առանց քեմալական գաղափարախօսութիւնը ուսումնասիրելու կարելի չէ Թուրքիոյ պատմութիւնը, քաղաքական զարգացումները լիիրաւ կերպով իւրացնել։ Ես Թուրքիոյ նկատմամբ հետաքրքրութիւն ունեցայ 1997 թուականէն ի վեր։ Այս թուականը կը զուգադիպի երկրի պատմութեան մէջ «փոսթմոտերն» ածականով նշուած զինուորական միջամտութեան շրջանին։ Այդ օրերու անցուդարձերուն հետեւելով նկատեցի, թէ քեմալականութեան եւ այլ գաղափարախօսութիւններու մրցակցութիւնը Թուրքիոյ քաղաքականութեան հիմքը կը կազմեն։ Յաջորդող 10-15 տարիներու ընթացքին ուսումնասիրեցի քեմալականութիւնը եւ քաղաքականացուած իսլամը։ Այդ հանգրուանին նկատեցի, որ քեմալականութիւնը դուրսէն դիտելով ուսումնասիրող աղբիւրները խիստ անբաւարար են։ Թէեւ կային քեմալականութիւնը փառաբանող, իսլամադաւան հասարակութիւններու համար լաւ օրինակ մը ըլլալով նկարագրող աղբիւրներ։ Սակայն այդ աղբիւրները ընդհանրապէս կու գային արեւմտեան աշխարհէ։ Հոն զարմանալիօրէն կը բացակայէին արաբական աշխարհի կամ Խորհրդային միութեան մերձեցումը ցոլացնող աղբիւրներ։ 1920-30-ական տարիներու Թուրքիոյ պատմութիւնը ընդհանրապէս կազմուած է արեւմտեան արժէքներու հիման վրայ։ Սովետական ազդեցութիւնը գործօն մը չէ եղած։ Մինչդեռ տուեալ տարիներուն Խորհրդային միութիւնը Թուրքիոյ հետ ամենասերտ շփում ունեցող երկիրներէն է։ Ուշադրութեամբ հետեւած է զարգացումներուն։ Իրեն համար կարեւոր էր նորանկախ երկրին անկլոֆրանքական ազդեցութենէ հեռու մնալը։ Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութեան գրականութեան մէջ «քեմալիզմ» եզրը առաջին անգամ գործածուած է 1929-ին։ Մինչդեռ Սովետական պատմագրութիւնը այդ նոյն եզրը կ՚օգտագործէր 1920-ին։ 1926-ին Ստալին կը փառաբանէ քեմալական շարժումը եւ այդ մերձեցումը ընդունելութիւն կը գտնէ յաջորդ տարիներուն եւս։
Այդ տարիներուն Ռուսաստանի մէջ կայսերական շրջանէ մնացած պատմաբաններու եւ պոլշեւիկներու միջեւ սուր տարակարծութիւն կը տիրէր։ Այդ տարակարծութիւնը քեմալականութիւնը ճիշդ չգնահատելու մեղադրանքով բազմաթիւ գիտնականի գնդակահարման պատճառ դարձած է։ Անոնց մէջ են նաեւ Խորհրդային միութեան Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ պաշտօնավարած կարգ մը անձեր։
Իմ քեմալական գաղափարախօսութեան դէմ ուշադրութիւն սեւեռելու պատճառներէն մէկն ալ վերջերս հրատարակուած կարգ մը գիրքերը եղան։ Անոնցմէ մէկն է Շթեֆըն Իհրիկի «Նացիները եւ Աթաթիւրք» անուն գիրքը։ Այս գիրքը կը պատմէ, թէ Հիթլեր եւ ազգային համայնավարութիւն կոչուած գաղափարախօսութիւնը ինչպէ՞ս ներշնչուած է քեմալականութենէ։ Նման բնոյթով գիրք մըն ալ հրատարակուած է Ֆրանսայի մէջ «Սիրուած բռնակալը» խորագիրով եւ կը պատմէ ֆրանսական քաղաքական շրջանակներուն քեմալականութենէ ներշնչուելու երեւոյթները։ Կարելի է ըսել, որ Գերմանիան Թուրքիան ամբողջովին իր կողքին ունենալէ ետք քեմալականութեան ուղղուած քննադատական մերձեցումները միայն Խորհրդային միութեան մէջ երեւան եկան։
