Օրթագիւղի Լուսաւորիչ հիմնարկի յաջող նախաձեռնութիւնը

Օրթագիւղի Լու­­սա­­­ւորիչ հիմ­­նարկի հե­­տախու­­զա­­­կան խումբի նա­­խաձեռ­­նութեամբ 7-8 Դեկ­­տեմբեր թո­­ւական­­նե­­­րուն «Պիլ­­կի» հա­­մալ­­սա­­­րանի դահ­­լի­­­ճին մէջ կա­­յացաւ «Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թիւնը եւ հա­­յերը, մշա­­կոյթ եւ տնտե­­սու­­թիւն» խո­­րագ­­րեալ մի­­ջազ­­գա­­­յին բա­­նախօ­­սու­­թիւն մը։

Այս խիստ ու­­շագրաւ բա­­նախօ­­սու­­թեան բա­­ցու­­մը կա­­տարեց Թուրքիոյ հայ կա­­թողի­­կէ հա­­մայնքի վի­­ճակա­­ւոր Գե­­րապայ­­ծառ Լե­­ւոն Զե­­քիեան։

Գե­­րապայ­­ծառ սրբա­­զանը ող­­ջունեց ներ­­կա­­­ները եւ ապա հա­­մառօտ վեր­­յի­­­շումնե­­րով անդրադարձաւ ան­­ցեալին տե­­ղի ու­­նե­­­ցած նման բնոյ­­թի բա­­նախօ­­սու­­թիւննե­­րուն։ Ընդգծեց բա­­նախօ­­սութեան խո­­րագի­­րը եւ նշեց, որ տես­­նե­­­լով Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թիւն եւ հա­­յերը բա­­ցատ­­րութիւ­­նը, պէտք չէ կար­­ծել թէ ակ­­նարկո­­ւածը եր­­կու տար­­բեր կա­­ռոյցներ են։ Ար­­դա­­­րեւ հա­­յերը կայսրու­­թեան կա­­րեւո­­րագոյն բա­­ղադ­­րիչնե­­րէն եղած է։ Գե­­րապայ­­ծա­­­ռը նաեւ յայտնեց, որ բա­­նախօ­­սու­­թիւնը կը կա­­յանայ հայ կա­­թողի­­կէ հա­­մայնքի հո­­գեւոր նա­­խագա­­հու­­թեամբ։ Ան ապա խօս­­քը փո­­խան­­ցեց բաց­­ման զե­­կոյ­­ցի ատե­­նախօս պատ­­մա­­­բան Իլ­­պէր Օր­­թայլըին։ Օր­­թայլը անդրա­­դար­­ձաւ հռո­­մէական եւ պարսկա­­կան տա­­րած­­քի մէջ հա­­յերու դե­­րակա­­տարու­­թեան։ Կա­­րեւո­­րեց հա­­յերէն տա­­ռերու գիւ­­տը եւ այդ տա­­ռերու շնոր­­հիւ կա­­յացած գրա­­ւոր մշա­­կոյ­­թը։ Անուանի պատ­­մա­­­բանը ընդգծեց, թէ մաս­­նա­­­գէտ­­ներ տա­­կաւին շատ հե­­ռու են այս մեծ մշա­­կու­­թա­­­յին աւան­­դը ար­­ժա­­­նի կեր­­պով ու­­սումնա­­սիրե­­լէ։ Այստե­­ղի կա­­րեւոր բաց­­թո­­­ղումն է լե­­զուի նկատ­­մամբ տգի­­տու­­թիւնը։ «Նախ եւ առաջ Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան հիմ­­նա­­­կան տար­­րը հան­­դի­­­սացող թուրքեր պէտք է տի­­րապե­­տեն հա­­յերէ­­նի։ Այ­­սօր մենք հա­­յերէն աղ­­բիւրնե­­րը փո­­խանակ բնագ­­րէն սոր­­վե­­­լու, դա­­տապար­­տո­­­ւած ենք օտար լե­­զու­­նե­­­րու թարգմա­­նու­­թեան»։ Վեր­­ջա­­­պէս հան­­րա­­­ծանօթ պատ­­մա­­­բանը բո­­վան­­դա­­­կալից տե­­ղեկու­­թիւններ հա­­ղոր­­դեց նաեւ Մխի­­թարեան միաբա­­նու­­թեան հայ մշա­­կոյ­­թին բե­­րած նպաս­­տին։ Նշեց, որ յատ­­կա­­­պէս միաբա­­նու­­թեան Վիեն­­նա­­­կան ուխտը այդ քա­­ղաքին մէջ առա­­ջին տպա­­րանը հիմ­­նած է եւ բա­­ցի հա­­յերէ­­նէ տպած է նաեւ յու­­նա­­­տառ գիր­­քեր։ Իսկ Վե­­նետի­­կեան ուխտը հրա­­տարա­­կեց արա­­բատառ գիր­­քեր եւս։

8 Դեկ­­տեմբեր շա­­բաթ օրո­­ւան առա­­ջին զե­­կու­­ցողն էր «Շե­­հիր» հա­­մալ­­սա­­­րանի դա­­սախօս­­նե­­­րէն փրոֆ. Մեհ­­մետ Կենչ։ Ան անդրա­­դար­­ձաւ կայսրու­­թեան տնտե­­սական կեան­­քի մէջ հայ լու­­մա­­­յափոխ­­նե­­­րու դե­­րակա­­տարու­­թեան։ Այդ աս­­պա­­­րէզի ծագ­­ման, զար­­գացման եւ ապա հա­­մեմա­­տաբար ալ վե­­րաց­­ման երե­­ւոյթնե­­րու մա­­սին խիստ ու­­շագրաւ ման­­րա­­­մաս­­նութիւններ փո­­խան­­ցեց։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ բո­­լոր այդ գոր­­ծընթա­­ցը առնչո­­ւած էին երկրի ընդհա­­նուր քա­­ղաքա­­կան վե­­րիվայ­­րումնե­­րուն հետ։ Ատե­­նախօ­­սը նաեւ նշեց, թէ լու­­մա­­­յափոխ­­նե­­­րու իրենց ելք ու մուտքը ար­­ձա­­­նագ­­րած բազ­­մա­­­հարիւր տետ­­րակներ ի պահ դրո­­ւած են Օս­­մա­­­նեան ար­­խիւնե­­րու մէջ։ Այդ տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը նաեւ բազ­­մա­­­թիւ վկա­­յու­­թիւններ կը բե­­րեն տո­­ւեալ ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծի ըն­­կե­­­րային եւ քա­­ղաքա­­կան ան­­ցուդար­­ձե­­­րու մա­­սին ալ։

Շա­­բաթօ­­րեայ բա­­նախօ­­սու­­թեան երկրորդ ատե­­նախօսն էր Էտ­­մունտ Հեր­­զիք, որ ներ­­կա­­­յացուց «ԺԷ եւ ԺԸ դա­­րերուն Հնդկաս­­տա­­­նի մէջ հայ վա­­ճառա­­կան­­նե­­­րը» խո­­րագ­­րեալ զե­­կոյ­­ցը։

Ատե­­նախօ­­սը նախ­­քան Հնդկաս­­տա­­­նի, բա­­ւական բո­­վան­­դա­­­կալից տե­­ղեկու­­թիւններ փո­­խան­­ցեց Ջու­­ղա­­­յի հա­­յու­­թեան մա­­սին։ Նշեց անոնց Ապ­­պա­­­սեան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու հետ ու­­նե­­­ցած բա­­րեկա­­մու­­թիւնը։ Մա­­նաւանդ անդրա­­դար­­ձաւ Ջու­­ղա­­­յի խաչ­­քա­­­րերուն իրենց տե­­սակին մէջ եզա­­կի օրի­­նակ­­ներ ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ ատրպէյ­­ճանցի զի­­նուոր­­նե­­­րու կող­­մէ անխնայ կեր­­պով ջախ­­ջա­­­խուե­­լուն։ Հեր­­զիք ապա կեդ­­րո­­­նացաւ Հնդկաս­­տա­­­նի մէջ հայ վա­­ճարա­­կան­­նե­­­րու մի­­ջոցաւ գո­­յացած ըն­­կե­­­րամ­­շա­­­կու­­թա­­­յին մի­­ջավայ­­րին։ Նշեց հա­­յերէն առա­­ջին պար­­բե­­­րակա­­նի հրա­­տարա­­կու­­թեան ոդի­­սակա­­նը եւ ապա իր հա­­յեաց­­քը սե­­ւեռեց հե­­ռաւոր արե­­ւել­­քի մէջ հայ վա­­ճառա­­կան­­նե­­­րու գոր­­ծունէու­­թեան։