Ապա վրայ հասաւ 1945-ը, ուր Խորհրդային իշխանութիւնները պահանջ ներկայացուցին Կարս ու Արտահանի համար։ Այդ դէպքէն ետք յարաբերութիւնները ալ աւելի լարուեցան եւ նախապէս քեմալականութիւնը փառաբանողները իսկ սկսան անոր ֆաշիստական յատկութեան մասին խօսիլ։ Այստեղ կրնանք դիտարկել ռազմա-աշխարհագրական գործօններու գաղափարախօսութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւնները։ Այս ժխտական մերցեցումները շարունակուեցան 1950-ականներուն եւս։
Ե.Տ.- 1950-ականներուն Խորհրդային միութեան ձեռնարկած հայրենադարձութեան քաղաքականութիւնը Թուրքիայէն կը դիտուէր, իբրեւ «Ստալին հայերը մէկտեղելով պիտի արշաւէ Կարսն ու Արտահանը» մտահոգութեամբ։ Իրաւացի՞ էր այս վախը։
Համաձայն եմ։ Ուսումնասիրած եմ Խորհրդային միութեան 1945-1953 թուականներու միջեւ Թուրքիայէն հողեր պահանջելու նիւթը։ Սա շատ անճարակօրէն գործադրուած քայլ մը եղած է։ Ստալինի եւ Կոմիւնիստ կուսակցութեան կարգ մը բարձրաստիճան գործիչներու մտայղացումն էր։ Արդիւնքին Թուրքիա ալ աւելի մերձեցաւ ԱՄՆ-ին։ 1950-1960 տարեթիւերուն Թուրքիոյ եւ Խորհրդային միութեան յարաբերութիւնները շատ վատ ընթացքի մէջ էին։ Ընդմիշտ իրար կը քննադատէին։ Խորհրդային միութիւնը սարսափով կը հետեւէր Թուրքիոյ մէջ ազգայնականութեան ծաւալումին։ Սակայն յաջորդող տարիներուն նիւթը աւելի ակադէմական մակարդակով ալ սկսաւ քննարկուիլ։ Բայց նորէն ալ քեմալիզմի վերաբերեալ գիտական ուսումնաիրութիւնները շատ նուազ են։ Միայն ատրպէյճանցի ուսումնասիրող մը կ՚աշխատի այս նիւթին վրայ։ Հիմա իմ գիրքի նպատակը քեմալականութեան համաշխարհային պատմութիւնը ուսումնասիրել է։ Մօտ օրերուս Ֆրանսայի մէջ ալ «Մերձաւոր արեւելքի եւ Պալգանեան երկիրներու քեմալիզմի ընկալումը» անուն գիրք մը լոյս պիտի տեսնէ։
Ես բացի Խորհրդային միութեան քեմալիզմը ընկալելու երեւոյթներէն, փոխանցեցի նաեւ քեմալիզմի պատմութիւնը։ Նիւթ ունեցայ 1920-1970 տարեթիւերը։ Հինգ բաժիններէ բաղկացող այս հատորին հինգ եւ վեցերորդ բաժիններուն մէջ բացի պատմութենէ, քեմալիզմի կերպարանափոխութիւնն ալ ուսումնասիրեցի։
Վ.Բ.-Իսկ ինչո՞ւ է յատկապէս 1920-1970 տարեշրջանի ընտրութիւնը։
Հետեւեալը կրնամ ըսել, 1980-ին զինուորական յեղափոխութենէ ետք ժողովուրդի վրայ գործադրուած քեմալիզմի ճնշումը բաւական տարբեր էր 1920-30-ական տարեթիւերու ընթացքին պարտադրուածէն։ 1980-1995 տարեթիւերու միջեւ Հանրապետական կուսակցութիւնը բաւական մաշած էր եւ քեմալական գաղափարախօսութիւնն ալ անստոյգ վիճակ մը կը պարզէր։ Ուրիշ ազդակ մըն ալ 1970-ական տարեթիւերէն ետք քեմալիզմի մասին ուսումնասիրութիւններու բացակայութիւնն է։ Կրնանք ըսել, որ այդ տարեթիւերուն վերջ գտած է Խորհրդային միութեան մէջ քեմալիզմի մասին ուսումնասիրութիւնները։ Թէեւ քեմալիզմի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը շարունակած էր վառ մնալ։ Իսկ արդէն 1990-ականներուն այլեւս Խորհրդային միութիւն մըն ալ գոյութիւն չունէր։ Այդ իսկ պատճառաւ որոշեցի գիրքը վերջաւորութեան բերել 1970-ին։
Վ.Բ.- Քիչ առաջ նշած էիք Ստալինին քեմալիզմը բնութագրելու նիւթը։ Ի՞նչ տեսակ կը բնութագրէ Ստալին։
«Շատ ուրախ ենք Թուրքիոյ մէջ գործադրուած յեղափոխութեան պատճառաւ։ Այս յեղափոխութիւնը իր աւարտին կը հասնի գիւղացիներուն ալ ներգրաւուելով»։ Այսինքն Ստալինի մերձեցումը Մարքսիստ- Լինինիստ բնոյթ ունի։ Անշուշտ ուշագրաւ է նաեւ 1920-ի Դեկտեմբերին Հայաստանէն հեռացած դաշնակցականներու քեմալիզմի հանդէպ մերձեցումը։ Ուշագրաւ թղթակցութիւններ կան, որոնք հասած են մինչեւ մեր օրերուն։ Երկու բարձրաստիճան դաշնակցական գործիչ որոնցմէ մէկը դաշնակցական կառավարութեան արտաքին գործոց նախարարը եղած է, երկու ամիս տեւողութեամբ կը թղթակցին իրարու հետ քննարկելով քեմալիզմի ապագան։ Անոնցմէ մէկը համոզուած է, որ քեմալականութիւնը կարճատեւ հոսանք մը ըլլալով պիտի մնայ, իսկ միւսը բոլորովին հակառակ կարծիք ունի։ Ան համոզուած է, թէ քեմալականութիւնը 50 տարիներու ընթացքին հասունացած գաղափարախօսութիւն մը ըլլալով պիտի յաղթանակէ։
Այս մեկնաբանութիւններն ալ տեղ գտան գիրքին մէջ։ Այսպէսով մենք կը տեսնենք ո՛չ միայն Խորհրդային միութեան կամ Ռուսիոյ դաշնութեան մերձեցումները, այլեւ հայ քաղաքական միտքի մեկնաբանութիւնները։
Ե.Տ.- Խորհրդային Ռուսաստան քեմալիզմը կ՚ուսումնասիրէ քաղաքական մերձեցումով։ Նոյն հոսանքը գաղափարական առումով ուսումնասիրողներ ալ եղա՞ծ են։
Մինչեւ 1926 կամ 1927 կը հանդիպինք աւելի գիտական վերլուծումներու։ 1890-ականներէն ի վեր Ռուսաստանի մէջ կար երկու գիտական կեդրոն՝ «Սենքդ Փեթերսպուրկ» եւ «Մոսկուա»։ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք բազմաթիւ գիտնականներ շարունակեցին իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ այսպէսով գոյատեւեց գիտական մերձեցումը։ 1926-ին այդ մերձեցումը փոխուեցաւ։ Մինչեւ այդ տարեթիւ նիւթը կը քննարկուէր գաղափարախօսութեան հիման վրայ։ Ապա ընթացքը փոխուեցաւ եւ խնդիրի քննարկման մէջ նոր ծանրութիւն ունեցաւ հակագաղութատիրական թերմինները։ Կը տեսնենք, թէ խորհրդային պատմաբանները քեմալիզմը կը դիտէին ընտրանիի մը գաղափարախօսութիւնը ըլլալով։ Հետեւաբար համոզուած էին, որ ան երկարատեւ պիտի չըլլայ։ Չէ՛ որ գիւղերը յետամնացութեան մէջ էին։ Ապա տեսանք, որ 1950-ականներուն յանկարծակի ոստում արձանագրեց պահպանողականութիւնը։ Նախ Դեմոկրատ կուսակցութեան, ապա Արդարութիւն կուսակցութեան վերելքով հասանք ազգային տեսութեան բարձրացման։