Իսկ պատ­­մա­­­բան Հա­­լիլ Պերքթայ հե­­քիաթա­­գիր Էօմէր Սէյ­­ֆետտի­­նի գրա­­կանու­­թե­­­նէն ընտրած օրի­­նակի մը լոյ­­սին տակ քննար­­կեց թուրք ազ­­գա­­­յին մտայ­­նութեան հա­­յատեաց մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րը։ Սէյ­­ֆետտին իր այս պատ­­մո­­­ւած­­քին մէջ հայ երի­­տասար­­դի մը կեր­­պա­­­րը օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լով ծի­­ծաղի նիւթ կը դարձնէ «օս­­մանցի» ըն­­կա­­­լու­­մը։ Կը մեր­­ժէ թուրքէ զատ տար­­րե­­­րու երկրի քա­­ղաքա­­ցին ըլ­­լա­­­լու վար­­կա­­­ծը։

Այս ան­­ջատ զե­­կոյցնե­­րէ ետք Պիւ­­լենթ Պիլ­­մեզ, Արուս Եու­­մուլ եւ Էլ­­չին Մա­­ճար կլոր սե­­ղանի դրու­­թեամբ վեր­­լուծու­­մը ըրին բա­­նախօ­­սու­­թիւննե­­րուն։ Արուս Եու­­մուլ հա­­մաշ­­խարհայ­­նա­­­ցում կո­չուած հաս­­կա­­­ցողութեան ԺԹ դա­­րուն ալ փոր­­ձո­­­ւած ըլ­­լա­­­լը եւ, թէ աջ եւ թէ ձախ գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թիւննե­­րու կող­­մէ հա­­լածո­­ւել­­ուն մա­­սին հե­­տաքրքրա­­կան ակ­­նարկ մը ներ­­կա­­­յացուց։ Այդ ժա­­մանակ ալ հա­­մաշ­­խարհայ­­նա­­­ցու­­մը դի­­տուած էր իբ­­րեւ գա­­ղու­­թա­­­տիրու­­թեան ծա­­ռայող ռազ­­մա­­­վարու­­թիւն մը ըլ­­լա­­­լով։ Եու­­մուլի ու­­շագրաւ հաս­­տա­­­տումնե­­րէն մէկն ալ հա­­մայ­­նա­­­վարա­­կան գա­­ղափար­­նե­­­րուն նախ եւ առաջ հա­­յերու, բուլղար­­նե­­­րու եւ մա­­քետո­­նացի­­ներու մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւելու առիթ գտնելն էր։ Ան նշեց, որ կո­­մու­­նիստա­­կանն մա­­նիֆես­­տը 1887-ին հա­­յերէ­­նի թարգմա­­նուած է, բայց հրա­­տարա­­կիչը խու­­սա­­­փած է զայն տպե­­լէ։ Ֆրե­­տերիխ Էն­­կելս իր յօ­­դուած­­նե­­­րէ մէ­­կուն մէջ նշած է այս մա­­սին։

Օրո­­ւայ ու­­շագրաւ ատե­­նախօս­­նե­­­րէն մէկն էր նաեւ Ռայ­­մոնտ Գէոր­­գեան, որ Թուրքիոյ մէջ ծա­­նօթ է «Իլե­­թիշիմ»ի մա­­տենա­­շարէն լոյս տե­­սած «Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը» եւ «Արաս»էն լոյս տե­­սած, Փոլ Փա­­պու­­չեանի հետ միաս­­նա­­­բար հե­­ղինա­­կած «Հա­­յերը» գիր­­քե­­­րով։ Գէոր­­գեան նիւթ առաւ հա­­յերու մա­­նաւանդ ԺԹ դա­­րու երկրորդ կէ­­սէն սկսեալ Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան տնտե­­սու­­թեան մէջ ու­­նե­­­ցած դե­­րակա­­տարու­­թիւնը։ Ան նշեց թէ հա­­յերու տնտե­­սական կեան­­քի մէջ ու­­նե­­­ցած ներդրու­­մը կեդ­­րո­­­նացած էր Պո­­լիս, Զմիւռնիա եւ Հա­­լէպի նման քա­­ղանե­­րուն մէջ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