1920-ական տարեթիւերուն շատ հետաքրքրական երեւոյթ մը կը պարզուի եւ Խորհրդային միութիւնը քեմալիզմը օրինակ մը ըլլալով կը ներկայացնէ Չինաստանին։ Այստեղ տեղի կ՚ունենայ տարակարծութիւններ։ Թրոչքի եւ իր համախոհները կը պաշտպանեն քեմալականութեան Չինաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ ալ գործադրուիլը։ Ստալին համակարծիք չէ։ Ան քեմալիզմը կը դիտէ որպէս քաղքենիներու յեղափոխութիւն եւ կ՚ըսէ թէ հազիւ այդ գաղափարախօսութեան յաջողութիւնը տեսնելէ ետք կարելի է զայն այլ երկիրներու համար ալ օրակարգի բերել։ Ստիպուած էի գիրքը որոշ սահմանի մը մէջ համախմբելու, հետեւաբար կարգ մը նիւթերը պէտք եղածին չափ խորը չեմ կրցած ուսումնասիրել։ Յոյս ունիմ որ Ուրիշներ եւս կը շարունակեն այս նիւթը, քանի որ իմ գիրքը արդէն նման ներշնչումի մը պատճառ դառնալու կարողութիւն ունի։ Օրինակի համար գիրքիս մէջ ուսումնասիրեցի Հնդկաստանի մուսուլմաններու քեմալիզմի մերձեցումը։ Ամբողջ իսլամ աշխարհը տպաւորուած է քեմալիզմէն եւ ան կը դիտէ շատ դրական զարգացում մը ըլլալով։ Միայն Խորհրդային միութիւնն է, որ քննադատական մերձեցում կրցած է ունենալ եւ անոր ետին ալ անշուշտ կայ գաղափարախօսական գործօնը։
Վ.Բ.- Թուրքիոյ հասարակութեան մերօրեայ խնդիրներու պատճառը կը տեսնէք գաղափարախօսական գետնի վրայ։ Ուրեմն քեմալիզմը այդ խնդիրներու պատճա՞ռն է, թէ ոչ հետեւանքը։
Այստեղ նկատի ունենանք քեմալիզմի վեց սկզբունքները։ Իրականութեան մէջ անոնք սկզբունքէն աւելին կը խորհրդանշեն։ Նախ նշենք թրքութիւնը։ Այս մէկը հիմնական էր։ Վրայ հասան հանրապետականութիւնը, լաիքութիւնը, պետականութիւնը, ազգայնականութիւնը եւ յեղափոխականութիւնը։ Իսկ այժմ տեսնելով կատարուած փոփոխութիւնները կը նկատենք որ պահպանողականութիւնը, իսլամականութիւնը աւելի գերիշխող դերակատարութիւն ստանձնած են։ Անոնք են որ կը ձեւաւորեն քաղաքական դաշտը։ Ճիշդ է, որ պարտադրուած արդիաշունչ կենցաղը որոշ չափով խորթ թուացած է հասարակութեան։ Անոր հետեւանքով ալ Թուրքիա չէ կրցած ամբողջական զարգացում մը արձանագրել։ Հետեւաբար այսօրուայ Թուրքիոյ խնդիրները ընկալելու համար ստիպուած ենք շատ աւելի վաղ շրջանները՝ Համիտեան տարիները ուսումնասիրելու։ Արդարեւ նախագահ Էրտողան ալ իր հայեացքը ուղղած է անցեալին եւ կ՚ուզէ այդ անցեալը վերակենդանացնել։